ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ
Ահեղ կոհակը Ջարդի, որ հայածուծ արեան մէջ
Թաթխեց գիւղդ, եւ դուն բոպիկ ու անօթի
Գաղթի ճամբան բռնեցիր քովիկը մօրդ փէշին,
Ի՞նչ գոյն, ի՞նչ ցաւ կը տեսնէիր, Ոստանի՛կ:
Գիւղդ դատարկ է հիմա: Հարիւր տարուայ
ոճրագործի համրութիւն:
Պարտէզները դեռ կանաչ են, բայց հին
զմրուխտը չունին.
Աքլորներու, հաւիկներու կչկչուն, Վանայ Լիճը
տանող ճամբուն
Յարդի դէզեր կան նստած լուռ եւ նոճիներ փսփսուն:
Այսօր՝ կիներ լաչակաւոր եւ վառվռուն երեխաներ
Հողէ ճամբուն տնակներէն իրենց փափուկ հոգիներով
Կը դիտէին ուխտաւորները նախկին ցեղին
Երբ Քիւրտ մը եկաւ ու ըսաւ. «Այստեղ Հայեր կ’ապրէին:»
Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց դուն
ընդմիշտ պահպանեցիր
գոգնոցը մօրդ սովահալած, լուսախտիղ
արեգակը Խորգոմի:
Պոսթընի մէջ, Նիւ Եորքի մէջ կայնած
երկար հասակով
Երկինքներէն գոյներ բերիր՝
ձեւին իմաստ սրսկեցիր:
Յորդուն էիր կեանք ու երգով, ու դոփելով
Թաշկինակը ձեռքիդ մէջ, Տըլէ եամա՛ն
Առինքնեցիր շողով գոյնիդ, սրտիդ դողով,
Բայց արդեօք ո՞վ հասկցաւ թէ՝ ուրի՛շ թախիծ,
յարածփուն ա՛յլ կարօտներ ունէիր:
Վերջին վհուկը սակայն՝ ո՛չ ընտանիքդ, ո՛չ Աստուած,
ո՛չ բարեկամդ տեսաւ.
Քեզ հալածեց ու մահաբեր թոյնի սրուակը ճօճեց:
Երբ միայնակ ու յուսաբեկ՝
վիզիդ պարան կ’անցընէիր
Արշիլ Կորքի, կեանքէն հոսող ի՞նչ սեւութիւն,
սիրտդ խայթող ո՛ր դրուագը կը սգայիր:
Մարած վարդի հորիզոնին Վանայ լիճը կը խռովի
թէ ո՞ւր մնաց Ոստանիկը,
Սուրբ Խաչ անքուն ճգնաւորը կապոյտ աղօթք
կը ծածանէ.
Ինչ որ տարաւ սէրը կեանքէդ՝ բերած ենք ետ,
Ուխտի՛ եկանք շէկ հանճարիդ,
Խունկի նման խռովայոյզ, քնարի պէս օրհներգակ.
Անապաստան ապրեցար դուն,
ապաստարա՛ն տուիր մեզի,
Ընդունէ՛ այս ոսկեսկիհը՝ հեզայոյզ մեր խօսքերուն
Կենսայարոյց գոյներու մշտամորմոք շարական:
ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Տունս նման է բլուրի
Բլուրը՝ դիզուած փլատակի:
Այլեւս ծովէն թռչուններ չեն անցնիր
Զանգակը խլուած է եկեղեցիէն:
Խաչն ալ հանուած է գմբէթէն:
Մնացի տեղէ մը կախուած
Թեւերուս քամին պոռթկաց
Գոյներս անցան սահմաններ:
Ցեցը չէ կերած մօրս գոգնոցը
Սրածայր մուճակներս ոտքիս են դեռ:
Ծիրանի ծառ ու ջաղացք եւ պաստառներ հրկիզուն
Ժամանակի ուռկանին մէջ ամպ դարձած դէմքեր.
Բան մը պատահած է, չե՛մ գիտեր ինչ է:
Խաչը դրուած չէ գմբէթին, զանգակը կը ղօղանջէ,
Դատարկ շրջանակ՝ Աստուծոյ ձեռքին մէջ:
Բան մը պատահա՛ծ է:
Ծիծաղականչ գիւղս ծերացեր է,
Յիշողութիւնը կորսնցուցած
Ականջը տուած ալիքներուն՝ ի՞նչ կը սպասէ.
Ճռուողուն օրօրոց, ճօճուող պարան,
Տարեր է մշուշը բանալին իր յիշողութեան:
Այն օրերուն՝ ինք ալ զիս կը յիշէ՞ր արդեօք: