Գէորգ ՊԵՏԻԿԵԱՆ / ԵՎ ՄԵՆՔ՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ…

 

Պատերազմ՝ Արցախում եւ Ռազմական դրութիւն եւ զօրակոչ ու ընդհանուր զօրահաւաք: Կատակ չէ այս մէկը: Արդէն ցնցած է մեր էութիւնը ու ինչու չէ նաեւ համայն հայութեան էութիւնը: Մեր միտքն ու ջիղերը: Ու այս մէկը իրապէս, որ կատակ չէր, որովհետեւ արդէն նոյնքան՝ մահու կենաց խնդիր ալ էր:
Հայ ենք մտքով, հոգիով եւ արիւնով: Եւ երբ աշխարհը իր կեանքը կ’ապրէր, անդին, մեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, հայը, Արցախի սահմանին վրայ, հայը կրկին անգամ հագած էր մարտիկի իր շապիկը եւ յանուն իր հողերու պաշտպանութեան եւ ազատութեան, ինքնապաշտպանութեան դաշտ իջած:
Կռիւը շարունակւում է: Անոր համար՝ հայու մեր հոգին, դարձեալ անհաշտ էր:
Գիտենք, որ Արցախեան տագնապը նոր չէր։ Նաեւ գիտենք, որ նման պարագաներուն «խօսքը» շատ յաճախ պղպջակի կը նմանէր: Ուստի կարեւորած ենք գործի ներկայութիւնը: Եւ ահա «գործը»: Պաշտպանել հայրենի հողը: Եւ ահա… լուրերը: Զոհեր, նահատակներ… տուներու քանդում եւ սակայն նաեւ մահացու եւ ծանր հարուածներ՝ թշնամիին, նոյնն այդ նախայարձակ եւ անողոք մեր հակառակորդին, որոնց ի տես սիրտդ, հայու սիրտդ այդ վայրկեանին տեսակ մը «բանով» կը լեցուի: Անբացատրելի: Յուզումով եւ յաղթանակի ժպիտով:
Այս բոլորին մէջ սակայն, յստակ եւ տեսանելի է մեր հայու ազգային գիտակցութեան ճանաչումն ու այս առթիւ անոր անսակարկ դրսեւորումը: Ազգային ենթագիտակցութիւնը: Միամիտ պէտք է ըլլալ, չհաւատալու համար նման արարքներու: Որովհետեւ, բոլորս Արցախին կողքին կանգնած ենք: Ինք՝ ինչպէս միշտ, այսօր ալ մինակ չէ: Վկայ աշխարհի հայութիւնը: Հայը որոշած է ապրիլ եւ պաշտպանել իր հայրենի հողը: Պատիւ իրեն: Վկայ՝ իր երիտասարդ եւ հզօր բանակը:
Ու ասկէ մեկնած, հայը որոշած է միշտ հաւատարիմ մնալ իր էութեան եւ իր պապենական հողերու ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին:
Հեռու աժան գաղափարականութենէն: Իրեն համար, իր անցեալին մէջ մահ չկայ եւ որոշած է նոյն ոգիով ալ շարունակել իր ներկան: Ու յաղթելու ենք, ուրիշ ճար կամ «ճամբայ» չունինք:
Հայը այսօր արդէն մոռցած է ամէն տարակարծութիւն ու պատրաստ՝ միասին եւ միահամուռ ե՛ւ ձեռք-ձեռքի, ե՛ւ կողք-կողքի պաշտպանելու իր հողն ու անոր վրայ ապրող իսկական տէրը: Այս բոլորը բաց աւետարանի նման կարելի է տեսնել, կարդալ եւ սորվիլ եւ միաժամանակ կոյր եւ խուլ ձեւացնող աշխարհին՝ ցոյց տալ, թէ մենք հայերս մեր արեան մէջ կը կրենք մեր անցեալն ու ներկան:
Ու մեր երկիրը, շնորհիւ իր բանակի երիտասարդներու մարտնչող ու բարձր եւ մարտունակ ու պատրաստակամ ոգիին եւ կամաւորական գունդերու պատրաստակամ կեցուածքին, բացած է իր սիրտը ու պատրաստ հակառակորդին ծանր հարուածելու՝ յանուն իր գոյութեան:
Պատերազմ՝ Արցախում եւ Մենք յաղթելու ենք: Մենք պատրաստ ենք ամէն գնով պաշտպանելու մենք զմեզ, եւ ո՛չ ոքի արտօնուած է պղտորել՝ մեր կեանքի հոսքը, խլել՝ մեր պապենական հողն ու մեր երկրի՝ ազատութիւնը:
Ոչ ոքի: Այս է մեր իրականութիւնը, եւ այսպէս ալ պէտք է, որ մնայ, որովհետեւ նոյն այս իրականութիւն կոչուածը, հասած նուռի նման արդէն ճաթած է:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։