­Յի­շե­լով՝ Վա­հէ Օ­շա­կա­նը / Գէորգ Պե­տի­կեան

Վաե ՕշականԱյս տա­րի լրա­ցաւ Վա­հէ Օ­շա­կա­նի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կը:
Այս առ­թիւ հայ մա­մու­լը ար­դէն անդ­րա­դար­ձաւ 20-րդ դա­րու իւ­րա­յա­տուկ այս մտա­ւո­րա­կան-գրող-գրաքն­նա­դատ-խմբա­գիր եւ դա­սա­խօ­սին մա­սին:
Իմ կար­գիս, թէեւ ա­կա­մայ քիչ մը ուշ, սա­կայն իբ­րեւ հայ գի­րի եւ գրա­կա­նու­թեան կա­մա­ւոր զի­նո­ւո­րագ­րեալ, այս տո­ղե­րովս պի­տի փոր­ձեմ միտքս եւ յու­շերս ժող­վել ու մտա­ծում­ներս ամ­փո­փել եւ յի­շել ու իմ ակ­նո­ցովս հայ ըն­թեր­ցո­ղին հրամց­նել այս մեծ հա­յը, իր գրա­կան ան­զու­գա­կան վաս­տա­կով:
Գի­տեմ, որ իր մա­սին շատ բան կայ գրո­ւած ու տա­կա­ւին՝ գրո­ւե­լիք: Թէեւ ա­ռիթ չեմ ու­նե­ցած զինք շատ մօ­տէն ճանչ­նա­լու: Հե­տը չեմ զրու­ցած: Չեմ վի­ճած կամ խորհր­դակ­ցած: Սա­կայն միշտ եւ հա­ւա­տար­մօ­րէն հե­տե­ւած եմ մա­մու­լէն ներս իր բազ­մա­թիւ տո­ղե­րու վազ­քին, իր է­ջե­րուն, իր բա­ռե­րուն, իր վէ­պե­րուն, մէկ խօս­քով իր մե­զի ժա­ռանգ ձգած գրա­կա­նու­թեան, ան­կեղծ զմայ­լան­քի ըն­թեր­ցումս:
Ու իբ­րեւ ան­շա­հախն­դիր գնա­հա­տանք եւ քա­ջա­լե­րանք, չեմ փոր­ձեր, եւ ոչ ալ կ­‘աշ­խա­տիմ ա­ժան եւ սո­վո­րա­կան բա­ռե­րով ու գա­ղա­փար­նե­րով ներ­կա­յաց­նել զինք, բայց միւս կող­մէ ալ իբ­րեւ հա­րա­զա­տի հպար­տու­թեամբ եւ հաս­տատ, կու գամ նաեւ ձայնս ու տողերս  խառ­նել  այս  հան­ճա­րեղ հա­յուն, այս խո­րա­թա­փանց գրո­ղի վաս­տա­կին՝ հա­մես­տօ­րէն:
Ո­րով­հե­տեւ, Ան ոչ միայն ին­ծի, այլ բո­լո­րիս հա­մար ալ, տե­սակ մը իւ­րա­յա­տուկ ա­ծա­կա­նով մարդ մըն էր, ան­խոնջ եւ բազ­մա­կող­մա­նի վաս­տա­կով, ու մա­նա­ւանդ բա­նա­սէ­րի իր կեր­պա­րով, հայ մշա­կոյ­թի գե­ղեց­կու­թեան եւ ար­ժէ­քին հա­մար­ձակ խնկար­կու մը ըլ­լա­լով հան­դերձ:
Վ­կա՛յ, իր «Օ­շա­կա­նեան քրո­նիկ­նե­րը»:
Այս բո­լո­րին վրայ պէտք է նաեւ ա­ւելց­նեմ, որ Ան լաւ դի­տող մըն էր: Իր տա­ղան­դին շնոր­հիւ դար­ձաւ ար­դի եւ փնտռո­ւած հայ «սուր» գրիչ մը: Թէեւ «զար­տու­ղի», սա­կայն նոր գրա­ւո­ճով բազ­մա­ծա­ւալ եւ բազ­մաբ­նոյթ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով եւ հա­րուստ «շտե­մա­րա­նով», գե­ղե­ցիկ ու լայն ա­կօս­ներ բա­ցաւ սփիւռ­քա­հայ, յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հայ մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ: Ա­նոր հա­մար են այս տո­ղե­րը:
Ը­սեմ, որ կեան­քի մէջ, մար­դոց ար­ժա­նիք­նե­րը ճանչ­նալն ու ար­ժա­նի­նե­րը մե­ծա­րե­լը՝ յա­տուկ բա­րե­մաս­նու­թիւն­ներ են։
Վա­հէ Օ­շա­կան.- Ը­սի չէ.- Ինք մեծ հայ մըն էր, նրբա­ճա­շակ ու վա­ւե­րա­կան ար­ձա­կա­գիր մը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ար­դի մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ սի­րե­լի ներ­կա­յու­թիւն մը, որ կը հա­ւա­տար, թէ վեհ բան է հա­յու ճա­կա­տա­գիր ու­նե­նա­լը: Եւ տա­կա­ւին՝ յան­դուգն եւ հա­մար­ձակ հրա­պա­րա­կա­գիր մը, բա­նաս­տեղծ մը, մտա­ւո­րա­կան եւ սի­րե­լի վի­պա­գիր մը, ո­րուն մա­քուր եւ յա­ճախ հա­տու լե­զուն իր կեան­քի ար­տա­ցո­լումն էր, հա­րա­զատ եւ ար­դար:
Ինքն էր, որ իր նո­րա­շունչ գրի­չո­վը հայ գրա­կա­նու­թեան մո­լո­րա­կը հարս­տա­ցուց իր հա­րուստ եւ ինք­նա­տիպ ար­ձա­կով ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եւ որ դար­ձաւ սփիւռ­քա­հայ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­նուն դէմ­քե­րէն մէ­կը:
Այ­սօր, թէ՛ Հայ­րե­նի­քի եւ թէ՛ Ս­փիւռ­քի տա­րածք­նե­րուն, իբ­րեւ ինք­նա­տիպ եւ յա­ռա­ջա­պահ դա­սա­խօս, գրա­կա­նա­գէտ ու քննա­դատ, բազ­մա­թիւ պատ­մո­ւածք­նե­րու եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ, նաեւ քրո­նիկ­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­րուստ վաս­տակ ու­նե­ցող բարձ­րո­րակ դէմք, ան­ծա­նօթ ա­նուն մը չէ Վա­հէ Օ­շա­կան գրո­ղը, ո­րուն ամ­բողջ կեան­քը ե­ղած էր հա­մար­ձակ եւ ան­շա­հախն­դիր նո­ւի­րում, հան­դէպ մեր լե­զո­ւին, մեր գի­րին եւ գրա­կա­նու­թեան ու նաեւ՝ հայ գրո­ղին:
Մէկ խօս­քով հա­րա­զատ զա­ւակն ու ժա­ռան­գոր­դը իր հօր՝ Յա­կոբ Օ­շա­կա­նին:
Չ­մոռ­նանք, որ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս, հայր եւ որ­դի Օ­շա­կան­ներ, միշտ վա­յե­լած են եւ տա­կա­ւին պի­տի վա­յե­լեն մեր ժո­ղո­վուր­դի յար­գան­քին ըն­դար­ձակ հո­րի­զոն­նե­րը:
Կրկ­նու­թեան գնով նաեւ ա­ւելց­նեմ, որ Օ­շա­կան Վա­հէն նաեւ մեծ հա­ւա­տա­ցող մըն էր հայ գի­րին, գրո­ղին ու գիր­քին: Ի­րեն հա­մար հայ գիր­քը, հայ հե­ղի­նա­կին չափ պէտք էր, որ մնար հայ մար­դուն ա­մէ­նէն մտե­րիմ ըն­կե­րը եւ ա­նոր կեան­քի ո­գե­ղէն հա­ցը: Հայ գիրքն էր, որ պի­տի վե­րար­ժե­ւո­րէր մեր ա­ռօ­րեա­յի ա­ռանց­քը, իբ­րեւ աղ­բիւր ծա­նօ­թաց­ման, ի­մաս­տու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան: Հայ գիրքն էր, որ մեր լե­զուն ու մշա­կոյ­թը եւ մեր պատ­մու­թիւ­նը պի­տի պա­հէր դա­րե­րու եր­կայն­քին: Ա­նոր հա­մար պէտք է զայն կար­դալ ու տա­րա­ծել:
Այս­պէս կը թե­լադ­րէր Վա­հէ Օ­շա­կան, ո­րուն քա­ջու­թեամբ, բա­նի­մաց եւ անս­պառ գի­տե­լիք­նե­րով լե­ցուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը դար­ձան մա­մու­լով եւ գրա­կա­նու­թեամբ զբա­ղող­նե­րուն հա­մար հա­րուստ եւ թան­կար­ժէք «մտա­պա­շար» մը:
Այլ խօս­քով, ա­րեւմ­տա­հայ մեր գրա­կա­նու­թեան սիւ­նե­րէն մե­ծա­տառ գրող մըն էր Ան, որ կը հա­ւա­տար, որ վեհ բան է հա­յու ճա­կա­տա­գիր ու­նե­նա­լը, որ ոչ միայն սի­րեց, այլ պաշ­տեց մեր լե­զուն եւ յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ու մին­չեւ իր մա­հը ե­ղաւ ա­նուր ար­թուն հսկողն ու պա­հա­կը:
Հաս­տա­տա­պէս լուրջ պաշ­տա­մունք մըն է իմ այս բա­ժինս, որ խիտ տո­ղե­րու սահ­ման­նե­րէն ներս, իբ­րեւ էա­կա­նու­թիւն եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն՝ հա­մես­տօ­րէն ամ­փո­փե­լով՝ հրամ­ցու­ցի:
Արդ…
Բիւր յար­գա՛նք, Վա­հէ Օ­շա­կան մե­ծա­տառ եւ նո­րա­րար գրո­ղին, անդր­դո­ւե­լի բա­նա­խոյզ-բա­նա­սէ­րին, հա­մար­ձա­կու­թիւն, ինք­նավս­տա­հու­թիւն, խի­զա­խու­թիւն ու քա­ջու­թիւն ու­նե­ցող հայ մշա­կոյ­թի գե­ղեց­կու­թեան եւ ար­ժէ­քին ու յատ­կա­պէս ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ան­սա­կարկ խնկար­կու եւ պաշտ­պան՝ հայ հսկա­յի յի­շա­տա­կին:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։