ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ / ­Պեր­ճու­հի ԱՎԵՏԵԱՆ

Ա­ռա­ւօ­տեան ա­ռօ­րեայ սո­վո­րու­թեան հետ­քե­րով կը միաց­նեմ հե­ռա­տե­սի­լը ու ձեռքս կ’եր­կա­րեմ բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սին. ա­րո­ւես­տա­գի­տու­թեան զոհն ենք թէ՞ հե­տե­ւոր­դը, դա­րու մար­տահ­րա­ւէրն է, պէտք է ի­մա­նալ ար­դի նո­ւա­ճում­նե­րուն սահ­ման­ներն ու օգ­տա­գոր­ծե­լու հմտու­թիւ­նը… Եր­կու պաս­տառ­ներն ալ կը պլպլան ջա­նա­սէր ա­շա­կեր­տի նման պա­տաս­խա­նե­լով պա­տո­ւի­րա­տո­ւի թե­թեւ հպում­նե­րուն: ­Հե­ռա­խօ­սի փոքր պաս­տա­ռին վրայ 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 2020 թո­ւա­կանն է, պա­տու­հա­նի սահ­ման­նե­րուն մէջ կաս-կա­պոյտ, պայ­ծառ եր­կին­քը, ծա­ռին վրայ ճռո­ւո­ղող ճնճղուկ­նե­րը, ո­րոնց բուռ մը հաց նե­տե­լու տրո­ւած ան­գիր խոս­տու­մը յի­շե­լով, կը շրջո­ւիմ… նա­յո­ւածքս կ’իյ­նայ մեծ պաս­տա­ռին, աչ­քերս չռած կը դի­տեմ հե­ռար­ձա­կո­ւած պատ­կեր­նե­րը: ­Տան ծա­կած պատ, թա­փած քա­րի կտոր­տանք­նե­րու կոյտ. շատ ծա­նօթ պատ­կեր… ­Յի­շո­ղու­թեանս մէջ կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ 3 ­Հոկ­տեմ­բեր 2013 ­Կի­րա­կին, ա­ռաս­տա­ղէն վար թա­փո­ւող քա­րե­րը, հոն խրո­ւած հրա­սան­դը, քա­րա­կոյ­տով լե­ցուն մեր նստա­սե­նեա­կը, քրոջս փոք­րիկ­նե­րուն ճիչն ու լա­ցը: Այդ օր մենք մեր օ­ճա­խը լքե­ցինք: ­Պաս­տա­ռին վրայ վա­զող գի­րե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն. Ար­ցա­խի ամ­բողջ սահ­մա­նի եր­կայն­քին յար­ձա­կում: Եւ յար­ձա­կու­մը նոյն ձե­ռագ­րով, թրքա­վա­յել… միայն ա­հա­բե­կիչ թուր­քերն են, որ խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը կը թի­րա­խա­ւո­րեն, գո­ղի նման կը սպրդին, ան­կող­նին մէջ խա­ղաղ քնա­ցած սպան կը գլխա­տեն, տա­րի­քա­ւոր մար­դիկ ու ե­րե­խա­ներ կը սպան­նեն: ­Նոյն ձե­ռա­գիրն էր ­Տէր-­Զօ­րի ­Նա­հա­տա­կաց ­Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին ու ­Մար­կա­տէի ­Մա­տու­ռը պայ­թեց­նող, ան­շի­րիմ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը ո­րե­րորդ ան­գամ պղծող: ­Սա­ռած կանգ­նած եմ հե­ռա­տե­սի­լի դի­մաց, Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հը իր հան­դարտ ժպի­տով կը բա­ցատ­րէ «Սա միւս պա­տե­րազմ­նե­րուն նման չէ, մա­հու-կե­նաց պա­տե­րազմ է…»: Վ­ճա­ռա­կա­նու­թիւն եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն կայ ա­նոր ձայ­նին մէջ: ­Պա­տե­րազմ… Ես կ’ա­տեմ պա­տե­րազ­նե­րը ու զա­նոնք սար­քող­նե­րը, վստահ եմ բո­լոր խա­ղա­ղա­սէր մար­դիկ նոյն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ու­նին, սա­կայն այլ բան է երբ կը պար­տադ­րեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար պա-տե-րազ-միլ: ­Պաս­տա­ռին վրայ պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճակն է, հե­ռա­տե­սի­լի բո­լոր կա­յան­նե­րը յա­ջոր­դա­կան հե­ռար­ձա­կում­նե­րով թո­ղար­կում­ներ կը սփռեն: Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի շտապ նիստ ու… ի զար­մանս, ի­րար գզգզող, ի­րար սխալ­նե­րը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նող հայ­կա­կան, կռո­ւա­զան բնա­ւո­րու­թեամբ մեր խորհր­դա­րա­նի մե­ծա­յարգ ան­դամ­նե­րը, ի­րար հան­դէպ ու­նե­ցած լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մէկ կողմ դրած (դժուար է ը­սել մոռ­ցած) միաս­նա­կան են թշնա­միի դէմ: ­Փառք Աս­տու­ծոյ։ Ա­կա­մայ կը մտա­ծեմ, ար­դեօ՞ք միաս­նա­կան ըլ­լա­լու հա­մար մե­զի ապ­տակ­ներ պէտք են: Ու լու­րեր, լու­րեր, լու­րեր… ես կ’ա­տեմ բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը: ­Կա­մա­ւոր խում­բեր ե­տին թո­ղած ըն­տա­նիք, աշ­խա­տանք հայ­րենի­քի հո­ղը պաշտ­պա­նե­լու կը փու­թան փաս­տե­լով գրո­ւած այս տո­ղե­րը:
«­Միայն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­րե­նի­քէն դուրս գտնո­ւող մար­դիկ օր­հա­սա­կան ժա­մին կը փու­թան եր­կիր, հայ­րե­նի հո­ղը պաշտ­պա­նե­լու»։
Ա­յո՛, միայն ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դպրո­ցա­կան տղաք ու աղ­ջիկ­ներ զա­նա­զան տու­փեր զե­տե­ղած մայ­թե­րու վրայ սնունդ, ծխա­խոտ, քաղց­րավե­նիք կը հա­ւա­քեն ճա­կատ ու­ղար­կե­լու. փոք­րիկ­ներ, պա­տա­նի­ներ ջա­նա­սի­րա­բար ա­նիւ­ներ կը հա­ւա­քեն ռազ­մա­ճա­կա­տի հա­մար: ­Մար­դիկ ա­րիւ­նա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի դի­մաց կը խռնո­ւին վի­րա­ւոր զի­նո­ւո­րին ա­րիւն մա­տա­կա­րա­րե­լու:
Աշ­խար­հի ամ­բար­տա­ւան մե­ծե­րը կրա­կի շտապ դա­դա­րեց­ման եւ զգաստ մնա­լու խոր­հուրդ կու տան, հա­ւա­սար նժա­րի վրայ պա­հե­լով յար­ձա­կող, բնաջն­ջո­ղի ա­խոր­ժակ ու­նե­ցող կող­մը եւ պաշտ­պա­նո­ւող, ոս­կի տղաք զոհ տո­ւող կող­մը: ­Մինչ ցե­ղաս­պան թուր­քը կը շա­րու­նա­կէ յո­խոր­տալ:
­Հե­ռա­խօ­սիս զան­գը, պաս­տա­ռին՝ ար­տերկ­րէն բա­րե­կա­մի մը ա­նու­նը:
«­Սու­րիա­յի պա­տե­րազ­մէն խոյս տո­ւիր, հի­մա ուր պի­տի եր­թաս» կէս կա­տակ, կէս շի­տակ կը հարց­նէ:
«Ոչ մէկ տեղ, հոս իմ հայ­րե­նիքս է…» կը պատաս­խա­նեմ ու ինք­նավս­տահ քայ­լե­րով կ’անց­նիմ խո­հա­նոց կա­տա­րե­լու ա­ռա­ւօ­տեան պարտքս:
­Բուռ մը հա­ցի կտոր­տանք­ներ ճնճղուկ­նե­րուն, ա­ղօթք մեր քաջ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար, թող ա­նոնց բա­զուկ­նե­րը ա­մուր մնան, թող ա­պա­հով ծա­ռա­յեն:
Իսկ զո­հո­ւող­նե­րը՝ սիրտս կը մղկտայ (ին­չո՞ւ զո­հեր, բաւ չէ, ­Տէր Աս­տո­ւած)… ­Զո­հո­ւող­նե­րը հայ­րե­նի­քի պար­ծանքն են, մեր ան­մահ հե­րոս­նե­րը, հպարտ ենք ձեզ­մով ու յաղ­թե­լու ենք յոյ­սով, հա­ւատ­քով ու միաս­նա­կան ան­սահ­ման սի­րով:

One thought on “ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ / ­Պեր­ճու­հի ԱՎԵՏԵԱՆ

  1. Սիրելի Պերճուհի, բոլորիս ուղեղների գալարներում այս մտքերն են, բայց քո խոսքը գազանի ճիրաններից դեռ նոր միայն փրկվածի ճիչ է…

Գրեք մեկնաբանություն