Պերճուհի ԱՎԵՏԵԱՆ / Ինչպես դարձա ՀԳՄ անդամ

Գրելը մասնագիտութիւն չէր ինծի համար, ոչ ալ պարտադիր աշխատանք… այլ անծանօթ մղում աստիճանաբար արմատացող եւ գոհունակութիւն պարգեւող:
Սուրիահայ գրական շրջանակին մէջ, հայերէն լեզուով «գրիչ շարժողներ»ս մասամբ ծանօթ էինք ընթերցողներուն, բայց չունէինք պաշտօնական պատկանելիութիւն, թէեւ պետական մակարդակով «Արաբ գրողներու միութիւն» կար: Բերիոյ Հայոց Թեմի մտաւորական Առաջնորդ Շահան Սարգիսեան Սրբազանն էր, որ համախմբեց մեզ «Սուրիահայ Գրողներու համախմբում» անուանումով: Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Սրբազանի ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ մեր հանդիպումներու գործնական արգասիքը եղաւ «Երթ» տարեգրքերու շարքը, ուր լոյս կը տեսնէին համախմբումի անդամ գրողներու գրութիւնները:
Ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդաժողովներ, 2006-ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառի նախաձեռնութեամբ, ապա 2010-ին՝ ՀԳՄ հրաւէրով «Հայ Գրողների Համահայկական V Համաժողով»ը:
Անթիլիասի Խորհրդաժողովը պատեհ առիթ էր ՀԳ Միութեան անդամ հայրենի գրողներու հետ ծանօթութիւններ հաստատելու: Իսկ հայրենի բնութեան ծոցին ծուարած Ծաղկաձորի Գրողների Միութեան հանգստեան գողտրիկ տան մէջ, տեղի ունեցող Համաժողովի ընթացքին ՀԳՄ նախագահ՝ լուսահոգի Լևոն Անանյանը, որպէս խրախուսիչ մօտեցում առիթ ընծայեց համաժողովի մասնակից սփիւռքահայ գրողներուն անդամ դառնալ ՀՀ Գրողներու Միութեան: Համաժողովի աւարտին Գրողներու Տան շէնքը այցելելով գրանցուեցանք եւ դարձանք անդամ «Հայաստան Գրողների Միութեան»: Ինչպիսի անակնկալ էր.. մեր գրականութեան տիտաններու կողքին անդամ դառնալը, մանաւանդ պաշտօնական պատկանելիութիւն ունենալը:
Այս մէկը շնորհուած անդամակցութիւն էր թէ՞ վաստակած, մտածեցի երբ իմացայ, որ գրողներու միութեան անդամ դառնալը իր պայմաններ ունէր ու այնքան ալ հեշտ չէր: 2012 թուականին Գրողներու Միութեան Տան կլոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երթ Զ.» տարեգիրքի շնորհանդէսը, Միութեան նախագահ Լևոն Անանյանի գլխաւորութեամբ: Դժբախտաբար «Երթ» տարեգրքի շարքը Զ. հրատարակութեամբ կանգ առաւ: Սուրիոյ դռները թակած էր «Արաբական Գարուն» պիտակուած շարժումը ու… Գարուն, Ամառ, Աշուն, Ձմեռ թաւալեցան ու պոչ պոչի բռնած տարիները 2011 էն ետք յաջորդեցին իրարու: Շատ-շատեր ռումբերու ու պայթումներու սարսափէն ահաբեկուած, յուսալքուած գաղթեցին այլ երկիրներ, բարւոք ապրելակերպի որոնման յոյսով:
Հարկ կա՞յ խոստովանիլ որ ես սիրահարուած էի հայրենիքիս, այն նշխարի չափ փոքրիկ ու սուրբ հողակտորին, մշակոյթին, պայծառ եղանակին հորիզոնի վրայ հպարտօրէն գլուխը ցցած Արարատ-Մասիսին… ներկայ ու պատմական Հայաստանին:
Ու շատ-շատերու գաղթը ինծի համար պիտի դառնար ՆԵՐԳԱՂԹ:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։