«Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Հե­քիաթ­ներ» Շա­քէ Ման­կա­սա­րեա­նի Նոր Հա­տո­րը

Ա­մէն ա­ռի­թով եւ հա­մես­տա­բար յի­շած եմ, թէ հայ գիր­քի մը նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը, կամ ծնուն­դը, զիս միշտ վե­րապ­րե­ցու­ցած է: Թէ՛ գրողն ու իր գրի­չը, եւ թէ՛ իր նո­րա­տիպ հա­տո­րը, միշտ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ ջերմ գնա­հա­տան­քով դի­մա­ւո­րած եմ: Ուղ­ղա­կի հա­յա­սիրտ տրո­փում: Ար­թուն եւ կեն­դա­նի: Կը սի­րեմ խան­դա­վա­ռո­ւիլ հայ գիր­քի ար­ժէ­քով, մա­նա­ւանդ, երբ ան կը նպաս­տէ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան բար­գա­ւաճ­ման եւ ճո­խաց­ման: Տե­սակ մը ազ­գա­յին ե­րա­զանք­նե­րու ո­րոշ ի­րա­կա­նա­ցում: Ո­րով­հե­տեւ, միշտ աչ­քիս ու մտքիս ա­ռաջ պար­զած ու նկա­տի ու­նե­ցած եմ հա­յոց լե­զուն, հայ ու­սու­ցի­չը, հայ Ս­փիւռքն ու իր գրա­կա­նու­թիւ­նը, ու մա­նա­ւանդ՝ հայ գիր­քը կար­դա­լու մե­ծե­րուս օ­րի­նա­կե­լի հա­ճոյ­քը: Միշտ այս­պէս կ­՚ար­տա­յայ­տո­ւիմ, ո­րով­հե­տեւ տե­սա­նե­լի է, թէ ինչ­պէս մեր լե­զո­ւի հրա­պոյրն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը, այ­լեւս շատ քի­չե­րը գի­տեն: Ժա­մա­նակ­նե­րը գե­րա­զան­ցա­պէս նիւ­թա­կա­նա­ցած են: Նիւ­թա­կա­նա­ցած են ա­նոնց բո­լոր ար­ժե­ւո­րում­ներն ու չա­փա­նիշ­նե­րը: Յա­ճախ պէտք է յի­շեց­նել, ու նոյն­քան ալ ար­ձա­գան­գել, թէ մեր մայ­րե­նի լե­զուն մեր գո­յու­թեան մե­ծա­գոյն կռո­ւանն է: Այս բո­լո­րը ու­զե­ցի յի­շել, ո­րով­հե­տեւ օ­րեր ա­ռաջ, դար­ձեալ Ե­րե­ւա­նէն ստա­ցայ սփիւռ­քեան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հան­րա­ծա­նօթ եւ ազ­գա­յին դէմք՝ Շա­քէ Ման­կա­սա­րեա­նէն, իր նոր հրա­տա­րա­կած «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Հե­քիաթ­ներ» խո­րագ­րով հա­տո­րը: Նախ պար­զեմ, որ Շա­քէ Ման­կա­սա­րեան, առ­ցանց Radio Ayk-ի հիմ­նա­դիրն ու հա­ղոր­դա­վա­րը, մտա­ծող միտք մը ըլ­լա­լով, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով լոյս տե­սած հե­քիաթ­նե­րը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քով, մեր առ­ջեւ կը բա­նայ նոր դուռ մը, նոր պատ­կեր­նե­րով ճամ­բայ մը, որ ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծուած գե­ղե­ցիկ հե­քիաթ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մը: Եւ ա­հա իր ա­ռա­ջին «նո­ւէ­րը» մեր բո­լո­րի գրա­դա­րան­նե­րուն: Նո­րու­թիւն մը՝ մեծ ու փոքր ըն­թեր­ցա­սէր հա­յուն գրա­սե­ղա­նին հրամ­ցո­ւած: Ա­յո՛, իր տե­սա­կին մէջ ար­դի, յղաց­ման իր նո­րու­թեամբ, լե­զո­ւա­կան ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ եւ նրբու­թեամբ:
Ման­կա­սա­րեան կը հա­ւա­տայ հայ կեան­քի, մա­նա­ւանդ նոր սե­րուն­դի մտքի ար­գա­սա­ւոր­ման ար­դիա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, որ­պէս­զի հայ մտքի եր­թը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը: Գու­շակ ըլ­լա­լու կա­րիք չկայ: Ան նաեւ պաշ­տա­մունք ու­նի մայ­րե­նիին նկատ­մամբ: Ու­նի նաեւ ար­դար գի­տակ­ցու­թիւ­նը իր պար­տա­կա­նու­թեան, ազ­գա­յին իր աշ­խա­տան­քին եւ դե­րին: Մէկ խօս­քով, իր մօտ առ­կայ է հա­յու ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հայ գի­րի եւ խօս­քի: Պայ­ծառ հայ մշակ մը: Մէ­կը, ո­րուն մօտ ե­րա­զը եւ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը սահ­ման­ներ չու­նին: Հո­գիով գե­րա­զան­ցօ­րէն հայ, որ իր այս հա­տո­րով նոր աշ­խարհ մը կը բա­նայ, մեր եւ նոր սե­րուն­դին դի­մաց, իր ծա­ռա­յո­ղա­կան ժա­ռան­գա­կան նկա­րա­գ­րո­վը: Իր տե­սա­կին մէջ իւ­րա­յա­տուկ եւ ան­նա­խըն­թաց այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ան­կաս­կած պի­տի ու­նե­նայ իր դրա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Ս­փիւռ­քը ու­նի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը հե­տապն­դե­լու իր հայ զաւ­կին հա­յադ­րոշմ դաս­տիա­րա­կու­թեան, որ­քան ալ գո­յու­թիւն ու­նե­նայ պար­տադ­րան­քը օ­տար լե­զո­ւի եւ օ­տար բար­քե­րու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու:
Նաեւ կը հա­ւա­տամ, որ թարգ­մա­նա­կան աշ­խար­հը տար­բեր ո­լորտ մը ըլ­լա­լով, Շա­քէ Ման­կա­սա­րեան բծախնդ­րօ­րէն մօ­տե­նա­լով այս ճիւ­ղին, փոր­ձած է ա­րե­ւե­լա­հայ նիւ­թը հա­րա­զատ պա­հե­լով հան­դերձ, մա­քուր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով զայն յանձ­նել մե­զի՝ նոր եւ հին սե­րուն­դի ու­ղեղ­նե­րուս:
Սա­կայն ի՞նչ է հե­քիաթ ը­սո­ւա­ծը: Հե­քիա­թը կարճ պատ­մու­թիւն մըն է: Ա­նոր հե­ղի­նա­կը ինք՝ ժո­ղո­վուրդն է։ Ան է, որ զայն ստեղ­ծած է, ինչ­պէս ա­ռաս­պել­ներն ու ա­ռած­նե­րը: Ա­նոր հա­մար հե­քիա­թին մէջ կ­՚ար­տա­ցո­լայ նոյն այդ իր ժո­ղո­վուր­դին պատ­կե­րա­ւոր կեան­քը, մարդ­կա­յին ձգտում­նե­րով ա­գու­ցո­ւած:
Հե­քիա­թը նաեւ մաս կը կազ­մէ ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան: Մէկ խօս­քով բա­նա­ւոր պատ­մո­ւածք, կա­խար­դա­կան, ար­կա­ծա­յին եւ կեն­ցա­ղա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ո­րուն հե­րոս­ներն ու դէպ­քե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են չա­փա­զան­ցո­ւած ձե­ւով, յա­ճախ ալ ի­րա­կանն ու ե­րե­ւա­կա­յա­կա­նը ի­րար խառ­նո­ւած: Եւ յի­շեմ նաեւ, որ իւ­րա­քան­չիւր տա­րա­ծաշր­ջան ու­նե­ցած է իր հե­քիաթ­նե­րը, ո­րոնք հա­ճախ նոյն հե­քիաթ­նե­րու տե­ղա­յին տար­բե­րակ­ներն ալ են: Նաեւ կրնանք ա­ւելց­նել, թէ այս եւ նման հե­քիա­թա­գիր­քե­րը գե­ղե­ցիկ կա­պեր են մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ, տե­սակ մը ա­մուր պա­հո­ւած ա­ւան­դա­կան օ­ղակ­ներ, ո­րոնք կը նպաս­տեն նաեւ մեր հա­ւա­քա­կան գո­յու­թեան:
Իսկ գա­լով «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Հե­քիաթ­ներ» այս հա­տո­րին պէտք է ը­սել, որ շնոր­հա­պարտ աշ­խա­տանք մըն է հրամ­ցո­ւած մեր բո­լո­րին: Ու չմոռ­նանք, որ բո­լորս ալ ման­կու­թե­նէ կու գանք: Ու գիր­քի մը նոր լոյս ըն­ծա­յու­մը ա­նի­մաստ պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ չմտա­ծո­ւի զայն ըն­թեր­ցո­ղին յանձ­նե­լու ե­ղա­նա­կի մա­սին: Յի­շենք, որ ըն­թեր­ցող­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, կը վնա­սէ գիր­քի տա­րած­ման։ Այս մէ­կուն գլխա­ւոր բա­ժի­նը կ­՚իյ­նայ հայ վար­ժա­րան­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու հայ ծնող­նե­րուն վրայ:
Ա­հա ի՞նչ է գիր­քը, եւ ո՞վ է ա­նոր հե­ղի­նա­կը: Իսկ հի­մա մեր այս նոր հե­քիա­թա­գիր­քը, որ բա­ցաւ մտա­ծու­մի նոր ա­կօս­ներ եւ ո­րուն հա­մար ին­ծի հետ միա­տեղ մտա­ծե­լու եւ խորհր­դա­ծե­լու կը հրա­ւի­րեմ նաեւ  ըն­թեր­ցողն ալ։ Հե­քիա­թա­գիր­քը լոյս տե­սած է Ե­րե­ւա­նի «Ան­տա­րես» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն: Իր 104 է­ջե­րու մէջ բո­վան­դա­կած է 18 հայ եւ օ­տար հե­քիա­թա­գիր­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Հա­տո­րը, իբ­րեւ գե­ղե­ցիկ ու տպա­ւո­րիչ վկա­յու­թիւն­ներ ու­նի նաեւ «Եր­կու Խօսք» Գէորգ Պե­տի­կեա­նի եւ Եզ­նիկ Փա­լի­կի գրիչ­նե­րէն, ո­րոնք կու գան հաս­տա­տե­լու, թէ Ման­կա­սա­րեա­նի հայ միտքն ու ջի­ղը լծո­ւած կը մնան տե­ւա­կան ստեղ­ծու­մի մի ժա­մա­նակ ջեր­մաց­նե­լու հա­մար սփիւռ­քեան մեր գրա­կա­նու­թեան մթնո­լոր­տը:  Հոն կար­գով Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծո­ւած են Յ. Թու­մա­նեա­նի հէ­քիաթ­նե­րը եւ շարք մը Սու­րէն Քո­չա­րեա­նի ժո­ղո­վա­ծո­ւէն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Նաեւ ա­ռանց ա­ւե­լորդ զար­դա­րան­քի տե­սա­նե­լի է, պարզ եւ ի­րա­պաշտ ոճ մը, մեղմ եւ քաղցր, օժ­տո­ւած մա­քուր եւ բո­լո­րին հա­սա­նե­լի, հասկ­նա­լի ու հա­ճե­լի լե­զո­ւով եւ յա­ճախ ալ նկա­րա­զարդ է­ջե­րով:
Հա­տո­րը նաեւ եւ ան­կաս­կած մաս կը կազ­մէ հայ ա­շա­կեր­տի միտ­քը մշա­կե­լու եւ ա­նոր դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նե­լու ծրագ­րին: Է­ջե­րը պատ­մու­թեան կող­քին կը կա­պեն քեզ, կեան­քը ջեր­մաց­նող ա­ռողջ տո­ղե­րով: Տե­սակ մը բոյ­րով հա­րուստ ար­ձակ, ո­րուն շնոր­հիւ ըն­թե­ցո­ղը հա­ղոր­դա­կից կը դառ­նայ նիւ­թին: Ներ­դաշ­նա­կու­թիւն, փափ­կու­թիւն եւ քնքուշ զգայ­նու­թիւն: Յատ­կու­թիւն մը, որ հաս­տա­տօ­րէն կ­՚ազ­նո­ւաց­նէ փոք­րիկ ըն­թեր­ցո­ղը: Ձե­ւի ինք­նա­տիպ գե­ղեց­կու­թիւն: Մէկ խօս­քով իւ­րա­քան­չիւր պատ­մ­ուածք իր հմայքն ու սրտի ուղ­ղո­ւած խօսքն ու պատ­գա­մը ու­նի: Հա­տո­րէն կրնանք նաեւ հե­տեւց­նել, թէ Ման­կա­սա­րեան չի հա­ւա­տար, որ մեր սփիւռ­քեան ի­մա­ցա­կան ա­ւի­շի հոս­քը ցամ­քած է: Ա­հա իր ա­ռա­ջին «գոր­ծը»: Տե­սա­նե­լի է, թէ ինչ­պէս իր մօտ հայ միտքն ու ջի­ղը լծո­ւած մնա­ցած են տե­ւա­կան ստեղ­ծու­մի: Ըն­թեր­ցո­ղը վստա­հա­բար եւ ան­կաս­կած, հա­ճոյ­քով պի­տի ըմ­բոշխ­նէ սոյն նոր հա­տո­րը:
Արդ, գրիչդ դա­լար, սի­րե­լի՛ Շա­քէ Ման­կա­սա­րեան: Մաղ­թանքս է միշտ շա­րու­նա­կես գրել:
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րուս կող­քին նաեւ ստեղ­ծա­գործ միտքդ ու գրիչդ՝ դա­լար:
Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։