Անայիսը, Զահրատին կողակիցը, հնամենի բարեկամ, հարիւր տարեկան։ Այսքան տարիէ ի վեր զմայլանքով հետեւած եմ իր կորովի աշխատանքներուն, զօրաւոր յիշողութեան, կուտակուած գիտութեան։
Անշուշտ ան ալ մեզմէ շատերուն նման ունէր նկարագիրի անհանդուրժելի, խստաբարոյ կողմեր։ Սակայն բովանդակ դար մը տեւող ապրուածութիւնը, խոր ծերութեան մէջ, զինքը վերածեց դիւրաւ համաձայնող, սիրուն ու սիրալիր ծերունիի մը։
– Կ’ուզեմ որ իր աշխատանքէն տող մը իսկ անտիպ չի մնայ, կ’ըսէր միշտ։
Գրադարանի գիրքերուն, ծրարներուն, տետրակներուն մէջէն ծուռիկմուռիկ առնուած նօթերը, երկերու առաջին փորձերը, գծագրութիւնները, կատուի էսքիզնեը… ինչ որ Զահրատին մատիտին ծայրը հպած էր, բոլորը ձեռքէ կ’անցնէր։ Երբ Զահրատը անմոռացութեան ենթարկուեցաւ, ինք պարապ չկեցաւ, երեք հատոր եւս հրատարակուեցաւ իր ջանքերով։ Գոհ էր, ուրախ ու յագեցած էր, քիչ մըն ալ յոգնած՝ այլեւս։
Այս տարի երբ իր տարեդարձը շնորհաւորեցինք, ըսաւ թէ Զահրատի ծննդեան օրերու հաւաքոյթները պիտի չսարքեր այլեւս։ Այդ միասնութիւնները գրական օրերու հանգամանք ունէին միանգամայն։ Մայիսի տասնին, եթէ Պոլսոյ մէջ ըլլայի, անպայման կը մասնակցէի։
***
Այս տարի, երբ Երեւանէն վերադարձայ Նոյեմբեր ամսոյն, եւ այցելեցի զինքը…։ Այո բնական երեւոյթ է, տարիները առողջութեան տեսակետէ որքան ալ առատաձեռն վարուած ըլլան իրեն հանդէպ, իրենց աւերը գործել սկսեր էին արդէն։
Երկու ձեռքերս ափերուն մէջ, նստէ, կ’ըսէ, քիչիկ մը եւս… տեսա՞ր հիմայ… Անայիսը ալ քու գիտցած անձդ չէ… գլխուս մէջը պարպուեցաւ, ո՞ւր գնաց այդ բոլոր գիտելիքները… նայէ, շատ բան կը մոռնամ, սակայն եթէ ուշանաս գալու, չեմ մոռնար։ Եթէ ուշանաս, թերեւս զիս չգտնես…։
Անայիսին հոգածուները իր քրոջը Արաքսիին եւ Կարպիս Ուղուրլուեանին երկու տղաքն ու Հայաստանցի հարսերն են։ Տօքթ. Արա Ուղուրլուեանը Աւստրիա կ’ապրի եւ ամէն առիթով նոյնիսկ մէկ երկու օրուայ համար ալ ըլլայ, Իսթանպուլ եթէ գայ, անպայման կ’ուրախացնէ իր «մոյիթան» Անայիսը։
Իսկ Համոյին կինը Աննան որ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի եւ երկուորեակներու մայր է միանգամայն, իր ամուսնոյն հետ, սիրայօժար սատար կը հանդիսանայ Անայիսին պահանջքները տեղադրելու։
Ամէն առիթով որ կ’այցելեմ զինքը, առանձին մի թողուք զիս, կ’ըսէ, կը տարուի միջոց մը, բան մը ըսել կ’ուզէ, մոռցայ, կ’ըսէ, մեռնիմ ալ, կ’ըսէ…։
Լսելու ընդունակութիւնը բոլորովին տկարացած է արդէն։ Նորէն ալ, հեռաձայն բաց կ’ըսէ, Կոմիկեանին, Ովսաննային, Տարոնին։ Սիրոյ զգացումը, մոռացութեան դէմ յաղթական է արդեօ՞ք։
***
Ամսուն տասնըութին գացի նորէն։
– Ով ըսաւ չեմ գիտեր, Զարեհին տարելիցն է եղեր, ցուցահանդէս կայ եղեր, հիմայ կը յիշեմ, պահ մը յետոյ կը մոռնամ… ո՞վ ըսաւ արդեօք, չեմ յիշեր…։
Սակայն գիտե՞ս ինչ կը զգամ։ Զարեհը հիմա մեռաւ, նոր մեռաւ, ես այլեւս անոր ոչ թէ ծնունդը, այլ մահը կը խորհիմ։ Սաթենիկ, դուն ես չէ՞ քուզում (գառնուկս) գրէ նորէն, Զարեհին հրաժեշտը գրէ, թէպէտ ոչ կ’իմանամ, ոչ կը տեսնեմ, ոչ ալ կը յիշեմ…։ Դուն նորէն ալ գրէ, անոր այս աշխարհէն մեկնիլը, մեր կորուստը, պակասը…։
***
Անշուշտ բոլոր այս խօսքերը նախկինին նման հեզասահ, մէկ շունչով չէր կրնար արտասանել։ Մէկ մէկ, դանդաղօրէն, կմկմալով, լեզուի անհասկնալի գալարումներով խօսիլ կը ջանար ու իր անկար վիճակէն անհանգիստ, ձեռքս ամուր բռնած՝ երեսս կը նայէր…։
Ու ես հասկցայ, ու գրեցի սիրելի Զահրատին մահը…։ Անայիսին համար գրեցի։
Բանաստեղծ էր, մեծ քերթող… հետը ճամբայ ելանք, ինք երգեց, մենք երգելու պէս ըրինք։
Մենք երգելու պէս ըրինք եւ ինք, աւելի մեծ եռանդով թափ տուաւ իր ստեղծագործութեան։ Տառը տառով, բարը բարի քով, հոյակապ երկեր նուիրեց մեզի։
Օր մըն ալ, այսպէս ձմռայ օր մը Փետրուարի, հաւաքեց իր չարտասանուած բոլոր խօսքերը, գիրերը, տողերը, այդ սքանչելի տաղերը արաւ իր քով, ու հրաժեշտ առաւ մեզմէ։
Հիմայ մենք տամկացած աչքերով ու թեթեւ մը ժպիտով, անպայման ժպիտով, դարձեալ ու դարձեալ կը կարդանք իր հիւմորով ողողուն սրամիտ քերթուածները։ Քերթուածները որոնց մէկ ծայրը հոն է, Զահրատին սրտին ու մտքին մէջ, իսկ միւս ծայրը դեռ կը շրջի աշխարհի չորս ծագերը։
***
Աւա՜ղ, թափուր մնաց Գնալըի տան պատշգամին մէկ անկիւնը… իր անկիւնը։ Աւա՜ղ որբ մնացին հոն՝ տանը շուրջբոլորը տէր ունեցողի հպարտութեամբ թեգերող կատուները։ Աւա՜ղ փլաւ Անայիսին, իր կողակիցին կողը ամրապնդող յենարանը։ Աւա՜ղ իր ամենահաւատարիմ երկրպագուներէն մին կորսնցուց հայ գրականութիւնը։ Սիրողներուն սրտերը տոգորուեցան կորուստի ցաւով, ճակատագրի դէմ ցասումով, Զահրատի կարօտով։
***
Ծոյլ քայլերով կը յառաջանար դէպի նաւամատոյց, կ’ուրախանար երբ զիս տեսնէր։
– Սա լրագիրները… կ’ըսեր։ Հոն, Գարամանուկեանի տան դիմաց, Հրանդ Տինքի ճեմապարտէզին առջեւ կը սպասէր։ Կ’առնէի, կը բերէի Մարմարան, Ժամանակը, Ակօսը։
Եթէ այդ օրուայ լրագիրներէն մէկուն մէջ իր մասին գրուած ըլլար, կամ իր երկը տպուած, առաջին օրուայ դարմութեամբ կ’ուրախանար։ Կը կտրէր գրութիւնը իր արխիւին մէջ կը դասաւորէր անմիջապէս։
***
Դրան առջեւէն կ’անցնէի յաճախ, ինք առաջին յարկի պատշգամին մէջ սեղանին գլուխը նստած կ’ըլլար։ Կը բարեւէի, խնդալիք բան մը կը պատմէր անպայման, տրամադրութիւնս փոխուած, կը շարունակէի ճամբաս։
– Եկո՛ւր, կ’ըսէր երբեմն կամացուկ մը, Անայիսը ներսը կը քնանայ, սուրճ չեմ եբեր, սակայն նոր քերթուածս, դո՛ւն կը կարդաս առաջին հեղ։
