ՄՈՒՇԵՂ ԳԱԼՇՈՅԵԱՆԻՆ
Ուրուատեսիլ պիտի ըլլար
անտառներուն մթնակոխ
Պարանոցէն վեր՝ մինչեւ ծառերը
ծեր զարթնէին,
Մարմանդ կրակը արդէն՝ խօլ
ցնծուհի ցատկռտէր:
Գոմերուն մէջ Սասունի՝
մատակները անհամար
Պիտի երկունք կերտէին:
Լաւաշը տաք հացի պէս
Պիտի հանգչէր ափերուն շինականին,
որ այդտեղ
Թաւ պեխերը ոլորած՝ հրացանին հնամաշ
Եղնիկի եւ երինջի պատմութիւնը
կը պատմէր
Ոսկի գլուխը դրած
ցրտամրմուռ դարպասին:
Պիտի Սասունը ծլնգա՜ր,
պիտի ծափ տար ծիրանին,
Ու գիշեր մը վերջապէս՝
գաղտագողի, շնչահատ
Պիտի Աստուած ծունկի՛ գար:
Ի՜նչ պատմութիւն հայեցի, մեր տանջանքները երկար
Ակնթարթի քմայքով իրենց
հոգին աւանդեն,
Կրկին կրկին ծնելու,
քառապատիկ զօրաւոր
Որ անգամ մը ե՛ւս մենք նահատակի արեան պէս շնչենք
Խեղդուիլ մերժելով, եւ թողելով որ վայրը իր նորեկ սուգը վառէ:
Ձայնաքաղն այս ապաժամ՝
մեր արահետը կ’օծէ՞
Որ շշուկիս շոյանքով
տատասկները ծռէին,
Ճամբայ ես չեմ որոներ Նիւ Եորքէն
մինչեւ Երեւան
Որովհետեւ արդէն չկայ
տարածութիւն կոչուած փոշին
Երբ հայերէնները արեւմտեան,
արեւելեան,
Կը վերածուին անցնդական մարմիններու
Իրենց ձեռքին՝ սարսափելի
սաղմնահանը հայ հոգիի:
Ուղեմուտիդ զուգերգեցին Հոռովելն
ու Անտունին,
Ի՜նչ կեանքերէ վաղնջական՝ մերթ մոլեգին
Մերթ ծփաթեւ յաւերժացան:
Թող քեզ գրկէ ծիսարանը Սուրբ Մաշտոցի,
Երկինքդ ջինջ՝ լաւաշի պէս բուրէ վրադ,
Եւ ոսկեհեր գլխուդ ուր սեւազգեստ
պատմութիւններ ապրեցան
Դիցեղեգներ հով երերեն.
Անկարութի՜ւն, լոկ նկատեն
այս պահպանիչ
Գիրիդ նշխար:
Ալ չեմ հարցներ
Գարնան դարձեալ պիտի ծաղկի՞
ծիրանին:
Սասնոյ լանջին ձիւնը նիրհեց
թեւատարած:
ԱՄՆ