­Վե­հա­նոյշ ԹԵՔԵԱՆ / ԱՄՕԹ ԵՒ ՄԵՂԱՅ

vehanuushՀար­ցում­նե՜ր, հար­ցում­ներ մենք մե­զի կը հարց­նենք յա­ճախ։ Նախ եւ ա­ռաջ մենք մեզ քննե­լու ենք իբ­րեւ ազգ՝ հասկ­նա­լու թէ ին­չո՞ւ պար­տո­ւե­ցանք։ Ի՞նչ չը­րինք որ պէտք է ը­նէինք:
Ինչ­պէ՞ս պատ­րաս­տո­ւե­ցանք ե­րե­սուն տա­րի­նե­րէ ի վեր, ան­խու­սա­փե­լի պա­տե­րազ­մին, երբ մէկ կող­մը՝ բազ­մա­տե­սակ կե­րու­խու­մի, միւս ստո­ւար կող­մը՝ աղ­քա­տու­թեան մէջ թաթ­խուած էր: Մէկ կող­մը՝ ան­կա­խու­թիւն, միւս կող­մը՝ նիւ­թա­կան կա­խո­ւա­ծու­թիւն։ Մէկ կող­մը հա­յա­ծուծ դաս­տիա­րա­կու­թիւն, միւս կող­մը՝ հայ մշա­կոյ­թը մա­ռախ­լա­պա­տող գե­րե­վա­րո­ւած մար­դիկ։ Մէկ կող­մը Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի պէս բան մը, միւս կող­մը՝ ա­նի­րա­ւո­ւած­ներ, հարստա­հա­րուող­ներ: Ար­ցա­խը սրբա­զան մա­սուն­քի պէս պաշ­տող­ներ, եւ մեր պա­պե­նա­կան ժա­ռան­գի կո­ղո­պու­տին հա­մա­կեր­պող­ներ։ Իբ­րեւ օ­ժան­դա­կու­թիւն հա­սած մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րը կը ցնդէին եւ դղեակ­ներ ու ա­պա­րանք­ներ կը բուս­նէին՝ իր օ­րա­պա­հի­կը հա­զիւ վաստ­կող բնակ­չու­թեան չորս կող­մը։ Պենթ­լի­ներ կը սու­րա­յին, երբ մա­միկ­ներ կարկտ­նո­ւած փէ­շե­րով փո­ղոց­նե­րը կ­՚աւ­լէին: Շարլ Ազ­նա­ւուր ցա­սու­մով ը­սաւ. «Աշ­խարհ պտը­տե­ցայ, հայ մու­րաց­կան չտե­սայ։ Մու­րա­ցի­կը միայն Հա­յաս­տա­նի՛ մէջ տե­սայ»։
Ե­րեք տաս­նա­մեակ ան­դադ­րում թա­լան եւ քա­ղա­քա­կան անլր­ջու­թիւն՝ մեր գլխուն վրայ ճօ­ճո­ւող վտանգ­նե­րուն նկատ­մամբ: Գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ մեր թշնա­մի­նե­րուն հետ. ծա­խել-մա­խել­ներ։ Մա­հա­ցու ու­րո­ւա­կան­ներ երկ­րին մէջ, եւ հա­զիւ իր ա­ռօ­րեան կար­գի դնող ժո­ղո­վուրդ, որ ցնծու­թիւն կը սի­րէր։ Ա­րո­ւեստ կ­՚ա­րա­րէր։ Տա­ղանդ­նե­րու հոյ­լեր։ Ե­ռան­դի բո­ցեր։ Բա­րի­քի ա­կունք։
Ա­հա­ւա­սիկ պայ­թե­ցա՛ւ պա­տե­րազ­մը, 44 օր «­Յաղ­թե­լու ենք» յան­կեր­գի ըն­թաց­քին իր էու­թի՜ւ­նը՝ իր ա­րիւ­նը թա­փեց մեր մա­տաղ սե­րուն­դը, տնքա­ցին ա­րի վի­րա­ւոր­նե­րը, մղկտա­ցին ի­րենց սիր­տը ճա­թած ծնող­նե­րը, կի­ներ շո­ւա­րե­ցան թէ ի՛նչ պի­տի ը­սեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն, իսկ զա­ւակ­նե­րը քու­նի ժա­մուն իսկ՝ բաց ա­չուկ­նե­րով ի­րենց հայ­րը սպա­սե­ցին։ Քա­րա­ցա՛ն մեր լեռ­նե­րը, ա­րիւն­լո­ւայ ու մերկ:
Կը զար­մա­նամ թէ այս տա­րո­ղու­թեամբ մարդ­կա­յին ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեան պատ­ճառ ե­ղող ան­ձինք դեռ ինչ­պէ՛ս ցե­րե­կը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը խա­ղան, իսկ գի­շե­րը հան­գի՜ստ ի­րենց գլու­խը բար­ձին կը դնեն: Այդ տրո­ւած հո­ղե­րը լուռ չե՜ն, օր մը պի­տի բարձ­րա­նան եւ ի­րենց ա­հա­գոռ­գոռ ե­րա­խին մէջ առ­նեն զի­րենք գե­րու­թեան յանձ­նող­նե­րը, նոյ­նիսկ ա­նոնց դիե­րը:
Նո­յեմ­բեր ին­նին ա­թո­մա­կան ռում­բի պէս մեր ոս­կոր­նե­րը կճռտեց եւ մեր եր­կին­քը խա­ւա­րե­ցուց Վար­չա­պե­տին ինք­նագ­լուխ ստո­րագ­րած թուղ­թը։ «­Դա­ւա­ճան» սու­լող սու­րե­րու ան­վեր­ջա­նա­լի սու­սե­րա­մար­տեր սկսան աջ ու ձախ սու­րալ օ­դին մէջ, սա­տա­նա­յի աչ­քե­րու պէս փալփ­լիլ խա­ւար եր­կին­քին տակ։ Իսկ դի­մա­տետ­րերն եւ մի­տեան ո­ղո­ղեց այն­պի­սի՛ սեւ հե­ղեղ մը լու­տանք­նե­րու, զրպար­տու­թիւն­նե­րու, ա­նէծք­նե­րու ի­րա­րու հան­դէպ։ Հայ­հո­յանք­նե­րու հաստ բա­ռա­րա­նի մը բո­լոր բա­ռե­րը գոր­ծա­ծո­ւե­ցան շա­բաթ­նե­րով, չլսո­ւած բա­ռեր, մէ­կը միւ­սէն խոր­դու­բորդ ու սիրտ խառ­նող։ Ոս­կե­ղե­նիկ Հա­յե­րէ­նը պղծո­ւե­ցաւ: Լաւ որ հետզ­հե­տէ կոր­սո­ւե­ցաւ թա­փը:
Մինչ այդ տիւ ու գի­շեր մար­դիկ ե­լոյթ կ­՚ու­նե­նա­յին յայտ­նե­լու թէ ի­րենք ճիշդ են, միւս­նե­րը սխալ են։ Ի­րենք տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նին, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ը­սած­նին չեն գի­տեր: Ի­րենք հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան են, միւս­նե­րը դա­ւա­ճան են. «Ա­հա ձե­զի ցոյց տամ գաղտ­նի թուղ­թեր»։ Ե­թէ այդ­քան սրտցաւ էին, ին­չո՞ւ վա­ղուց չէին յայտ­նած, չէին ճօ­ճած ի­րենց «ճշմար­տու­թիւն­նե­րը»։
Ան­շուշտ կա­յին նաեւ լու­սա­բա­նող բա­նա­վէ­ճեր:
Այս մղձա­ւան­ջի ա­միս­նե­րուն՝ թաք­նո­ւած ի­րո­ղու­թիւն­ներ կան հար­կաւ։
Բայց ինչ որ ակն­յայտ է ըստ մաս­նա­կից կամ ա­կա­նա­տես մար­դոց, այն է որ՝ գե­նե­րալ­նե­րը փա­խեր են պա­տե­րազ­մի վայ­րէն, ե­րի­տա­սարդ մատ­ղաշ ան­փոր­ձա­ռու տղոց թո­ղած ա­ռան­ձին՝ ա­ռա­ջին գի­ծի վրայ, ո­րոնք կա՛մ հե­րո­սա­բար կռո­ւած, կա՛մ վի­րա­ւո­րո­ւած, եւ կամ ալ՝ էն ող­բեր­գա­կա­նը՝ նա­հա­տա­կո­ւած են։ Ա­նոնք ան­մե­ղու­նակ, հայ­րե­նի­քի ա­պա­գա­յին յա­ռած մաք­րա­փայլ աչ­քե­րով՝ չեն գի­տեր ի՛նչ պա­տա­հե­ցաւ ի­րենց. բայց մենք գի­տե՜նք թէ ա­նոնք կ­՚ապ­րին մշտնջե­նա­պէս Ե­ռաբ­լու­րի մէջ: Եր­կու կա­թիլ ար­ցունք ու խունկ ի­րենց ա­նոյշ յի­շա­տա­կին: Կա­յին որ նշա­նա­կո­ւած հրա­մա­նա­տա­րին ան­բա­ցատ­րե­լի բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ի­րենց գլխուն ճա­րին նա­յե­ցան, շա­բաթ­նե­րով սո­ված՝ ան­տառ­նե­րու մէջ:
Ամ­բողջ սե­րուն­դի մը հո­գե­վի­ճա­կը խախ­տած է։
Փ­տած ծա­ռը այժմ կը բա­ցատ­րո­ւի վե­րէն վար, փո­խա­նակ վա­րէ՛ն, ար­մատ­նե­րէ՛ն սկսե­լու… Ին­չո՞ւ նախ չհա­մադ­րել ե­ղե­լու­թեան բո­լոր ծալ­քե­րը, եւ ա­պա՝ կազ­մա­լու­ծել, գտնե­լու խոր­քը մեր ող­բա­լի պար­տու­թեան:
Ա­ռանց բա­ցա­ռու­մի բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը եւ ա­նոնց ար­բա­նեակ­նե­րը դա­տա­րա­նի մէջ հար­ցաքն­նել: Ցաւ­սիրտ մար­դոց կող­քին՝ մի­տեան խճո­ղեր են քա­ղա­քա­կան շա­հեր եւ ինք­նար­դա­րա­ցում հե­տապն­դող­նե­րը: Մեծ­խօ­սիկ­նե­րը, ստա­խօս­նե­րը, յու­դա­ներն ու մերթ ընդ մերթ՝ ա­ռա­քեալ­նե­րը:
Մեր պար­տու­թեան Ինչ­պէ՛ս-ը գի­տենք. ո՞վ եւ ին­չո՞ւն է հար­կա­ւոր: Ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ հար­ցաքն­նե­լու է իւ­րա­քան­չիւ­րը որ­պէս­զի ի վեր­ջոյ յայտ­նո­ւի թէ ո՛վ էր, ո­րո՞նք էին որ պատ­րաս­տե­ցին մեր բազ­մա­ւեր պար­տու­թեան թոյ­նը։
Այդ թոյ­նի սրո­ւա­կը պար­տադ­րա­բար խմե­ցին հա­յոց Հո­ղը, հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դը ծա­գէ ի ծագ, եւ ան­շուշտ՝ Հա­յոց Պատ­մու­թիւ­նը:
Կի­սա­ւեր դար­ձու­ցին մեր հո­գե­կա­յա­նը։
Ին­չո՞ւ փտտե­ցաւ մեր նո­րա­յոյս ծա­ռին ար­մա­տը։
Ե­թէ այս­պէս ա­մէն գլու­խէ ձայն մը ել­լէ՝ եւ կո­րի­զը գտնե­լու աշ­խա­տանք չտա­րո­ւի, պի­տի կրկնո­ւին սխալ­նե­րը, ու մեր դա­տո­ղու­թիւ­նը պի­տի մնայ թմբի­րի մէջ։ Հե­տե­ւա՞ն­քը – յա­ւե­լեալ պար­տու­թիւն­ներ պի­տի քա­ռասմ­բակ յա­ռա­ջա­նան, լա­փե­լով մեր ար­ժա­նա­պա­տիւ գո­յա­տե­ւե­լու ի­րա­ւուն­քը:
