Դիմանալ / Պերճուհի ԱՎԵՏԵԱՆ

Ժողովրդական առածը պատկերաւոր իր նկարագրութեամբ կը ներկայացնէ վերնագրի թելադրանքը:
Ցաւը տուին քարին
ճաքեցաւ ու չդիմացաւ
Ցաւը տուին լերան
տատանեցաւ ու չդիմացաւ
Ցաւը տուին մարդուն
զարմանալիօրէն
տոկաց ու դիմացաւ:
Վերջին շրջանին քաղաքիս հայահոծ Նոր-գիւղ թաղամասը թիրախ դարձաւ թռչող պայթուցիկ կազի տակառներու, որոնք (տեսաերիզներով ցուցադրուած) գորում-գոչումներով, ամենաբարձեալն Աստուածը կանչելով անմարդկային ոգեւորութեամբ կ’արձակուէին զինեալ՝ իբր յեղափոխական խմբաւորումներու կողմէ, յիշեցնելով դար մը առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան վայրագ պատկերները:
Ու քարերը չդիմացան պայթումին, փուլ եկան, շէնքերը չդիմացան հարուածին քանդուեցան իսկ հայ մարդը դիմացաւ… դիմացաւ բայց կորուստը անասելի էր, եկեղեցի, դպրոց, բարեսիրական կեդրոն, գործատեղի ու բնակարան, քաղցրիկ տուն…
Անհաւատալի բայց իրաւ ահաւոր այս վիճակին հանդիման այլայլած բնակչութեան կողքին խումբ մը անձուրաց ու նուիրեալ տղաք հերոսական վազքով օժանդակեցին խուճապահար ժողովուրդին:
Ընկերային հաղորդակցութեան աշխուժագոյն ցանցը Ֆեյսպուքը նախ ողողուեցաւ ահազանգերով, կոչերով ու ապա ցաւալի լուսանկարներով… քանդումներ, վիրաւորներ, զոհեր: Անդրադարձը՝ ցաւակցական մեկնաբանութիւններ ու ցաւի տիրոջմէ առաւել ցաւը որդեգրողներու խմբակը ստուարացաւ: Սրտակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը մարդակային շնորհ է, սակայն աղէտի դիմաց արագ գործակցութիւնն է սպասուածը:
Անտէր մնացածի զգացումը եկաւ միանալու աղէտին, հեղեղի նման տեղացող ռմբանման պայթուցիկները ո՞վ պիտի կասեցնէր կամ պատասխան տար, գոնէ տակառի դէմ տակառ, Մովսիսական օրէնքի ուղեգծով… անպատասխան կոչ… համատարած անտարբերութիւն:
Մենք անտէր չենք գոչեցին դիմացող մարդիկ, ունինք զոյգ հայրենիք, զոյգ Կաթողիկոսական աթոռ ու աշխարհացրիւ ազդեցիկ հայորդիներ:
Տակաւին վերջերս Հայաստանի Նախագահը առատաձեռնօրէն պարգեւատրեց արժանաւոր հայորդիները անոնց շնորհելով շքանշաններ: Հազար շնորհաւոր արժանիներուն, իսկ նման շքանշաններ մարդու արժանիքը ցոլացնելու կողքին կրկնակի պատասխանատուութեան զարդեր են, որոնց արդարացումը միայն դժուարին պայմաններուն ի յայտ կու գայ:
Վարձքը կատար նաեւ շնորհողին, որ երկրի բազմապիսի հոգերու կողքին մտահան չ’ըներ արժանաւորները: Յատուկ ողջոյններ Սփիւռքի նախարարութեան, որ հաւանաբար իմանալով համայն հայութեան ուղղուած հալէպահայերու հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը իր խորին սրտակցութիւնը յղէ պատուաստուած ծաղիկներու փունջով մը:
Թերեւս այս առթիւ ԱԳ նախարարութիւնն ալ ՄԱԿ-ի իր ներկայացուցիչին ականչին բաներ մը փսփսայ, ինչ իմանանք, ամէն ինչ կարելի է:
Ահաւասիկ համացանցով հասաւ քառասմբակ արձագանգը Վատիկանէն, Արամ Ա. Վեհափառ զօրավիգ կը կանգնի, Սուրիական պատասխանատուներու հետ հեռաձայնային կապեր հաստատած ու տակաւին ընդդիմադիրներ շրջանակներու հետ միջնորդական կապեր… խորունկ շունչ մը Նոր-գիւղաբնակներ որ ափսոս… դարձաք մառանաբնակներ, շուտով աշխարհը պիտի իմանայ որ աղետեալ Հալէպի կուրծքին տակ հայավարի կը բաբախէ կործանեալ Նոր-գիւղի բնակչութեան սիրտը:
Այլ արձագանգներ եւս պիտի գան շուտով հատելով հեռաւոր լեռներն ու կիրճերը, Հայ դատի յանձնախումբեր պիտի ծառանան սպիտակ սանդուխներու վրայ սեւամորթներ որոնելով… անկասկած կը հաւատանք:
Սակայն ուղեղիս խորշերուն մէջ սատանան իր ծուռ միտքերը կը տեղադրէ. «Մի՞թէ կրկին կ’օգտագործուիք որպէս փոքրա…»
Ետիս գնա՛ սատանայ, մենք արժանաւոր մարդիկ ենք, քիչ ենք բայց հայ կը կոչուինք ու դիմանալ գիտենք:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։