Երբեմն գրածին մէջ թեթեւ բան մը կը փոխէր իմ ակնարկներուս անսալով։ Ալ ենթադրեցէք թէ ես ինչպէս «հանճարեղ գրող» կը զգայի ինքզինքս…։
***
Գնալըի հողը, ծովը, քարերն ու հողմը Զահրատին չափ գեղեցիկ երգող չկայ այլեւս։
Ծով-Ծաղիկ
Ծովը կ’երգեմ ամէն օր
Կը կարօտնամ նորէն ալ
Բայց շատեր ճպուռ կ’ըսեն։
Ծովը ծաղիկ կը բանայ
Ահա կ’ըսեմ ծով-ծաղիկ
Իսկ շատեր փրփուր կ’ըսեն
Գլուխս կ’առնեմ կ’երթամ
Փրփուրներուն ընդմեջէն
Երբ շատեր եկուր կ’ըսեն
Ամէնէն գեղեցիկն է
Ասիկա փախուստներուն
Մինչ շատեր ի զուր կ’ըսեն
Հայ բանաստեղծութեան թախծալից դիմակը փոխող, զայն քերթուածով եւ երգիծանքով «նորմալ»ի վերածող երկասացը կորսունուցինք։
Տարողութիւն
Ժպտելու պատճառ
եւ ոչ ալ առիթ
Պիտի չունենար Ապպաս
Եթէ քերթուածը չըլլար
Տխուր է կեանքը ինքնին
– Ըստ Ապպասին
Քերթուածը ծաղրն է կեանքին
Կեանքի դժուարութիւնները՝ ինքնուրոյն Զահրատեան ոճով ինչ լաւ մէջտեղ կը դնէր։
Իր ապագան շալկած կ’երթայ
Պահ մը գետին դնէ շունչ առնէ
Կը կոխեն կ’անցնին
Խօսակից
Խօսակից կատու մը գտայ
Ականչ կու տայ ինծի ուշի ուշով
Ոչ կ’առարկէ ոչ կը քննադատէ
Խօսակից կատու մը գտայ –
Չի խօսիր- անտեղի պատասխան չի տար
որ սիրտս չկոտրի
Բայց ըսածդ չի հասկնար կ’ըսէք
Հոգ չէ
Արդէն Ագապին ալ չի հասկնար
Եւ Զահրատը իր լաւատեսութիւնը կը փոխանցէր մեզի ամենապարզ ձեւով։
Աղուոր Բաներ
Աղուոր բաներ կը պատահին
Աղուոր բաներ երբ պատահին
ջութակ մը հին
Կը թօթափէ իր խուլ փոշին
կը նուագէ
Մեր մանկութեան երգերէն մին
Մանաւանդ ամառները Գնալըի մեր տան սեղանին շուրջ կը հաւաքուէինք, Զահրատենք, Ուղուրլուեանները, Գարամանուկեանը, Կոմիկեանը, Էրգմանը եւ ուրիշներ։
Օր մը Պոլսահայ յայտնի ընտանիքի մը ճաշկերոյթին հրաւիրուած էինք։ Սեղանին վրայ զուտ հայկական ուտեստեղէններ։ Թօփիկ, փայծաղի լիցք, ձէթով փաթոյթ, հայկական բլաքի եւլն.։
Մայրս Զահրատին կից աթոռը նստած էր, ես ալ անոր քով։ Միջոց մը վերջ, մեր բանիմաց քերթողը մօրս դարձաւ եւ ականչին փսփսաց։
– Պարապ տուր, ասոնք ըվըր-զըվըր (պարապ-անկարեւոր) են։ Ես քու մանդըդ, քաթմէրդ, կանանչ լուբիայի պէօրէկդ, քարնըեարըքդ կարօտցայ։ Ե՞րբ պիտի հրաւիրես մեզ։
Երբ տուն վերադարձանք, մայրս ցնծութեամբ յիշեցուց այս խօսքերը եւ ըսաւ«Այս Զահրատը որքան ազնիւ է, ու համեստօրէն կը վերլուծէ մարդկային հոգեբանութիւնը»։
Ծնողքս կորսնցուցի 2022-23 Գովիթի համաճարակով…։ Յուսամ հոն, անդէնականի մէջ ալ տեսնուելու կարելիութիւն մը կայ։ Ով գիտէ՞։
Բանգէտ Զահրատը, դարձեալ կը խօսի այդ մասին։
Զահրատ Մեռաւ
Բառ բառին քով դրաւ ու գրեց
Հիմա հողին տակ ոչ գիր ոչ ալ բառ
Հանգիստ իր գրչին
Իսթանպուլ
