Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Առաջին օրէն գրիչ ու
մուրճ առած
Գծեց քանդակեց արարիչն այս հողեղէն,
Մերթ արեւաթագ արքայ բաղնիքէն նոր ելած,
Մերթ անմեղայ մարդկութեան
խղճմտանքի դարբին։

Երկու երգ փսփսաց ցորեններու ականջին
Պարեցին ցորենները հովածփուն, հոլանի։
Լուսափրփուր կիներու եւ ծիծերու թխաթոյր
Կաթոգին սէր բաշխեց ու կիրքի յորձանուտ։

Կարմրաշառայլ պառերէն դարձաւ
գիւղը հայրենի
Հօր օրհնութիւնը խնդրեց, մօրը
կարօտը կարդաց.
Երգեց գրիչ եղեգնեայ, մարած օճախ,
ցաւած ցուպ,
Ցողունաբեկ Արմենուհի եւ արծուեբոյն
Անին լքուած։

Սերմնացանի ափին անհունի հունտ դրաւ
Ու հրաշէկ ձիուն թամբեց հզօրութիւն,
Գրկեց ուլիկը արիւնլուայ ու լուռ
Եւ բանուորուհին հանապազօր հազով։

Իրմէ կաթիլ մը արցունք՝ աղքատ
տունի սեղանին
Իրմէ բուռ մը կարմիր հող՝ տուն
չդարձող մարտիկին,
Դատարկ նաւուն լքուած ղեկ –
ու ծածանո՜ւմ հրաշքի
Լոյսի ալիք, յորդ ակներգ
այս հեթանոս Յիսուսին։

Ինչպէ՞ս ծաղկեցուց բառեր հրաշուշան,
Ծրծունքեց ամբարները պատմութեան թաքուն,
Իր երկերը դարձան զանգեր օրհներգութեան,
Աշխարհի չորս ծագերուն
խաղաղաբոյր խնկաման։

Նկուղին մէջ ուր մահուան ահն օրէ
օր կը մեծնար
Հայրենի գիւղը շողացուց ու
շաղեց հացը կենաց.
Նոր առասպելի լոյսը հազիւ քանդակած
Օգոստափառ իր ղօղանջը՝
մորթուած ճիչ դարձաւ։

Անկէ ի վեր այդ արնոտ արահետէն
մարդ չանցաւ.
Ինկա՜ւ քերթողը որուն դիւցազն հոգին կը լուսէ
Կարմիր ուխտի զրահանդերձ առաքեալն
այս Տիրազարմ
Ընդամէնը՝ երեսունմէկ տարեկան։

Քանի արցունք, քանի կսկիծ, քանի՛ ամեակ
դարձած բուրվառ՝ կ՚օրհներգե՜ն քեզ ծագէ ծագ
Ամայութեան մէջ՝ ամրակուռ
քերթողութեան մայր տաճար։

ԱՄՆ

One thought on “Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։