ՏԷՐ-ԶՕՐ
Օ՛հ, անկենդան անապատ,
փշածաղիկ անգամ չկայ.
Անծայրածիր, օդազուրկ, անաւերակ, աներակ:
Աւազները փափուկ-փափուկ, կարծր են միայն
ձեռքիդ հանգչող բեկոր-բեկոր ոսկորները.
դեղնաթոր վկայ սպանդի, սեւ յուշակոթող.
Մորենի կարմիր: Անկե՛զ մորենի:
Ամէն կողմ վախճան չի կրնար ըլլալ,
փրկութեան կողմը ո՛րն է:
Հետս բերի ողջակիզուած աղջիկներուն ճիչերը,
ծնած օրէս` կʼայրէին թուղթէ տրցակներու նման.
Անարեւ արեւը բոցի փէշեր փռած է հոս,
Խեղդած է խելագարած շուքերուն վերջին շունչը:
Պատառոտուած մահուան պահեր – աս որքա՛ն
լուսանկար –
Աչքերը բաց քաղաքներ, կեանքի կնիքը` փակուած.
Յուշալիրին ապակեդարաններու
մէջ ապրող աճիւններ
կը համբուրեն քեզ, կը ցաւին որ այցելեցիր,
Իրար փակած աչքերու հոյլ` գիշերները
դեռ վախուորած որբերու:
Փրկութիւնը`
խունկէ վերադարձն է զմրուխտ ուխտին:
Վճիտ կապոյտ Եփրատի եզրին – ե՞րբ փոխեց գոյնը –
Սոնիան, Րաֆֆին ու ես սուրճ կը խմենք:
Կամրջակէն պատանիներ գետ կը նետուին
ուրախ-զուարթ կը լողան:
Մենք անդադար կը խօսինք որովհետեւ կը վախնանք
մեզ պաշարած ուրուականներէն,
անոնց բիւրեղեայ թարթիչներէն.
Ձկնափուշերէն մեր պնակներուն մէջ փռուած:
Պատմութիւնը կաղն ի կաղ
դուրս ելած է այս գեհենէն,
շտկած է կռնակը, Կանթեղը բռնած`
աշխարհ շրջելով
իր համայնական կեանքը կը պահանջէ:
Վերապրողները գտած են փրկութեան ճամբան
քալած են ճահիճներու եւ ծիածաններու ընդմեջէն:
Բարձրացած են աստիճանէն անդունդի մէջ
խարսխուած:
Մենք հին բառերը մոռցած չենք,
Նոր բառեր գրկած
կը բարձրանանք միեւնոյն աստիճանէն,
կը բարձրանանք, անվերջօրէն,
որովհետեւ կը հաւատանք որ սերած ենք
աստղերեն, աստղերե՜ն:
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Հիւղակ մը կար ծայրը դաշտին
պատանեկիկ մը դալկահար
հրեշտակներու ձայնով երգեց
ու հիւղակը դարձաւ պալատ
Հողը երկինքը բարձրացուց
արեւը վա՛ր ղրկեց առուն
զեփիւռներու ձայնով երգեց
նաւակը կոյս դարձաւ ասուպ
Մոլորակի մէջ` մոլորակ
թաւուտներու մէջ հեզ եղնիկ
ծաղիկներու ձայնով երգեց
ամպերուն մէջ մտաւ յուշիկ
Պատանեկիկ մը կար հրաշք
բառի թրթիռ սիրոյ աւիշ
Աստուածային ձայնով երգեց
ու աշխարհը դարձաւ ուրի՜շ
ՄՕՐՍ ՀՈԳԻՆ
Կապոյտ ամպերու թափանցիկ բացատէն
Մանիշակագոյն ծաղիկներու հետ
Կու գայ մայրս խաղաղութեան ցոլքերով:
Ճիւղին վրայ նստած է առաւօտը
Ծղրիթը իր զլարկուն ձայնը կը դադրեցնէ
Բոլոր ձայներուն կʼըսեմ որ դուրսը սպասեն:
Տան խոշոր բանալին չկայ ձեռքերուն մէջ,
Խոհանոցէն կանցնի առանց դեղատուփը բանալու,
Կը խուսափի ննջարանէն, նստասենեակն էինք
Երբ փոքրիկ հայելիէն մեր հին դղեակը յայտնուեցաւ:
Յուշերու օղակը
կը խեղդէ կոկորդս.
Չզղջացի՞ր, կʼըսեմ,
Փորձեցի ապրիլ ձեզի համար, շա՜տ տկարացաւ սիրտս
կը մրմնջէ առանց ինծի նայելու.
Բայց ես հիմա Հօրս քովն եմ, ձեզի հո՛ն կը սպասեմ,
կʼըսէ մեղմօրէն աչքերուս նայելով:
Ուրախութեան լուսեղէն գաւաթէն
Ներկան կը խմեմ ումպ առ ումպ.
Ինքը դարձեալ` կապոյտ միրաժ կը դառնայ
անժամանակութեան մէջ:
Ինչո՞ւ մայրս պիտի նորէն արթննայ
Աշխարհը խելակորոյս անկումներու մէջ է,
Աստղեր չկան աւետիսի զանգակներ բերելու,
Տառապեալները շատ են, աղօթողները` քիչ.
Կը վախնամ որ մօրս հոգին ճշմարտապէս հանգիստ չէ:
Ի՜նչ երազներով ձեզի մեծցուցի, կʼըսէ.
Կանգնած է ամպերուն վրայ, կը բարձրացնէ ձեռքը
ուր կայ մեր տան բանալին,
Մայրս խաչի նման տարածած է բոլոր թեւերը
Որ փարատէ գիշերուան հրերախ ծուխը
Եւ իր զաւակները նստեցնէ Աստուծոյ եւ իր միջեւ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Է՜, Հայ Ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,
պիտի շուարի, պիտի տուայտի:
Տունէն վտարուած` անկիւն մը ճարէ
տան մնացողին հաց ապահովէ,
պիտի աղօտի, աղօթէ պիտի,
պիտի վայէ, պիտի թաղէ,
արիանայ ու բարիանայ:
Շողշողայ պիտի, դողդղայ պիտի,
պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ.
պիտի չաղաչէ, այլ` աղաղակէ:
Ցեղասպանութիւն բառն ուրացողը
դատի դուռ կանչէ,
պիտի տպէ, պիտի տփէ,
պատիժ սահմանելը` ուրիշ պետութեանց
կշիռքին յանձնէ:
Պիտի զննէ, քննէ ու քննարկէ,
ամէն բան պակա՛ս պիտի գտնէ:
Պիտի դիմէ, պիտի հիմնէ,
նախ հակաճառէ, ապա մեծարէ:
Պիտի անրջէ, պիտի կամրջէ,
Հողը պաշտէ, ծո՛վ երազէ:
Մշակոյթը եռայ-չեռայ` պիտի վառէ,
ապագան միշտ ասկէ տարբե՛ր պիտի տեսնէ:
Պիտի խրի ներկային մէջ, պիտի հարբի անցեալով,
Պիտի այրի ներկային մէջ ու զովանայ ապագայով:
Որուն որ յաւատաց` պիտի չյաւատայ,
տաքէն պաղ ու պաղէն գաղջ` ճարտարօրէն երթայ-գայ:
Անցեր է բիւր գեհեններէ, եդեմին երեսը տեսած չէ,
Նոյեան Տապանի փոխան` տապանաքար նկարած է:
Խաչքարերը` բազմատանջ խօսուն առաքեալներ
Տեղափոխած Սփիւռք` Յուշն արթուն են պահեր:
Դեռ պիտի ցանէ, պիտի ձգէ, արմատները հետը քաշէ,
ապակեդրոն արտերկրի մէջ`
կեդրոն դպրոց եկեղեցի պիտի կանգնէ:
Պիտի Սփիւռքէ, պիտի Հայաստանէ, պիտի Արցախէ,
Ի՛նչ որ իյնայ իր հոգիին` պիտի պաշտէ,
Ինչ որ անցնի իր ուղեղէն` պիտի մաղէ՜:
Մէկ բան սակայն անկարելի պիտի ըլլայ –
Ընթեռնելի՛ պիտի չըլլայ:
ՊՍԱԿ ԵՌԱՀԻՒՍ
Արեւը` անանկիւն ամրաբերդ,
Բնութեան հետ բերկրանքի բոյրեր,
Գուսան գետը գլգլալէն
Դաշտի դալարը կը դարպասեր:
Երկնաձիգ երազի երամներ,
Զուարթունք` զարթնող զմայլանք,
Է՜ր երբեմն, էութիւն բարեբեր
Ըղձանքի ընծայման ըմպանակ:
Թոթով թուղթերուն թաթախուած
Ժամերը ժրաջան ու ժլատ.
Իրա՞ւ է իրիկունը չիջած
Լիարծաթ լուսինը լրացաւ:
Խնկալի խորանի խորհուրդին,
Ծնծղագին Ծնունդին` ծնրադիր,
Կամարնե՜ր կը կապուին ու կուռքեր
Հեռացած, հրկիզուած հոգիներ:
Ձեռակերտ կանթեղ` ձմեռուայ անձէթ,
Ղենջակին մօր` մատաղ գառնուկի մղձուկ.
Ճանաչման ճրա՛գն է ճանապարհը նեղ,
Մատեանը` մասունք, ու մատուռը` դուռ:
Յիսո՜ւս, յարութեան յենարան,
Նկանակ ու նուռ ու նկարչածին,
Շա՞տ էր շատրուանը որ յուշեց
Ոչինչը, ոչինչէն, ոչինչին:
Չարչարանք: Չքացած չարխափան:
Պրկուած պարաններու պոռթկում,
Ջրամոյն ջրանոյշներու ջերմանաւ,
Ռեհանին հեռացնոր` բուրվառում:
Սա՛ռն է սարը, սառն չէ սիրտը,
Վեհանոյշ է վիշտն ու վէրքը,
Տաք է տունը, եւ տունկն է տաք, անտա՛ռ կենաց,
Րոպեն սակայն գոռգոռաց եւ Երկիրը երերաց:
Ցորեններու ցոլցլուն դէմքեր, հացի ամպեր մթնաճեմ,
Ուրուակա՞ն է աւերակի սեւերուն:
Փողոցներէն օտարափառ եւ հայրենի ափերէն
Քա՜ղցր է մեր սէրն այս քնքշագին գիրերուն:
Օրհնեալները օղակ-օղակ հո՛ղ կʼօծեն,
Ֆոսֆորի ֆոնը չ՛այրիր արեւէն: