Բազմաթիւ գիրքերու և բազմահարիւր յօդուածներու հեղինակ, յաճախ գիտական, Ալբերտ Օհանեան ծնած և նախապէս սովորած է Թիֆլիսի մէջ, թեկնածուական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է Երևանի Պետ. Համալսարանի մէջ, ուր անոր գիտական ղեկավարները եղած են Պարոյր Սևակն ու ակադեմիկոս Էդվարդ Ջրբաշեանը, և երկար տասնամեակներ ապրած, աշխատած և ստեղծագործած է Մոսկուայի մէջ: Բայց ուր ալ ըլլայ՝ ան միշտ հաւատարիմ մնացած է իր խորապէս մարդկային ու հայկական նկարագրին: Աւելի հաստատուեցանք այս կարծիքին մէջ, երբ օրերս կարդացինք անոր վերոյիշեալ գիրքը տպուած Երևանի մէջ 2014 թ.: Երգիծագիր Օհանեան մեզի կը ներկայացնէ «Խորամանկ Արշակի արկածները», աշխատանքի դաշտ ունենալով Թիֆլիսը, Մոսկուան ու Երևանը: Երգիծելը ծաղրել չէ: Ահա թե ինչու Օհանեան կը երգիծաբանէ, բայց ոչ թէ ծաղրելու կամ ծիծաղի ալիքներ բարձրացնելու համար, այլ վերլուծելու համար մարդոց նկարագիրը, ներաշխարհէն եկող բոլոր դրական ու ժխտական դրսևորումները: Հեղինակը պախարակիչ ելոյթներ չէ որ կունենայ տուեալ երևոյթներու հասցէին: Կուտայ կեանքը եղածին պէս՝ լայն բանալով վարագոյրները մարդկային կեանքին երգիծագիրի մը ճարտարութեամբ:
Վիպային ըլլալով վէպ մը չէ այս գիրքը, այլ պատմուածքներու հատոր մը՝ խորապէս գրական: 244 էջերու վրայ տարածուող այս հատորէն ծնունդ կ’առնէն 21 պատմուածք, միշտ նոյն հերոսին՝ Արշակին խորամանկութիւնները ներկայացնող: Հեղինակը կրցած է իր հերոսը ներկայացնել անոր պատանեկութենէն մինչև 60.ին հասնող կեանքը, որ եթէ յաճախ ընթերցողէն կը խլէ խնդուք, աչքերէն արցունք խլելու աստիճան, մերթ ալ կը զարմացնէ ընթերցողը՝ դատապարտելու համար Արշակի գործունէութեան պախարակելի ընթացքը:
Ալբերտ Օհանեան խորապէս կը ճանչնայ Թիֆլիսը, երբ կը ներկայացնէ մեզի այդ քաղաքին բնակիչները անոնց առօրեայ կեանքով, սովորոյթներով, խրախճանքներով, ըսիըսաւներով, աւազակներով: Չի բաւեր այդքանը, երբ յանկարծ կը տեսնենք թէ թիֆլիսցին, ան հայ ըլլայ թէ վրացի, ունի մտային լայն պաշար ու կրնայ խօսիլ համաշխարհային արժէք ներկայացնող գրագէտներու մասին:
Արշակը միշտ ճարպիկ է, մարդերը խորունկէն ճանչցող, ահա թէ ինչու կրնայ անկարելին դարձնել կարելի իր խոտոր գործունէութեամբ: Ան միշտ կը յաջողի, մերթ ալ յանկարծ այլ խորամանկէ մը կը խաբուի՝ ինք ևս զարմանալով թէ ինչպէ՞ս լարուած ծուղակի մը մէջ ինկաւ:
Պատմուածքներու այս ժողովածուն ունի յառաջաբան, զոր ստորագրած է «Ոզնի» պարբերականի խմբագիր, երջանկայիշատակ Արամայիս Սահակեանը: Երբ Արամայիսը իր զարմացած ըլլալը կը յայտնէ Օհանեանի մշակած ա՜յս գրական սեռին նկատմամբ, ո՞ւր կը մնայ սովորական ընթերցողին պարագան, որուն զարմանքը կրնայ բազմապատկուիլ կարդալով զորօրինակ «Ուրիշի բլիթն ամենաքաղցրն է» պատմուածքը և ասոր հետևող տասնեակ մը պատմուածքները: Ասոնց շարունակութիւնը եղող պատմուածքներուն մէջ կարծեք Արշակը անպայման ներկայութիւն ըլլալու է հեղինակին պնդումովը, մինչ սկիզբը՝ Արշակ ինքն է: Այսինքն՝ գործողութիւնները իր հնարքին արդիւնքն են:
Արշակ կենսասէր մարդ է: Հաճոյքը տարօրէն սիրող մը: Սէրը ապրող մը: Սիրոյ պահերը ստեղծող, որուն ոմանք ուրիշ անուն մը կը յատկացնէն՝ կնամոլ: Այն աստիճան, որ կարծես Արշակը շրջապատած ըլլայ իրենպէսներով: Տեղ-տեղ կարծէք Արշակը՝ ինք հեղինակը եղած ըլլայ, իր մարդկային կեանքը ներկայացնելու վարպետութեամբը… Արամայիս Սահակեան Ալբերտ Օհանեանը կոչած է «Մոսկուայի մեր Ձենով Օհանը»: Ճիշտ բնորոշում: Մենք Մոսկուայի մէջ շա՜տ ունեցած ենք Ձենով Օհաններ և այսօր ալ շատերու պէտք ունինք, որոնցմէ մէկն ալ ժամանակին Յակոբ Սալախեանն էր: Մեր ձայնը այս մայրաքաղաքէն միշտ աւելի լսելի եղած է: Այսօր Ալբերտ Օհանեան ռուս գրական շրջանակներու մէջ նկատելի, վաստակեալ անուն մըն է, որ ահա հայերէնով ևս կը հնչէ՝ երգիծական գրուածքներու այս հատորով:
Եվ իր ձայնը լսելի ձայն մըն է: