ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ – 90

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻԶարեհ Ստեփանի Խրախունի
(Ճյումպյուշեան Արթո)
Պարզ ինքնակենսագրութիւն մը

Իմ կենսագրութիւնը շատ պարզ է: Կարելի է զայն մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփել: Եթէ անկարեւոր մանրամասնութիւններ մէկդի դնենք, այսինքն, օրինակ` նկատի չառնենք, որ ծնած եմ Եչիլգիւղի մէջ, Հոկտեմբերի 16, 1926-ին, մկրտուած եմ եւ Ս. Միւռոն ստացած տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցիի ավազանին մէջ, ուսումս սկսած եմ դարձեալ գիւղիս Գափամաճեան վարժարանէն, յետոյ շարունակած` Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան լիսէին մէջ, զոր պատուոյ ցանկին վրայ 1945-ին աւարտել ու տարի մը իրաւաբանութեան եւ իրավունքի հետեւելէ ետք, անցած եմ Գրականութեան եւ արուեստի բաժանմունքի` փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան բաժինը, ուրկ` չորս տարիէն վկայուած եւ 1951 առաջին անգամ գացած եմ Փարիզ քիչ մը եւս խորանալու համար գեղարուեստի եւ մշակույթի պատմութեան անյատակ հորին մէջ, առանց անշուշտ խեղդուելու, որմէ ետք զինուորական ծառայութիւնս կատարելու առթիւ անօրինակ դէպքի մը «հերոս» հանդիսացած եմ` Պահեստի սպայից վարժարանէն առաջնութեան մրցանակով դուրս գալով… ու յետոյ հինգ տարի ալ «Կեդրոնական»-ին մէջ ուսուցչութիւն ըրած եմ յաջողելով առաւելապէս հասցնել երիտասարդ բանաստեղծներ եւ գրողներ, քան թէ` ապագայի մեծ նուիրատուներ… Տարիներ վերջ ամուսնացած եմ «Էական»-ի մէջ ինծի աշակերտած Մարլէնին հետ, եւ ունեցած անուշիկ ու խելացի զաւակներ` աղջիկ մը եւ մանչ մը, որոնք, շատ մը իրենց նմաններուն պէս, դէպի Արեւմուտքի լուսատու ոստանները մեկնած են…
Ի՛նչ խօսք` լոյսը միշտ կախարդիչ եղած է ամէնուս համար: Ուսուցչական ասպարէզիս մէջ ալ շարունակած եմ լուսավաճառութեամբ զբաղիլ, ո՛չ թէ վերացականին, այլ իրականին հետ` առուծախելով գեղարուեստական որակ ունեցող ջահերի լամբաներ եւ առհասարակ հնարժէք առարկաներ:
Ահաւասիկ, եթէ այս բոլոր մանրամասները խոշոր փակագծի մը մէջ բանտարկենք եւ ժամանցումի ենթարկուած աւելորդ գոյքերու տոպրակի մը պէս մէկ կողմ դնենք, անդին կը մնայ միայն մէկ պարբերութիւն, որ կը խտացնէ իմ ամբողջ կեանքս, բո՛ւն կեանքս:
Բոլոր հատորներուս վերջին էջերուն վրայ տպուած նախորդ գրքերուս եւ աշխատասիրութիւններուս ցանկը իմ հարազատ կենսագրութիւնս է:

«ԻՆՆ ՀԱՏ ՄՈՄ» ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆՈՒ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՈՒԱՅ ԱՌԹԻՒ

Հոկտեմբերի 16-ին լրանում է պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունու ծննդեան 90 տարին: Ցաւօք, շուրջ մէկ տարի է բանաստեղծը մեզ հետ չէ, թէեւ առանց իրեն էլ կÿուզէինք «տօնազանգեր» հնչեցնել:
Հարուստ ու նշանակալից է Զ. Խրախունու ստեղծագործական հունձքը:
Նրա հրատարակած բանաստեղծական ժողովածուներից շատերը արդիւնք են ժողովրդի եւ իր սեփական կենսափորձի տեղաշարժերի, գեղարուեստական նոր իմաստաւորման. մի դէպքում դրանք ազատութեան, պատմութեան տրամաբանութիւնն են վեր հանում, միւս պարագային բանաստեղծի փիլիսոփայական խոհի արտայայտութիւններ են: Խօսքը վերաբերում է «Քար կաթիլներ» ¥1964¤, «Ես եւ ուրիշներ» ¥1964¤, «Ստուեր եւ արձագանգ» (1988), «Ազատերգութիւն» ¥1991¤, «Սրտի խօսք» ¥1996¤, «Դարապատում» ¥2001¤, «Յոբելենական» ¥2002¤, «Մեսրոպատօն» ¥2005¤, «Հարցարան» ¥2007¤ եւ տասնեակ այլ գրքերի:
Զ. Խրախունու քերթողական համակարգում գաղափարը տեղ հասցնելու փնտռուած միջոցը՝ ձեւը, «առարկաների խորհրդանիշերն» են, ինչի արդիւնքում նրա բերած գրական նորայայտ շարժումը ստացաւ «առարկայական խորհրդանշապաշտութիւն» (symbolismeobjectif) անունը: Ճշմարտութեան հատիկ կայ դատողութեան մէջ, թէ նման հնարանքի պոլսահայ բանաստեղծը դիմում է միջավայրի թելադրութեամբ, բայց նոյնքան եւ աւելի ճշմարիտ է այն, որ այդպիսի հարուստ խաղարկումի հեղինակը գնում է ոչ այնքան միջավայրի գործօնի, որքան ֆրանսիական եւ առհասարակ 20-րդ դարի բանաստեղծական նորագոյն հոսանքների թելադրութեամբ, կամքի եւ ազատութեան փիլիսոփայութեան համակարգուած իւրացումի ճանապարհով: Այստեղ արդէն որոշիչը արուեստագէտի ներքին ազատութեան խնդիրն է, որ զերծ է արտաքին հանգամանքներից:
Այս օրերին տօնում ենք անկախ Հայաստանի 25-ամեայ յոբելեանը: Անվերապահօրէն կարող ենք ասել, որ Զ. Խրախունին այդ անկախութեան ու ազատութեան երգիչն է: Այս առումով ուշագրաւ է «Այս ծառը սուրբ» բանաստեղծութիւնը՝ գրուած 1991-ի աշնանը, որտեղ բանաստեղծի միտքը սահում անցնում է զուտ տարածքային ըմբռնումից, վերաճում Հայրենիք-Սփյուռք միասնութեան պատգամի, հասնում ներքնապէս ազատագրման խորհրդին, որն աւելի բարձր արժէք ունի.
Ծառ տնկեցէք եղբայրներ// կաղնի սօսի եղեւնի// Պարտէզին մէջ – դաշտերուն// Լերան վրայ – ժայռերուն// քարքարուտին ապառաժին // Ձեր թաղարին սովորական // կամ սեղանին ամենօրեայ //………..//Ծառ տնկեցէք – ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման:
Զ. Խրախունին դարձաւ նոր առարկայական շարժման առաջնորդը՝ իրագործելով երիտասարդական շրջանի իր իսկ պատգամ-յորդորը, թէ «Չի բաւեր անցք մը բանալ ու յառաջանալ. երբեմն պէտք է կանգ առնել, տեսնել մեկնակէտը, նշան դնել ու գամել ցուցատախտակ մը, որ ետեւէն եկողներուն ըսէ լռելեայն. «Այս ալ ճամբայ մըն է, ասկէ ալ կրնաք անցնիլ…»:
Նա մեր գրականութիւնը էպիքական նոր հանգրուանի հասցրեց: Այդ ճանապարհի սկզբում այն տարակուսանքը, թէ «շատ դժուար էր արժէքաւոր գործ մը ստեղծել՝ տակաւին թարմ յիշատակներ ունեցող տիտան գրողներու շուքին տակ»…
Կամ՝
Ի՞նչ կը շինեմ – արձա՞ն մÿարդեօք ապագայի սերունդներէն պաշտուած // Քանդա՞կ մը նուրբ յոյսի լոյսի տաճարներու ճակատին//Խաչքա՞ր մը սուրբ հայրենական աւանդներուն կոթողուած // Թէ՞ քար մը պարզ // Քառակուսի սրբատաշ // Ճամբու եզրին խոտերուն մէջ մոռցուած
…այլեւս հեղինակի համար հեռաւոր մտահոգութիւն է: Նա անցել է ի՛ր՝ զուտ խրախունիական ճանապարհը, որն արժանի է անվերապահ յարգանքի ու գնահատանքի:
Շնորհաւոր ծնունդդ, Վարպե՛տ:

Քնարիկ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Մայրիկիս յիշատակին

Ես կÿուզէի
Ինն հատ մոմ
ամէն մէկը տասնամեակի փոխարէն
իւրաքանչիւրն համազօր
ամբողջ կեանքի մÿապրուած-
Ինն հատ մոմ – ատոնցմէ
մէկը ըլլար բարիքներուն համար բոլոր
զոր ան մեզի արքայաբար շռայլեց
միւսն՝ այն ամէն պարզ ու քաղցր բաներուն
զոր չկրցանք, չխորհեցանք տալ անոր
մէկն՝ այն բոլոր դառն ու դիպուկ խօսքերուն
զոր ան թէպէտ պարտաւոր էր մեզի ըսել – բայց չըսաւ
միւսն՝ այն ամէն խորուվճիտ բառերուն
զոր կÿուզէինք ըսել իրեն-գուցէ առիթ
չգտանք…
մէկը բոլոր ըրածներուն կամ կամովին
չըրածներուն համար ըլլար
մեր առօրեայ եւ ապագայ երջանկութեան
ու հանգիստին ի խնդիր
միւսն ըլլար այն ամէնուն տեղ՝ զոր մենք
թէեւ փափաքեցանք,
մտածեցինք, ծրագրեցինք իր մասին
բայց անկարող եղանք ընել – թերեւս
ատեն չունեցանք…
մէկը ըլլար զիջողութեան զոհողութեան
եւ տեւական ու անտրտունջ
համակերպման համար լոկ
միւսը միայն զրկանքներուն համար ըլլար-
փոքր, աննշան, աննշմար
զոր տարիներ մենք շարունակ
պարտադրեցինք ակամայ
եւ վերջինը՝ այդ բոլորին – այս ամէնուն – դիմաց բնաւ
չափսոսալուն համար ըլլար – միշտ
անտրտում ժպտերես
ընդունելուն ճակատաբաց ամէն ինչ
ու ներելուն՝ կեանքին, մարդոց
առածներուն տարածներուն
եւ սիրելուն կեանքն ու մարդիկն
առանց երբեք
սպասելու փոխարէն…

Ինն հատ մոմ
ամէն մէկը տասնամեակ
եւ կամ կեանք մը բովանդակ
Ես կÿուզէի տարեդարձի կարկանդակի
վրայ շարել
Վառել մէկ մէկ, յետոյ իրեն մատուցանել
որ մէկ շունչով զանոնք մարէ –

Սակայն հիւր մը – հրաւիրեալ մշտակայ
սրաթռիչ թեւաւոր –
որ ժամանակ ժամադրութիւն ինչ է
ինչ չէ – չի գիտեր
Առաջ անցաւ ու փոխանակ մոմերուն
ամպափետուր թեւին ծայրով
Շունչը մարեց ու գնաց…:
8.8.1993
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։