Արեւը ոսկեգոյն փէշը հաւաքեց, հասաւ հորիզոնին ու կամացուկ պահուըտուք խաղացող տղեկի նման հսկայ զանգուածին ետեւ անհետացաւ:
Զանգուածը աստիճանաբար յստակացաւ, բլուրին վրայ ուրուագծուեցաւ կողք-կողքի զոյգը, կինը ծածկուած բերանով, այրը խրոխտ՝ նայուածքը յառած հեռուները:
– Դեդո՛.- կամացուկ փսփսաց Բաբոն:
– Ի՞նչ, ի՞նչ կայ.- Բաբոն բարձրացուց ձայնը:
– Մեր քաղաքը կը դատարկուի, տեսա՞ր ամբողջ օրը մարդիկ խուճապի մէջ էին.- ծածկուած բերանը շարժելով ամբողջ օրը զինք չարչրկող միտքը բարձրաձայնեց Բաբոն:
– Այո՛, ներքեւը մայթերու վրայ սպասողներ կան, բոլորը կը շտապեն հեռանալ.- մտահոգ էր Դեդոն:
– Օրեր առաջ ինչ հերթեր էին… մարդիկ հացի համար պատրաստ են իրար գլուխ ջարդել:
– Ջարդողը շուտով կու գայ անմիտ կին, տեղացող ռումբերը չտեսա՞ր.- սաստեց Դեդոն:
– Ինչպէ՞ս չտեսայ, թէեւ դուն գլուխ մը բարձր ես ինձմէ, բայց չմոռնաս, երկուքս ալ բարձունքի վրայ ենք.- Բաբոն բերանի կապը մոռցած ոգեւորուեցաւ:
– Հա՜, այս բարձունքը փառք է, մեզի և քաղաքին վերապահուած փառք:
– Յիսունվեց տարի, ուղիղ յիսունվեց տարի Սարգիս Բաղդասարյանը պարգեւեց այդ փառքը… կը յիշես Դեդո՛, հազար-հազարաւոր մարդիկ, խումբեր, մանաւանդ երջանիկ, ճվճվացող երեխաներու խումբեր կը լուսանկարուէին մեր դիմաց…
– Ըհը.- Դեդոն մտահոգ ուզեց փակել կնկան շաղակրատանքը:
– Քանի մը օր առաջ, ներքեւը փուռին առջեւ տարեց մարդը ուշաթափուեցաւ, արեւի շողերը մեր տուֆէ շապիկին չեն ազդեր, բայց մարդիկ չեն դիմանար…
– Հապա երեխաները.- մրմունջի նման ընդհատեց Դեդոն- մենք երեխաներ չունեցանք Բաբո.- խրոխտ գլուխը թեթեւակի շարժեց:
– Երեխանե՜ր, թոռնե՜ր, ա՛յ մարդ դուն յիշողութիւն չունիս… ներքեւ ապրողները բոլորը մեր երեխաներն են… էին.
– Հա՜, հա, իսկ հիմա փախուստ կու տան մեր քաղաքէն.- թախծոտ խօսեցաւ Դեդոն:
– Ռումբերն են պատճառը թէ՞ սովը, Դեդո՛…
– Ինչ ըսեմ ես քարէ սարքուած պապիկ եմ, ինչպէս եւ դուն մամիկ… իսկ անոնք ապրող մարդիկ են: Այս բարձունքէն մենք ամիսներէ ականատեսն ենք բողոքներու, ճառերու, ցոյցերու, հողին վրայ ամուր մնալու երդումներու, կոչերու…
– Ա՜խ, Դեդո՛, դուն ալ կը մեղադրես, անոնք միս ու ոսկոր են, մարմին ու հոգի, ապրիլ կ’ուզեն ու պէտք է ապրին… իսկ աշխարհը խուլ է, անտարբեր… թշնամին վայրագ, անողորմ, զինուած արդիական զէնքերով…
– Այս մարդիկ դարեր դիմացկուն էին… ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ զէնքերը վար դրին, ինչո՞ւ խելապատառ կը փախչին, որո՞ւ կը թողուն այս հողը:
– Թշնամին դաժան է, Դեդո՛, անոնց յիշողութեան մէջ վայրագութեան պատկերներ կան.
– Անոնք դարեր տէրն էին այս հողին… իսկ թշնամին մեր յուշարձան դառնալէն միայն քառասունեօթ տարի առաջ պետութիւն դարձաւ…
– Է՜հ, Դեդո՛, ուժը զօրաւորին է… Տե՛ս,Դեդո՛, օտար մեքենա է… անծանօթ ոստիկաններ նայուածքները ուղղած են մեզի:
– Չվախնա՛ս, մենք ամուր կառչած ենք այս բլրան, չվախնա՛ս, ես կողքիդ եմ:
– Եթէ քանդեն մեր յուշարձանը, Դեդո՛.- սարսափած փսփսաց Բաբոն:
– Մենք քար կը դառնանք… բայց «Մենք ենք մեր սարերը» չի տապալիր, կը մնան բոլոր լուսանկարները, կը մնայ յիշողութիւնը, ու պատմութիւնը կ’արձանագրէ բոլոր-բոլոր դէպքերու մանրամասնութիւնները:
– Հապա՞ ես ու դուն, Դեդո՛.- Բաբոյի աչքերը յառած էին ներքեւ, օտար ոստիկաններուն:
– Բերանդ փակէ ու ամուր կառչած մնայ հողիդ, մեր ճակատագիրը կրելու պատրաստ ենք, քար էինք ու քար կը մնանք…
– Հա՛, Դեդո՛, կարեւորը կողքիս ես:
– Բաբո՛, մենք պիտի դիմանանք, մեր երեխաները հասակ պիտի նետեն, կարեւորը դառնան միաբան եւ իմաստուն, ու օր մը երիտասարդ քանդակագործ մը նոր յուշարձան կանգնեցնէ մեզի նման, բայց աւելի դիմացկուն, լայն ժպիտով ու առանց բերանկապի:
– Ուրեմն ինչո՞ւ բերանդ փակէ կ’ըսէիր.- ծեքծեքուն փսփսաց Բաբոն:
– Այդ է կարգը, կնի՛կ, այդ է կարգը…
Տիրեց լռութիւն, մթութիւնը պատեց բարձունքը ու շրջապատը:
Հեռուէն կը լսուէր անտէր մնացած շան կաղկանձը:
02.10.2023, Երևան