Գացէք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին
Չար բաներուն բարեւ ըսէք մեր կողմէն
Ըսէք գիտենք թէ անոնք կան ու միշտ կրնան պատահիլ
Ըսէք գիտենք թէ կրնան
Օր ցերեկով մութ գիշերով յանկարծակի գալ մեզի
Բայց դուք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Քանի որ դուք չէք գիտեր ինչ
Քանի անոնք չեն գիտեր ինչ
Սէր ու սիրով
– Մերթ կենսուրախ – շաղ ու շողով
– Մերթ յուսաբեկ – ահ ու դողով–
Շիւղ շիւղի
Շիներ ենք մենք մեր աշխարհը լոյս օրերու հիւրընկալ –
– Պզտիկ աշխարհ մը որ հազիւ հազ կրցեր է պարտկել
Մեր պզտիկ կեանքն ու մեր անդորրը ջերմիկ –
Այս բոլորը գացէք ըսէք չար բաներուն – եւ ըսէք
Որ չըլլայ թէ պատահին –
Երբ պատահին հեռու մնան մեր այս տաքուկ երդիքէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին
ԿԱՊԱԴՈՎԿԻԱ[1]
1
Հողն ու աւազը գացին –
Եւ անոնք
որ զօրեղ էին այնքան
որ դէմ դրին հողմին հեղեղին
Մնացին –
Մնացին դէպի երկինք երկարող ճիչերու պէս
անմահութեան գդակ մը իրենց գլխուն[2]
2
Յետոյ մարդը եկաւ –
Մարդը աղօթել ու փորել գիտէր –
– աղօթեց փորելու համար
փորեց աղօթելու համար –
ու խոռոչներէն
գոյնզգոյն աղաւնիներ թռան
դէպի գոյատեւում
3
Եւ Աստուած
– որ դեռ նոր իր որդին ղրկեր էր Երուսաղէմ –
շրջապատուած իր մարգարէներով
եւ հրեշտակներով
իջաւ հովիտն ի վար –
մինչ մարդը գետնափոր ապաստաններուն մէջ
կը դրոշմէր Անոր կնիքը
փոշիին վրայ պատերուն
4
Յետոյ մարդը գնաց
ու քարերը մնացին բերանաբաց
իրենց ներսի նկարները չմարսած տակաւին
եւ լուսամուտներն էին աչքերու պէս
որոնք պարապին պիտի նային
յաւիտեան
5
Ու մարդիկ խորհեցան թէ Աստուած ամէն տեղ էր
թէ Աստուած կար արդէն առանց ժայռերուն
թէ ժայռերը կային առանց Աստուծոյ
կամ թէ ոչ Աստուած եւ ոչ ալ ժայռ կար
առանց իրենց
6
Այսօր
այս ժայռերուն առջեւ կիսափուլ
այս տաճարներուն ներքեւ կիսաւեր
այս նկարներուն ի տես կիսաթափ
մեզմէ ոմանք կ’երթան ետ դէպի անցեալ
մինչ մեզմէ ոմանք դէպի ապագայ
Հովիտին խորը գետ մը կը հոսի[3]
Ժամանակին դէմ
[1] Պատմական երկրամաս Փոքր Ասիայի արեւելքում, այժմ՝ Թուրքիայի տարածքում։ Հնագոյն հայկական աղբիւրներում յիշատակւում է Գամիրք անունով։
[2] Ակնարկում է Կապադովկիայի Իւրկիւր շրջանի հողէ սիւները, որոնք նմանեցնում է մարդու, իսկ նրանց գագաթի ժայռերը՝ գդակի։
[3] Հաւանաբար նկատի ունի Հալիս (Ալիս) գետը։
