Այդ օրը Հայրս լացաւ.
բոլոր տարուած ու պարտեալ կռիւներուն
բոլոր պոռթկումներուն ու բոլոր ցաւին համար
հայրս լացաւ
լացաւ գաղափարին համար, որ սուրբ էր,
մեր տան շէմէն կախուած աղօթքի պէս.
ծուխերու մէջ հին օրերու գոլորշին
ու պատկերները, որ կը հրահրեն
իր բառը եւ իր կենսագրութիւնը:
Գաղափարը սրբութիւն է, ընկերներ,
Հէ՜յ, ձեզի կըսեմ,
ճակատիս վրայ
բոլոր համարձակութիւններս կը տանիմ
ես ինձմէ հեռու,
մտածելու համար, որ ես գաղափարին
առջեւ ընդամէնը անուն իսկ չեմ:
Բանաստեղծութիւնը ապահով տեղ է, ըսին
ես բարձս շալկած հոն գնացի.
միայն կիպրասիներ տեսայ,
տեսայ թունաւոր դէմքեր,
տեսայ ոխ, տեսայ արցունք ու հեռացայ:
տեսայ Յիսուսի նկարը,
որ սկիզբէն
հանգուցուած էր գաղափարին:
Գաղափար էր Յիսուս,
ու անոր միւռոնը սուրբ էր,
անոր գինին արիւն էր.
ժամանակները կը փոխուին,
օրերը սակայն չեն թմրիր աչքերուս,
բոլոր նուաստները կը սողան,
պատառ մը պաշտօնի համար,
իսկ ես
հերոսին կենացը կը խմեմ,
նստած Պէյրութի սրտին
ընկերներուս կը պատմեմ
Ժիրայրին մասին
Վարդաշէնին բանտէն նոր ազատած.
գաղափարը նոյնն է
գետինը բոլոր մոխրաման է, բանաստեղծ
մոխիր յանկարծ գետին չիյնայ
………
հայրս լացաւ այդ օր
կարուած գաղափարին համար,
որ նշխար էր մեր տան դիմաց
յանուն ինչի լացաւ…
Շուշանեանը կը ժպտայ երեսիս,
բոլորը կը խօսին,
բոլորը հերետիկոս կը հռչակէին զիս,
բոլոր-բոլորը գրող ընկերներս չկան…
լուռ են, գինով են բոլորը…
պատշգամէն լոյսի ցայտ մը կը սպասեն…
այս գիշերը վերջ մը չունի…
Գաղափարին շապիկը հանեցին ոսկորներէս,
խեցի եմ առանց պատեանի,
մաշկս կը ցաւի,
աստղ չեմ որ մարի լոյսս:
. վերարկուն թէժ օրերու համար պահած եմ.
գիրն է գաղափարը,
կը բնակիմ անոր մէջ,
ապահով տուն է որով…
…
բայց հօրս լացը, կատաղի լացը կը մնայ,
խղճի օղակներուս մէջ,
յօդերուս մէջ,
աղիս ու գինիիս,
սպասումներուս, անէծքիս մէջ,
թոյնիս ու լուտանքներուս…
Վարդաշէն չկայ մեզի համար
մենք բանտէն դուրս ենք.
խիղճն ու գաղափարը անմահ են….
առանց վայրի, առանց ոխի
անվերջ անսահման են.
խիղճը եւ գաղափարը
վերարկուիս վրայ
կանաչ վերարկուիս: