«Արեւմտահայերէն Հեքիաթներ» Շաքէ Մանկասարեանի Նոր Հատորը
Ամէն առիթով եւ համեստաբար յիշած եմ, թէ հայ գիրքի մը նոր ներկայութիւնը, կամ ծնունդը, զիս միշտ վերապրեցուցած է: Թէ՛ գրողն ու իր գրիչը, եւ թէ՛ իր նորատիպ հատորը, միշտ խանդավառութեամբ եւ ջերմ գնահատանքով դիմաւորած եմ: Ուղղակի հայասիրտ տրոփում: Արթուն եւ կենդանի: Կը սիրեմ խանդավառուիլ հայ գիրքի արժէքով, մանաւանդ, երբ ան կը նպաստէ հայ գրականութեան եւ յատկապէս արեւմտահայ գրականութեան բարգաւաճման եւ ճոխացման: Տեսակ մը ազգային երազանքներու […]