«Մայիս է – գարուն է …» / Զահրատ

ԶԱՐՄԱՆԱՀՐԱՇ
Օր կ’ըլլայ
Ես եւ ինքս ձեռք ձեռքի
Անօրինակ փնտռտուքի մը կ’ելլենք –
Ու ծալքերուն մէջ էութեանս անպարփակ
Ինքնութիւնս կը պեղենք
Միօրինակ տարազներու
յաճախանքէն ձանձրացած
Օր մ’ալ մենք
Բազմերեսակ ինքնութիւնս ճանչնալ
կ’ուզենք մարդկօրէն
Դիւրին չէ –
Անջրպետին մէջ մոլորակ քարկոծելու չի նմանիր –
Ինքնութիւնս այնքան խոր է – այնքան խիտ
Որ ձեր գիտցած տիեզերքին
սահմաններէն կը յորդի –
– Երկինքն ի վեր դուք ի վերջոյ
քանի՞ հատ աստղ կը համրէք –
Մինչ եթէ
Երբ օր ըլլայ ու – դուք ձեզի –
ձեր ինքնութիւնը պեղէք
Ի՜նչքան արեւ կը գտնէք հոն –
քանի քանի տիեզերք –
Չէ՛ք գիտեր ինչ հարուստ էք
Ես եւ ինքս եւ դուք եկէք – ձեռք ձեռքի –
Մեր էութեան խառնարանին մէջ անծիր
Զարմանահրաշ փնտռտուքի մը ելլենք
«Բարի երկինք», 1971
ՔԱՐ
Ա.
Քարը – որուն վրայ կը կոխէք կ’անցնիք
Քարը – որուն վրայ կը թքնէք
Քարը
զոր կը նետէք իրարու գլխուն
լուտանքի տեղ
անէծքի պէս
Այդ քարը կ’առնեմ գուրգուրանքով
սենեակս կը տանիմ –
կը ծնրադրեմ առջին
ու կ’աղօթեմ
Բ.
Քար – իմս – իմ քարս – քար
սրտիս – քար երեւակայութիւններուս
քար – անկարելին – քար – անդրդուելին –
քար – իմս – իմ բաժինս – քար
Գ.
Կոխեցէք քարերուն վրայէն անցէք
Քարերուն վրայէն քարէ քար ցատկեցէք
Դիտեմ կարաւանները կենսուրախ
Դիտեմ կարաւանը հաստատաքայլ
եւ – սպասեմ հոս անվաղորդայն
քարացած – ես
Անցէք բարեկամներ կոխոտելով անցէք
Ես ինքս քար – քար
Դ.
Ու քարերն ինչ են որ ձեզի համար
Դուք կը նետէք զանոնք
Ես կը հաւաքեմ
Ե.
Կ’աղօթեմ
Կը ծնրադրեմ առավին
Այդ քարը զոր կ’առնեմ գուրգուրանքով
Քար
որ անէծքի պէս
լուտանքի տեղ
կը նետէք իրարու գլխուն
Քարը – որուն վրայ կը թքնէք
Քարը – որուն վրայ կը կոխէք կ’անցնիք
Քար – իմս – իմ քարս – քար
«Բարի երկինք», 1971
ՄԷԳԵՐ
Ե.
Բացառիկ գարուն մը պիտի գայ նուէր
եւ անբախտ երգ մը
զոր ինձմէ զատ ոչ ոք գիտէ
պիտի կորսուի օդին մէջ
Պիտի նայիս ծառերուն որոնք
օր մըն ալ վարդագոյն ծաղիկներ կը բանան
ու պիտի ափսոսաս թէ տարիներն անցան
առանց պարտէզի տան մը մէջ
Ծովը պիտի մնայ հեռուն
ու կարօտի աղը պիտի նստի աչքերուդ
Պիտի չնայիս ինծի –
Երկու անծանօթ թռչուն
պիտի խրտչին մեր ոտնաձայնէն
ԺԹ
Քանի որ ծառը ծառ չէր
ոչ ալ ծառաստանը ծառաստան
Տօնը տեւեց մինչեւ արեւամուտ
ու մենք ճամբայ ինկանք
դէպի տարբեր անդեր
Պիտի արեւներ ուզէք նուիրել մեզի
եւ տերեւները
ծառեր պիտի փնտռեն թառելու համար
Յանկարծ ձայն մը
– այսէր այսքան
– ցրուեցէք մինչեւ գալ ամառ
«Մաղ մը ջուր», 1995
ՑՈՒԼԱՄԱՐՏ
Արենային աւազը
պիտի ծծէ արիւնդ
ու հոնկէ ուրկէ ներս մտար
հպարտ – ինքնավստահ –
հիմա քաշկռտելէն
պիտի դիակդ դուրս հանեն
Ցուլ – բանաստեղծղ ցուլ –
– ցուլը արենային –
ուր նիզակով դաշոյնով կը սպասեն
քեզ զգետնելու համար
յանուն արուեստի –
մի վրդովիր – պահէ վեհութիւնդ –
ու Մայիս տասը – չէ՞ որ ցուլի ծնունդ ես –
խիզախօրէն կանգնէ
քերթուածներուդ դէզին վրայ
Եկէք – ըսէ – պատրաստ եմ
Եկէք սպաննեցէք զիս
Եթէ կարող էք
«Ջուրը պատէն վեր», 2004թ.
ԿԱՊՈՅՏ ՀՈՂ
Հերկէ հոգիս հերկէ – այս հողը կապոյտ է
Կապոյտը երկնքիդ ծովերուդ նման է
Այս հողը ուրիշ է – այս հողն երկինք է
Այս հողը ծով է
Հերկէ հոգիս հերկէ – այս հողը կապոյտ է
Կապոյտը երկնքի ծովերու վայել է
Այս հողը երկնքէն փրթեր է իջեր է
Այս հողը ծովերէն քակուեր է եկեր է
Այս հողը կապոյտին գանձերը բերեր է
Հերկէ հոգիս հերկէ – այս հողը ուրիշ է
Մայիս է գարուն է սիրուհի է մայր է
Այս հողը հողերուն ամէնէն կապոյտն է
Կապոյտը երկնքիդ ծովերուդ նման է
Հերկէ հոգիս հերկէ – այս հողը կապոյտ է
Հող չէ – քու կեանքդ է
«Մեծ քաղաքը», 1960թ.

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։