Հա­զար ութ հա­րիւր կո­թող, հա­րիւ­րա­ւոր դա­րեր իբ­րեւ ուխ­տի խո­րան պաշ­տո­ւած տա­ճար­ներն ու վան­քե­րը Ար­ցա­խի՝ ի՞նչ ի­րա­ւուն­քով սու­սիկ-փու­սիկ կը յանձ­նէք թշնա­միին։ Ին­չո՞ւ ի­րենց ձեռ­քե­րով շի­նած բնա­կա­րան­նե­րէն կ­՚ար­տաք­սո­ւին հայ ըն­տա­նիք­ներ: Ին­չո՞ւ ռազ­մա­գե­րի­նե­րը տա­կա­ւին նո­խազ կը դառ­նան ա­զե­րի խժդու­ժու­թիւն­նե­րու։ Ին­չո՞ւ այս­քան ար­տա­սուք ու կսկիծ, անճր­կու­թիւն եւ կա­տա­ղու­թիւն՝ հա­յոց աշ­խար­հի մէջ։
Դուք, նա­խա­գահ­ներ, ղե­կա­վար­ներ, պա­տե­րազ­մի՛ պի­տի պատ­րաս­տո­ւէիք, հե­ռա­տե­սու­թիւնն ու պայ­քա­րը պէտք է ձեր հո­գին զօ­րաց­նէր, որ­պէ­զի ստրու­կի պէս չխեղ­ճա­նա­յիք եւ չամչց­նէիք ձեզ իր վրայ հո­վա­նի կար­գած ժո­ղո­վուր­դը: Ա­նոր հի­մա փշրանք մը հաց կու­տաք, ճեղ­քո­ւած եր­դի­քը կը նո­րո­գէք, վար­ժա­րան ու այ­գի անվ­տանգ կը դարձ­նէք, պար­տադ­րա­բա՛ր: Հա­շիւ պա­հան­ջող կայ։
Ին­չո՞ւ հա­մար Հա­յաս­տան թէ Ս­փիւռք՝ հայ ազ­գը մէկ հո­գի ու մար­մին դար­ձած գի­շեր ցե­րեկ տքնե­ցաւ, զի­նո­ւոր­նե­րուն հաց ու վե­րար­կու հաս­ցուց, 44 օ­րո­ւայ ըն­թաց­քին 170 մի­լիոն տո­լար հա­ւա­քեց, յատ­կա­պէս պա­տե­րազ­մի զո­հե­րուն ու կո­րոստ­նե­րուն հա­մար։ Այդ գու­մա­րը ձե­զի՛ յանձ­նո­ւե­ցաւ: Բայց… Պա­տե­րազ­մը հա­զիւ ա­ւար­տած՝ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ հապ­ճեպ գոր­ծի լծո­ւե­ցան՝ մէջ­տեղ մնա­ցող­նե­րուն օգ­նե­լու հա­մար։ Դուք չփու­թա­ցիք։ Ժո­ղո­վուր­դը՝ փե­րու­շան, դուք ան­դա­դար ար­դա­րա­ցում կը ստեղ­ծէիք ա­ղե­տին մա­սին։
Մին­չեւ իսկ գծուծ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ՝ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար ար­տա­սահ­մա­նէն նո­ւի­րո­ւած քնա­տոպ­րակ­նե­րը եւ այլ անհ­րա­ժեշտ ի­րե­րը ծա­խե­ցի՜ն նոյն ինքն զի­նո­ւոր­նե­րուն։ Զաւ­թե­ցին ա­նոնց կռո­ւե­լու ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մը եւ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը: Դուք գոր­ծա­կից ե­ղաք հա­մայ­նա­կուլ ող­բեր­գու­թեան:
Պար­տո­ւած ենք բա­նիւ եւ գոր­ծով, կա­մայ թէ ա­կա­մայ։ Գի­տու­թեամբ թէ ան­գի­տու­թեամբ: Մե­ղա՜յ մեր զո­հե­րուն ու գե­րի­նե­րուն։ Մե­ղա՜յ հա­յոց թան­կա­գին ժո­ղո­վուր­դին եւ իր մշա­կոյ­թին: Մե­ղա՜յ մեր փա­ռա­պանծ հայ­րե­նի­քին։
Ամչ­նա­լը նո­ւաս­տաց­նող է: Մե­ղան՝ թե­րեւս փրկա­րար։
Յու­նո­ւար, 2020
Նիւ Ճըր­զի

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։