– Հէ՜յ, բարե՛ւ ծերուկ.- մանուկ Նոր Տարին ինքնավստահ բարեւեց:
Հին Տարին ձեռնափայտին վրայ հենած, թարթելով յոգնած աչքերը նայեցաւ պճնուած մանուկին, որ քաղաքի փայլուն լոյսերով հմայուած կ’ոստոստէր:
– Իրաւունք ունիս, որդի՛, ճիշդ երեքհարիւր վաթսունվեց օր առաջ ես ալ քեզի նման աշխոյժ մանուկ էի.. ես ալ իմ նախկինիս բարեւեցի ու…
Ծերուկին ձայնը մարեցաւ, բայց ուժերը հաւաքելով շարունակեց:
– Կը տեսնես այս զարդարանքները, փայլփլուն լոյսերը…- Հին տարին կը հեւար, բայց յամառօրէն շարունակեց.- Ժամերս կը մօտենան ու մարդիկ անհամբեր են, որ ալ հեռանամ, ճոխ սեղաններ պատրաստած կը համրեն ժամերը, կենացներ կը հնչեցնեն գալուստդ ողջունելով, մեծ ակնկալիքներ ունին… չշլանա՛ս, այդ խրախճանքները քեզի համար չեն, որդի՛, մարդիկ կը սիրեն մակերեսային երեւոյթները, կը սիրեն առիթներ օգտագործելը, կը խանդավառուին նախկինը ճամբելով ու նորը ողջունելով: Շուտով բանիմաց կը դառնաս ու կը հասկնաս, որ դուն չորս թուանշաններէ բաղկացած անուն ունիս, օրացոյցի թերթիկներ, որոնք յաջորդաբար պիտի իյնան, չքանան: Նոր տարուայ սեմին, երբ տակաւին երկիր մոլորակի վրայ կը մոլեգնին պատերազմները, չարաշահումները կը շատնան, անճրկած մարդուն կը մնայ պարզապէս շողշողուն լոյսերով, տօնածառերով ու մաղթանքներով դիմաւորել նոր տարին եւ յուսալ, յուսալ, մաղթել ու սպասել:
Մաղթանքները…
Միայն գինիով, կարմիր, կիսաքաղցր ինչպէս կեանքը, փրփրոտ ինչպէս մաքրող օճառը, անապակ ինչպէս մանկան հոգին…
Ու բաժակը ձեռքիս, խաղաղութեան անխուսափելի մաղթանքը շրթունքներուս կը տատամսիմ. այս գինին մի՞թէ պատրաստուած է այն այգիի խաղողէն, որուն այգեպանը, տարի մը ամբողջ անխոնջ աշխատանքով բերք հասցուցած, զայն բեռնելով դէպի գործարան կը սպասէր օրերով ու ստիպուած ինքնագնով կը վաճառէր մուծելու համար դրամատան հարկերը.. կը կլլեմ ումպը, դառն է:
Բաժակը կրկին առաջ կ’երկարեմ, միասնականութեան մաղթանք… ծամածռութեամբ կը տատամսիմ, հեռատեսիլի պաստառին քզքզուք, ֆէյսպուքի էջերուն վրայ անվայել մեկնաբանութիւններ, լուտանք, հայհոյանք: Կը կլլեմ ումպը, ցանկալով «ամենացանկալի» միասնականութիւնը: Կը նայիմ երկնքին, լողացող ամպերուն, հեռուն լուսաւոր պսակը գլխուն մեր խորհրդանիշ ԼԵՌ-ան ու կը մաղթեմ: Թող այս ԻՐԱԿԱՆ հողին վրայ մեր երազանքը մնայ անխաթար, իրականին զուգահեռ մեր հոգիներուն, մեր մտածողութեան մէջ վառ մնայ պատմականն ու մեր պատմութիւնը, սէրն ու համերաշխութիւնը:
Տակաւին տասնեակ մաղթանքներ… արտագաղթի կասեցման, ջուրի-արեւի օգտագործումով ուժանիւթի ստեղծման, խոպան արտերու շահագործման, գիտութեան, գրականութեան ոլորտներու բարելաւման մասին…
Կ’իրականա՞ն մաղթանքները…
Դե՜հ Նոր Տարի,
Գալուստդ ողջունելի,
Եղիր ԽԱՂԱՂ, Եղիր ԲԱՐԻ:
