Արա ՃՈՒՀԱՐԵԱՆ

ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

կարծէք որ սէրը փոխադրամիջո՞ց է

կը տեղէ տեղ պիտի տանի ձեզ

օրինակ

մելամաղձոտութենէն – ցնծութիւն

ոչ – ամենեւին

փոխադրամիջոցը լի է խնդիրներով

սէրը – ոչ

 

կը կարծէք որ սէրը զսպանա՞կ է

ընդհուպ պիտի նետէ ձեզ տեղէ մը տեղ

օրինակ

ապերջանկութենէն – երջանկութիւն

ոչ – ամենեւին

զսպանակը կը թուլնայ

սէրը – ոչ

 

ու եթէ պահ մը

դառն սեւ շոքոլայ մը դնէք ձեր բերնին մէջ

պիտի գիտնաք քաղցրօրէն

թէ սէրը թառեր է

ձեր ձեռքերուն մէջ եղող հաւասարակշռութեան ձողին մէկ կողմը

հաւասարակշռելու համար վախը

 

եւ այդ պահուն

հանգիստ նստարան մը պիտի գտնէք

հանրային պարտէզին մէջ

ձեզի համար

 

ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՊՈՒԼՊՈՒԼԱԿՆԵՐԸ

հրապարակին պուլպուլակները

աւելի սաստկօրէն գոյութիւն ունին առաւօտ կանուխ

լուսաբաց է – իջեր եմ քալելու

միտքիս մէջ ուրուագիծ մը

աւելի հաստատուն քայլերով քալելու

 

ծայրէ ծայր գոյութեան վերահաստատումն է

կամ

վախը անէութեան հանդիպելու

 

մեկնած երեւելի մարդոց անունները

գրուած են շէնքերու մուտքին

մէկական կտակներ կարծես

չսարսափելու գոյութիւն ունենալէն

 

երեւելի ընկերներս քաղաքին

դադրեցուցեր են իրենց <<ես>>ը

որ չմահանան պուլպուլակները հրապարակին

 

առաւօտ կանուխ

հաստատուն քայլերով քալելու մասին է ուրուագիծը

մինչ հրապարակին պուլպուլակները

աւելի սաստկօրէն <<կը պուլպուլան>>

վանելու համար գոյութեան սարսափը

 

ՔԱՄԻՆ

երբ քամին ճօճեց մեր պարտէզին ծառերը

տերեւները չգիտցան – թէ ես եւ դուն

տերեւ էինք

 

երբ քամին ցնցեց մեր կղզիին սահմանները

արմատները չգիտցան – թէ ես եւ դուն

արմատ էինք

 

երբ քամին վերծանեց մեր անունները

պտուղները չգիտցան – թէ ես եւ դուն

պտուղ էինք

 

չգիտցան – աւաղ չգիտցան

 

ԱՄՊԸ

քամին ամպ մը բերաւ եւ դրաւ

իմ եւ արեւին միջեւ

 

ինչո՞ւ քեզի ըսէի թէ

ամպ մը չկրնար պահել ճշմարտութիւն մը

 

ՏՈՒՓԵՐ

քամին տուփեր հաւաքեց մեր բակին մէջ

մենք տուփեր բացինք – տուփեր գոցեցինք

պահուածը գտնելու մարմաջով

 

յետոյ պարզապէս

բազմաթիւ տուփեր ունեցանք

 

ՀԱՍՑԷ

ճշմարտութեան հասնելու համար

պէտք չէ հետեւիլ քամիին

 

նախ պէտք է գտնել հեռաձայնի թիւը ճշմարտութեան

ապա

ժամադրութիւն առնել ճշմարտութեան քարտուղարէն

գիտնալու համար հասցէն ճշմարտութեան

հասնիլ վայրը հասցէին

վերջապէս – փնտռել դուռը ճշմարտութեան

եւ այս

ամէնէն դժուար մասն է այս ճամբորդութեան

 

ՊԱՏԵՐ

քամիներ չկրցան տապալել պատեր

եւ մեր սէրերը ապրեցան պատերու մէջ

պատերու մէջ – պատերու մէջ

մեր սէրերը ապրեցան պատերու մէջ –

որովհետեւ անոնք ծնած էին

պատերու մէջ – պատերու մէջ

 

ՅԱՂԹԱՆԱԿ

անկարելի է քեզ կորսնցնել

նոյնիսկ ամէնախիստ քամիներուն մէջ

որովհետեւ

ես պարզապէս չեմ գտած քեզ

եւ չգտնելու այդ յաղթանակը

կ’ուզեմ քեզի նուիրել ես

 

ՀՈՆ

քամին մեր երազը տարաւ դէպի ծով

դէպի կղզի

 

հոն մոխրագոյն ժայռերը կղզիին

ծանօթացան մեր երազի քաղցրութեան

 

ՍՊԻ

եւ այնպէս կրքոտ համբուրեցի քեզ – քամիին –

որ սպի մը ձգեցի շրթունքիդ վրայ

եւ կ’երեւի թէ դուն

ամէնէն սիրալիրը վարուեցար այդ սպիին հետ

 

ՕՂԸ

միակ բանը որ կ’երեւէր պատուհանէն

շոքեկառքի գիծն էր

 

գիծը տգեղ էր

բայց գեղեցիկ էր յոյսը երթալու

հոն

ուր օղ մը պիտի կախէր ան

սիրած աղջկան ականջէն

 

միակ բանը որ կ’երեւէր պատուհանէն

դարձեալ շոքեկառքի գիծն էր

բայց պատուհանը

քառանկիւն չէր այլեւս

կլոր էր

օղին պէս

 

X-Y-Z

ուղղահայեաց աղմուկին

եւ հորիզոնական լռութեան մէջ

երգ մը ծնաւ

ինքնահայեաց

մենք անունը գոյասուզում դրինք

հորիզոնական լռութեան մէջ

եւ աղմուկին մէջ ուղղահայեաց

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.