Եթէ մօտիկ ապագային պիտի գտնուին գրասէրներ կամ գրականագէտներ, որոնք պիտի ուզեն պտոյտ մը ընել Պոլսահայ գրականութեան մեր այս օրերու համայնապատկերին մէջ, անկասկած իրենց համար հետաքրքրական շատ նիւթ պիտի գտնեն ՄաքրուՀի Պ. Յակոբեանի այս գիրքի»ն մէջ, որ ի մի կը բերէ Իսթանպուլահայ ութ գրագէտներու հետ կատարուած երկարաշունչ ու բովանդակալից հարցագրոյցներ: Հեղինակը «Մեր գրականութեան երախտաւորները» կոչած է այս ութ անձերը, որոնք են, սկսելով ինձմէ` Ռ. Հատտէճեան, Վարդ Շիկահեր, Արամ Գամպուրեան, Կարպիս Մուրատեան, Իգնա Սարըասլան, Արման Վարդանեան, Զարեհ Խրախունի, Արայ Կարմիրեան: Իրաւ ալ երախտաւորներ են այս գրագէտները, որոնք Իսթանպուլահայ ժամանակակից հայատառ գրականութեան վերջին մոհիկանները կրնան նկատուիլ, եւ որոնք տակաւին իրենց մէջ յամառօրէն կ’ապրեցնեն փառաւոր անցեալէ մը յամեցող գրական պայծառ մթնոլորտ մը:
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, որ կանուխ շրջաններէ սկսեալ մօտէն ճանչած է այս գրագէտները եւ ուշի ուշով հետեւած է անոնց գրականութեան զանազան փուլերուն, գիտէ թէ ի՞նչ պիտի հարցնէ եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի հարցնէ անոնց` որպէսզի անոնք ալ ազատօրէն, համարձակօրէն եւ սրտաբացօրէն մերկացնեն իրենց մտային ու զգացական ներաշխարհը: Անկասկած իւրաքանչիւր գրագէտ ունի իւրայատուկ զգայնութիւն եւ անցեալ, ունի կեանքի անցուդարձերուն նայելու ուրոյն եղանակ, ունի ուրիշներու հետ ապրուած յարաբերութիւններու երկարաշունչ պատմութիւն, իւրաքանչիւր գրագէտ կուգայ անցեալի փառքերով ու բարքերով սնած ընտանիքէ մը եւ այդ կերպով իրեն հետ կ’ապրեցնէ նաեւ ո՛չ միայն այդ ընտանիքին պատմութիւնը, այլ նաեւ այդ ընտանիքին ճիւղաւորումները, եւ այն աշխարհագրութիւնը` որուն մէջ ապրած է այդ ընտանիքը:
Եւ ահաւասիկ ութ գրագէտներ, որոնք այս գիրքին մէջ իրարու կը միանան, հակաոակ որ ունին մէկզմէկէ այնքան տարբեր խառնուածք, հակառակ որ ունին գրական իրարմէ այնքան տարբեր ճաշակներ, հակառակ որ ունին իրենց ուրոյն աշխարհահայեացքը: Անոնք հոս, այս գիրքին էջերուն մէջ շատ բան պատմութեան կը յանձնեն, բայց կասկած չկայ որ անոնք այս բոլորին մասին երբեք պիտի չմտածէին խօսիլ, եթէ ՄաքրուՀի Պ. Յակոբեան անոնց չուղղէր իր հարցումները: Այս տեսակէտով անվարան կարելի է ըսել որ ՄաքրուՀի Պ. Յակոբեան գրականագիտութեան ու ազգագրութեան մարզերէ ներս անգին ծառայութիւն մը մատուցած է պարզապէս այս հեղինակները իւօսեցնելով: Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ արդէն թէ` իւրաքանչիւր հարցազրոյց կրնար դառնալ անջատ հատոր մը: Բայց աւելի լաւ էր որ անոնք իրարու հետ մէկտեղուէին միակ հատորի մը մէջ, որպէսզի ընթերցողը, մէկ հեղինակէն անցնելով դէպի միւս հեղինակը, անդրադառնար թէ նիւթերու ու ճաշակներու, նախասիրութիւններու ու անցեալի վերյիշումներու ի՜նչ հարուստ ժառանգութիւն մը տակաւին կը շարունակեն ապրեցնել այս գրագէտները: Եւ ընտրուած այս անձերէն ամէն մէկը, պատասխանելով Մաքրուհիին հետաքրքրական ու խուզարկու հարցումներուն, չէ անդրադարձած թերեւս թէ` այղ պատասխաններով, նաեւ անոնց ընկերացող շատ թանկագին ու պատմական լուսանկարներով, տուեալներու ինչ հարուստ պաշար մը կը փոխանցէր ապագայ ուսումնասէրներուն:
Այս հարցազրոյցները որոնք նախապէս հրատարակուեցան «Մարմարա» օրաթերթին մէջ, աւելի վերջ ճոխացան յաւելուածական նոր մասերով եւ նոր լուսանկարներով:
Հայ գրականութեան այս երախտաւորներր, որոնք ընտրուած են ՄաքրուՀի Պ. Յակոբեանի կողմէ, իրենց կարգին երախտապարտ են ՄաքրուՀի Պ. Յակոբեանին, որ զիրենք մղած է «խօսելու»: Ասիկա գրաւոր խօսք է, եւ գիտենք թէ մինչ բերանացի խօսքը կը թռի ու կ’անհետանայ օդին մէջ, գրաւոր խօսքը կը մնայ եւ մեր այսօրուան կեանքէն բաներ մը կը փոխադրէ դէպի ապագայ:
Կ’արժէր որ մէկն ալ հարցազրոյց մը ընէր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին հետ, որպէս իններորդ երախտաւոր, քանի որ ան ալ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին շնչեց լիաթոք` մեր գիր ու գրականութեամբ, խանդավառութեամբ ապրեցաւ մեր գրականութեան հետ, ջերմօրէն հաւատարիմ մնալով մեր Մեծասքանչին, եւ մասնայատուկ վաստակ մը շահեցնելով մեր գրական անդաստանին: Բայց կրնանք նաեւ մտածել որ Մաքրուհին ալ իր կարգին, իր ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն արդէն անգիտակցաբար շատ բան կը յուշէ իր իսկ կեանքէն, մտածումներէն, դիտարկումներէն եւ ապրումներէն: