15 տարեկան
«Հայ միտքի դպրոց»
հայագիտական կեդրոնի սան, Վաղարշապատ
ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԸՆԿՈՅԶՆԵՐԸ
Արդէն տասնհինգ աւր էր՝ կը շարունակուէր պատերազմը։ Հայերը կատաղի դիմադրութիւն կը ցուցաբերէին հայրենի հողը պաշտանելուն համար, իսկ անաւրէն թշնամիին քայլերուն պատճառով ձեւաւորուած սփիւքը դարձեալ անդուլ կերպով կը պահանջէր արդարութիւն։ Հայաստանին մէջ ալ մեծէն պզտիկ կը ձգտին գոնէ չնչին աւգնութիւն մը ղրկել մեր զինվորներուն. պատկերասփիւռը յայտնած էր, որ մեր բանակը աւգնութեան կարիք ունի, եւ իւրաքանչիւրը կրնայ իւր նպաստը բերել մեր յաղթանակին։
Սա յայտարարութիւնը ունկնդրած էր նաեւ փոքրամարմին, խելացի ու ճարպիկ տղայ մը, որուն անունը Վահէ էր, մականունը՝ Յովհաննիսեան։ Հաւանաբար, իր անունին համաձայն, կը սերէր վեհ ու լաւագոյն ազգէն։ Վահէ, երբ լսեց լուրը, վազեց իր մաւրը քով։
– Մայրի՛կ, զինուորները ունին մեր աւգնութեան կարիքը, այնպէս է, չէ՞։
– Այո՛, որդի՛ս, իրաւ այնպէս է։
– Մայրի՛կ, ես արդէն շատոնց մեծ եմ, չէ՞, արդէն դպրոց կ’երթամ, արդէն կը սորվիմ հայերէն տառերը։
– Իհարկէ, զաւա՛կս, դուն ես գալիք սերունդը հնադարեան մեր ազգին, դուն ես անոր շարունակութիւնը, դուն աւր մը պիտի կանգնիս քու եղբայրներուդ քով, եւ մեր փոքրիկ աշխարհին անդորրը պիտի հաստատես ու պահպանես զայն։
– Մայրի՛կ, ես շատ կ’ուզեմ աւգնել, կրնա՞նք վաճառել իմ խաղալիքներս, այլեւս պիտի չխաղամ ադոնցմով,- յանկարծահաս միտքէն ոգեւորուած խնդրեց մաւրը։
Մայրը համաձայնութիւն տուաւ, սակայն խաղալիք մը չգտան վաճառելու յարմար։ Վահէի դէմքը մթագնեցաւ, սիրտը լցուեցաւ տխրութեամբ, յուզմունքը սիրտէն աչքերը բարձրացաւ։ Ադ պահուն աչքը դիպաւ անկիւնը դրուած մոմլաթէ տոպրակին, ուրախութեան ճիչ մը արձակեց, ամուր գրկեց մաւրը եւ քաղցր համբոյր մը դրոշմեց անոր այտին։ Մոմլաթին մէջ ընկոյզներ էին, իր մեծ հայրը ղրկած էր գիւղէն։ Եւ թոյլտուութիւն առնելով ծնողքէն՝ տունէն դուրս վազեց՝ ընկոյզները վաճառելու։
Դրացիները մեկզմեկու ժպիտով կը պատմեն պզտիկ Վահէին յուզիչ ու անկրկնելի պատմութիւնը։ Կը հպարտանան, որ այդպիսի տղամարդ կը մեծնայ իրենց քով, հոգոց կը հանեն, որ պատերազմը միշտ ալ կը գողնայ տղոց մանկութիւնը, կըսեն. «Աւրհնուի մեր Վահէն, թող որ ասկէ վերջ միայն խաղաղութիւն ըլլայ, մեր որդիքը ողջ-առողջ իրենց տուները դառնան… Աս ինչ սեւ եկաւ մեր գլխուն…»,- եւ թեւերը ծունկներուն կը զարնեն։
Իսկ մեր հերոսը, իրեն ծանաւթ գիրերով գրութիւն մը պատրաստած, նստած էր փողոցին անկիւնը եւ իր նուիրական գործով արդէն գրաւեր էր անցորդներու ուշադրութիւնը։ Փոքրիկ տախտակը կ’ազդարարէր. «Փրկիչ ընկոյզներ։ Ամէն ընկոյզ փամփուշտ մըն է»։ Սա գրութիւնը սիրոյ եւ ջերմութեան փամփուշտի մը պէս դիպաւ ամէն անցորդի սիրտին։ Հատ առ հատ վաճառեց Վահէն ընկոյզները։ Թե կը պատահէր, որ գումարը տալէն ետք չէին վերցներ ընկոյզները, Վահէն կը վազէր ետեւներէն, կը խնդրէր, որ վերցնէին, չնսեմացնէին իր գործը, ամէն գործ արդար ըլլալու է։ Սակայն կախարդական եղեր էին ընկոյզները, անսպառ էին։ Սա պատմութեան յուզիչ ալիքները հասած էին մեր աշխարհին ամէն անկիւնը, եւ ամէն տեղէ ընկոյզներ ճամբուեր էին դէպի Վահէն…
Փոքրիկ Վահէն իւր նախաձեռնութեան շնորհիւ մեծ գումար մը փոխանցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ։ Իրաւ թե իւրաքանչիւր երազանք շաւշափելի իրականութիւն կըլլայ, եթե նախ՝ նպատակ դարձնես զայն, ապա՝ դէպի նպատակդ քալելէն միշտ յիշես, որ դուն կրնաս հասնել անոր…