Նոր տեղափոխուած էինք, քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքէն մազապուրծ հասած հայրենիք: Թաքսիի վարորդ մը ցաւակցելով Սուրիոյ վիճակին, հետեւաբար սուրիահայերու իրավիճակին, մանաւանդ՝ քաջ իմանալով, որ որպէս գաղթական հնարաւորութիւն ունէինք այլ երկիր ապաստանելու, յայտնեց իր կարծիքը.
– Ափսոս չէք գնացել Քանատա… էստեղ եկել էք ի՞նչ անէք, սա երկիր չի:
Ցնցող էր. յետոյ «Երկիրը երկիր չէ» արտայայտութիւնը յաճախ պիտի լսէի այլ առիթներով. մարդոց համար շատ սովորական էր ամենապարզ դիւրագրգռութեան մը առիթով նետել ու անցնիլ, իսկ ինծի համար նման արտայայտութիւն ընդվզեցուցիչ էր եւ անընդունելի: Իննը տարիներ հայրենիքի մէջ կեցութեանս ընթացքին համոզուեցայ, որ ԵՐԿԻՐը երկիր դարձնողը այս հողին վրայ ապրող եւ այս հողը սիրող, այս հողին կառչող ՄԱՐԴն է, մտաւորականը, բանուորը, ղեկավարը: Համոզուեցայ, որ հայրենասիրութիւնը կարգախօսերով, հարցազրոյցներով (որոնք ողողած են հեռատեսիլի բոլոր ալիքները) չի ներարկուիր, այլ երկրի հողին իրական տէրը կանգնելով:
Համոզուեցայ… որ ԵՐԿԻՐը երկիր է ու այդ երկիրը Մայր Հայաստանն է եւ մայրը ամենամօտիկ հարազատն է որքան ալ թերի կողմեր ունենայ:
Վերջերս ֆէյսպուքի վրայ Մեծն Հայաստանի քարտէսը եւ զայն տարածելու առաջարկը կար. պատկերը ծանօթ էր, տարածելու առաջարկը խորթ, ինչո՞ւ տարածել. հպարտանալո՞ւ, ուրախանալո՞ւ պատմութեան անցած այդ քարտէսով, համարելով որ հին օրերու փառքը մեզի բաւարար է… Ինչպիսի հպարտութիւն, երբ մաս առ մաս կորսնցուցեր ենք այդ հողերը. քոչուորները յափշտակած են, իրենց երկիրը հռչակած… մինչ կորուստները ափսոս կը շարունակուին:
«Յաղթելու էինք», բայց պարտուեցանք, տիրեց պարտուողի, զոհեր տուող մղկտացող, շուարած հայ մարդու հոգեբանութիւնը, որ խաղաղութիւն հայցեց, յետոյ մուրաց զիջելու պատրաստ…
Եւ ի յայտ եկաւ «Իրական Հայաստան» մը.
Իրատես ըլլանք սա մեր փոքրիկ Հայաստանն է, իրականը թէ՞ ներկայինը… Յայտարարուեցաւ որ երկրի սահմանները անորոշ են, թէեւ տասնեակ մը վաւերացուած քարտէսներու մասին խօսուեցաւ վերջերս:
«Իրական»ը բառարանային իմաստով ածական բառ է, որը կը բացատրուի որպէս իսկական, ոչ երեւակայական, իսկ «իրական»ին հականիշը կեղծն է, շինծուն, անգոն.
Զգոյշ վարուինք բառերուն հետ… եթէ իրականը իսկականն է, պատմականը կեղծ չէ՛, սուտ չէ՛, անգոյ չէ եղած, մանաւանդ անհերքելի է, որ մենք ներկայ Հայաստանը ժառանգած ենք պատմական Հայաստանէն:
Պատմական, Մեծն Հայաստանի քարտէսը կը դիտեմ ու կը նկատեմ ներկայ փոքրիկը սրտի կսկիծով բայց… յոյսով:
Իմ նախնիներս հոնկէ են, ՊԱՏՄԱԿԱՆ Հայաստանէն. հօրենական թէ մօրենական արմատներս թաղուած են հոն՝ այդ սուրբ հողին տակ, անոնք սնուցած են մեր ընտանեկան ծառի ճիւղերն ու տերեւները ի ՍԿԶԲԱՆԷ: