ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Արան ճանչցայ գործի վրայ: 1970 թուականն էր, կը պատրաստուէինք բազմամշակութային տաղաւարին մէջ կազմակերպելու հայկական օրերը: «Համազգային»ն էր պատասխանատուութիւնը ստանձնած, ու կ’աշխատէինք հետաքրքրական ցուցահանդէս մը մէջտեղ բերել: Ամբողջ յոգնութիւնը երեք օրուան համար էր, քանի որ ուրիշ ազգութիւններ ալ նոյն վայրին մէջ յաջորդաբար իրե՜նց մշակոյթը պիտի ներկայացնէին: Սակայն չէինք կրնար առիթը փախցնել:Նորութի՜ւն կ’ուզէինք բերել: Ու բնաբան էինք ընտրած ՝ «Կա՜նք, պիտի լինե՜նք ու դեռ շատանա՛նք»:
Երկու տարի առաջ միայն ծանօթացած էի իրեն: Գիտէի, որ զաւակն էր անուանի նկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի, որուն Հելիոպոլսոյ աշխատանոցը կ’երթայի՝ հետեւելու իր դասերուն: Գիտէի նաեւ, որ Արային նախաձեռնութեան շնորհիւ նախապէս ալ նոյն այդ «Մարդը եւ իր աշխարհը» (Էքսփօ 67-ի շարունակութիւնը հանդիսացող) տարեկան ցուցահանդէսի շրջափակին մէջ յաջողած էինք մեր երգն ու պարը բեմ հանելու, ծանօթացնելու Մոնթրէալի ժողովուրդին ու Մոնթրէալ այցելող զբօսաշրջիկներուն:
Դիմեցի իրեն, որ ձեռք մը տայ: Առաջարկեց լուսանկարել մեր նորածին երեխաները, եւ իր արուեստի խոր ըմբռնումով ստեղծուեցաւ ամբողջ պատ մը, մեր զաւակներու մեծադիր լուսանկարներով՝ մեր ընտրած բնաբանին ճի՜շդ պատկերացումով:
Յաջորդ տարի անգամ մը եւս իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Արա, այս անգամ լուսանկարելով ու ցուցադրելով Մեծ եղեռնէն վերապրած մեր մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը՝ հայուն տոկունութեան ու ապրելու կամքին որպէս խորհրդանիշ:
Աւելի ուշ առիթը ունեցանք նաեւ նոյն այդ մշակութային միջավայրի, այս անգամ՝ երգիծանկարներու տաղաւարին մէջ մեծարելու անուանի ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանը, որուն վաստակին նուիրուեցաւ տաղաւարը այդ տարի:
Պատահմամբ կը յայտնաբերէ իր գրական ձիրքերը: Իր հերոսները պարզ մարդիկ են, փողոցի լաճեր, վաճառորդներ, դռնապան ու հացագործ, որոնց հետ հանդիպում մը, կարճ զրոյց մը առիթ են գրելու, ու կեանքի իր իմաստասիրութիւնը պարզելու: Նոյնիսկ անասունները իրեն հետաքրքրական նիւթեր հայթայթած են: Ամբողջ կեանքը շուներու հաւատարմութիւնը վայելած է Արա, զրկուած ըլլալով սեփական ընտանեկան հարազատներու անմիջական ներկայութենէն: Բայց անոնք միշտ ներկայ են իր յուշերուն մէջ, ու անոնց հետ կապերը, աշխարհի ո՜ր ծայրն ալ որ գտնուին, զինք կեանքին կապող կարեւոր թելերը կը հանդիսանան: Իր գրեթէ առօրեայ հեռաձայնային խօսակցութիւններուն ընթացքին Արա միշտ ալ անոնց կեանքէն դրուագ մը ունի ինծի պատմելիք:
Իր տունը թանգարան մըն է, մուտքի գաւիթէն սկսեալ մինչեւ ննջասենեակ ու խոհանոց, թանգարան մը՝ ապրող կամ անմահութեան գիրկը հանգչող իր սիրելիներուն լուսանկարներով, Օննիկի եւ Սարուխանի կտաւներով կամ անոնց վերարտադրութիւններով, իր քաշած լուսանկարներով, զանազան յուշօններով, արձանիկներով, իսկ իր աշխատանոցը՝ խառնարան մը թուղթի եւ լուսանկարներու դէզերու, համակարգիչներու եւ տպիչներու, լուսանկարչական գործիքներու, եւ մասամբ նորին:
Արա Օննիկ Աւետիսեան՝ հայու ճակատագրի խորհրդանիշ մը, իւրայատուկ խորհրդանիշներէն մէկը:
Մարտ 31-ին Արա կը թեւակոխէ իր 90-րդ տարին այս երկրագունտին վրայ: Երազներով ու ծրագիրներով տակաւին խանդավառ…
Իրեն կը մաղթենք արեւոտ շատ օրեր: