Քարերու Յիշողութիւնը / Պերճուհի ԱՎԵՏԵԱՆ

Դառնացած հեռացած էր ծննդավայրէն…
Քաղաքացիական պատերազմ էր, իրենց ընտանիքը այդ չարիքին հետ ոչ մէկ ձեւով առնչութիւն ունէր, բայց անիծեալ պատերազմը ճահճոտ յորձանուտի նման ներքաշած էր երկրի չէզոք փոքրամասնութիւնը, որուն մաս կը կազմէին:
Լաւատեսութեամբ ու յատկապէս ընտանեկան օճախը պահելու յաւակնոտութեամբ փորձեցին մնալ ու գոյատեւել վտանգաւոր գօտիէն ներս. անսպասելի ռումբեր ու պայթումներ, փախուստ ու վերադարձ, անհիմն յոյսով, որ պատերազմը պիտի աւարտի:
Ի վերջոյ համոզուեցան, որ լաւատեսութիւնը՝ թէեւ անհրաժեշտ, բայց պիտի վտանգէր իրենց գոյութիւնը, որ կեանքը աւելի թանկ է, քան ունեցուածքը ու… հեռացան տունէն, ապա երկրէն:
Օդանաւի բարձրախօսը խշխշաց, կանացի քնքոյշ ձայնը ապահովագօտիները ամրացնել թելադրեց: Շուտով օդանաւը վայրէջք պիտի կատարէր ծննդավայրի օդանաւակայան:
Նեղլիկ պատուհանէն սրտատրոփ կը հետեւէր երկինքէն դէպի երկիր ցռուկը թեքած, աստիճանաբար էջք կատարող օդանաւին..
Երկինքը պրծուն էր, անապահով, հողը ապահո՞վ էր, իսկ ուր էր ապահովութիւնը, երբ լեղապատար կը լքէին տունը, երբ պայթիւններն ու դղրդիւնները այս ապահով հողին վրայ ահ ու մահ կը տարածէին:
Հեռուէն երեւցող խաղալիքանման փոքր տուները աստիճանաբար յստակացան: Օդանաւի անիւները ցնցումով քսուեցան ասֆալթին ու շարունակեցին վազքը. ապահով էջք կատարուած էր, ծափահարութիւն ու բարի գալուստի մաղթանք:
Իննը տարի բացակայութենէ ետք հասաւ ծննդավայր, կարօտ չէր զգար, այլ դառնութիւն, հաւանաբար պատերազմական շրջանի ապրած վախերու եւ կորուստներու ցասումն էր պատճառը. դիմաւորութեան եկող հարազատներու ջերմ ողջագուրումները, փոքրիկներու քաղցր ժպիտները բացայայտեցին թաքուն կարօտը:
Օդանաւակայանէն դէպի քաղաք ճամբուն վրայ կիսաքանդ շէնքերու տեսքը ճնշիչ էր: Իւրաքաչիւր թաղի անկիւնը ցցուած ելեքտրածին սարքերու արտանետած նաֆթային ծուխէն ու մուխէն քաղաքը թանձր ամպով պարուրուած էր, մթնոլորտը ապականած:
Պատերազմէն ետք տիրող տնտեսական ահաւոր անկումը, արդիւնք՝ մեծ պետութիւններու սահմանած պատժամիջոցներուն, տխուր ու գորշ տեսք տուած էին երբեմնի աշխոյժ, պատմական քաղաքին: Նաֆթի նոր պաշարներու յայտնութիւնը պատուհաս եղած էր երկրին ու բնակչութեան գոյատեւման:
Նաֆթահորերու գլխուն հսկայ վիշապն էր նստած. հիւսիսի հարեւան երբեմնի դաշնակիցն ալ կը փորձէր իւղոտ պատառներ խլել՝ տարածքներ գրաւելով: Քարիւղը կը յափշտակուէր, մինչ ժողովուրդը կը տառապէր վառելանիւթի չգոյութենէն, ելեքդրական հոսանքի, փոխադրական միջոցներու սակաւութենէն, սղաճի ահաւոր ցատքերէն.. ու խաղը կը շարունակուէր, վիշապը, արջը ու անոնց մանկլաւիկ արիւնոտ երախով գայլը կ’ասպատակէին երկիրը իրենց ձեւերով ու միջոցներով:
Ու բոլոր պատերազմներու գլխաւոր զոհն ու տուժողը ժողովուրդն էր, որու անունով հաւասարութեան, իրաւունքի, մարդասիրութեան սին ճառեր կը հնչէին…

Առաւօտ կանուխ դիմեց անձնագրի կեդրոն: Ամէն ինչ շատ խառն էր, հեղցուցիչ տաք եղանակ ու կեղտոտ շրջապատ:
Խաչմերուկի մօտ պահ մը կանգ առաւ, դիտեց կիսաւեր նեղ թաղը, հողաթումբերու վրայ երերացին արեւելեան քացրեղէն վաճառող կրպակները ու անհետացան: Քայլերը ինքնաբերաբար առաջնորդեցին զինք փոշոտ արահետէն դէպի իրենց թաղը: Շրջանի փոքր հրապարակը անճանաչելի էր: Անկիւնադարձի չորս յարկանի շէնքը չկար, այսինքն կային հողի ու քարերու հսկայական կոյտեր:
Եւս քանի մը քայլ դէպի «Եասմին փողոց» ու անշարժացաւ. ծակծկուած, մրոտած սիւներ, պատեր, յատակին ինկած քարեր, կեդրոնի բացուածքէն երեւցող վերի յարկի կիսափուլ առաստաղը, երկաթէ ցցուած ձողերով… իրենց երբեմնի օճախը. փակեց աչքերը: Մանկութեան տարիներուն այստեղ ընտանիքի սեփական տունն էր, արաբական ոճի բակը, յետոյ երկյարկանի շէնք սարքած էին, բայց հին բակը այլ էր…
Մուտքի սեւ դրան վրայ փակ բռունցքի նման մետաղեայ թակիչ կար:

«Թախ-թախ-թախ»։
Լսեց թակիչի զարկերը, ծանր դուռը դանդաղ ետ գնաց, նեղ անցքէն սահեցաւ ներս, բակի մէջ հսկայ որթատուկն էր ճիւղերն ու տերեւները տարածած: Աստիճաններով բարձրացաւ տանիք.
– Բա՛ց բերանդ, ահա կուկուն եկաւ, շուտ-շուտ բաց բերանդ, կուկուն կ’ուտէ հացիկդ:
Աղջնակը դժկամութեամբ բացաւ փոքրիկ բերանը:
– Նորէն, նորէն բաց, ահա կուկուն կեցեր է, ինքը պիտի ուտէ:
Առաջին պատառիկը տակաւին աղջնակի բերնին մէջ էր:
– Ա՜խ Աստուած իմ, հոգիս հանեցիր, երբ ուտել պիտի սորվիս.- մայրը ցնցեց աղջնակը:
Ան վազեց դէպի մեծ մայրը, որ ճիպոտով կը ծեծէր բուրդի դէզը:
– Ամա՜ն ջոճուխին չզարնես, կ’ուտէ, կ’ուտէ.. տէ կլլէ տեսնեմ, կեր որ մեծ աղջիկ դառնաս:
Յաջորդ պատառէն ձերբազատուելու համար վազեց վարդի թաղարներով լեցուն փոքր տանիք, անկէ անցաւ սենեակ, օրօրոցին մէջ մշիկ-մշիկ կը քնանար փոքր քոյրը. հրեց սենեակի անկիւնը գտնուող փոքրիկ դուռը եւ ներքին մութ, ոլոր-մոլոր աստիճաններով իջաւ գետնայարկի սենեակ, անկէ դուրս եկաւ բակ:
Աւազանի կողքին մեծ հայրը նստած աթոռակին գիրք կը կարդար: Ան կողմնակի զննող նայուածք նետեց ու շարունակեց ընթերցումը:
Մտաւ հօրը աշխատասենեակը, հայրը մուրճը ձեռքին կաղապարի վրայ մանկական կօշիկ մը կը ձեւաւորէր: Խորունկ շնչեց սիրելի հոտը, փակցնելու համար հօր օգտագործած դեղնագոյն նիւթը, որ սեղանին վրայ թիթեղէ ամանին մէջ կը ծփար:
Կամացուկ տեղաւորուեցաւ ծղօտէ հիւսքածածկով աթոռակին վրայ.
– Հը՞, եկա՞ր, նախաճաշդ ըրի՞ր։
Գլուխը շարժեց որպէս հաւանութիւն նշան:
– Քոյրիկդ քնացե՞ր է, քեզի պէս խելոք չէ շատ կը ճչայ, բայց դուն քոյրիկդ կը սիրես.- խօսեցաւ հայրը շարունակելով մուրճով թեթեւ հարուածելով:
– Այո՛, կը սիրեմ, քնացած ատեն աւելի կը սիրեմ.- պատասխանեց ինքնավստահ:
Հայրը ժպտաց ու մուրճը մէկ կողմ դնելով թաց լաթով սրբեց կօշիկը:
Սեղանիկի վրայ քամերը կը փայլէին, դանակ մըն ալ կար կաշուէ պատեանով, ձեռքը երկարեց ու սուր շեղբի կողմէն բռնեց դանակը:
– Ոչ, դանակը չվերցնես, ձեռքդ կը վիրաւորես.- զգուշացուց հայրը:
Սուր խոց զգաց, անմիջապէս ձեռքը հեռացուց դանակէն, մատնեմատի փափուկ մորթին վրայ ճեղք կար ու արիւն. նայեցաւ հօրը, ան զբաղած էր, վազեց դուրս. մեծ մայրը կ’ուղղուէր դէպի խոհանոց, փարեցաւ փէշին:
– Պապայիս չըսես.- ցոյց տուաւ մատիկը:
– Վա՜յ եաւրում, ինչ ըրեր ես.- դող ելաւ մեծ մայրը, սուրճ ցանեց ճեղքուածքին վրայ ու փաթթեց մատիկը.
– Պապային չըսես.- կրկնեց:
– Քաջ եղիր, բան չկայ, չէ, չէ, չեմ ըսեր.- խրախուսեց ան:
– Պերճո՜ւկ, ուր ես.- տանիքէն ձայն տուաւ մայրը:
– Պերճուկ, Պերճուկ հազար անգամ ըսինք անունը Պերճուհի է.- վրդոված, ոտքի կանգնելով մռլտաց մեծ հայրը: Ան կը զայրանար երբ կանուխէն մահացած, սիրելի քրոջ անունը կ’աղաւաղուէր:
Կանչը լռեց:
– Հայտէ՛, գնա՛ մամայիդ քով.- ըսաւ մեծ մայրը:
Ցատկռտելով բարձրացաւ աստիճաններէն, մեծ տանիքին վրայ ծեծուած, քզքզուած բուրդերը սփռուած էին, անցաւ փոքր տանիք, մայրը խոհանոցի դրան դիմաց էր:
– Փախար որ չուտես հը՞ չարուկ, քրոջդ քով նստիր օրօրէ մինչեւ լուացքը վերջացնեմ:
Մայրը խոշոր տաշտին մէջ լուացք կ’ընէր, փրփուրները կը խաղային տաշտին մէջ, գոլորշին կը բարձրանար կրակի վրայ զետեղուած կաթսայէն: Կը սիրէր խաղալ այդ փրփուրներուն հետ:
– Մատդ ինչ ունի.- մայրը նկատեց:
– Հէչ, հէչ, երթամ քոյրիկին քով.- վազեց իրենց միակ սենեակ, ննջարան, հիւրանոցը:
Մօտեցաւ օրօրոցին, քոյրը շարժեցաւ, փութաց օրօրել, ան աչքերը չռած ճչաց, ճչաց ու ձեռքերը առաջ մեկնեց:

Ցնցուեցաւ, խորունկ քունէ արթնցածի պէս դիտեց մրոտած պատերը, լուսանկարէ՞ր:
Ամուր թաթ մը կը ճնշէր կրծքավանդակին վրայ: Հեռախօսը հանեց պայուսակէն ու լուսանկարեց: Լուսանկարը յիշատակի համար էր, ապագային պատմական վկայ:
– Ո՞ւր, ո՜ւր կ’երթաս.- լսեց հեռաւոր ձայնի մը խորունկ արձագանգը, երբ կռակը դարձնելով կը պատրաստուէր քալել հակառակ ուղղութեամբ:
Կանգ առաւ.
Քարերը կը խօսի՞ն, քարերը յիշողութիւն ունի՞ն. դողացող ձեռքով ափը դրաւ պատին, ջերմութիւն զգաց:
Առասպելներու չէր հաւատար, մարդ արարածի երեւակայութեան թռիչքի արդիւնքն էին այդ առասպելները… թէեւ ուսուցողական թելադրանք ունէին:
Ներկան այս կիսաքանդ օճախն էր, իսկ ներկան անցեալի շարունակութիւնն էր:
Հասկցաւ, որ հինը ջնջել, ներկայէն անջատելը անհնարին է, որ պատմութիւնը ընդհանրապէս կարելի չէ անտեսել…
Քայլերը կը տանէին զինք դէպի թաղի պատմական եկեղեցին: Այս ճամբայէն մայրը կը քալէր ամէն առաւօտ եկեղեցւոյ զանգին ղօղաջին հետ. զգաց անոր ներկայութիւնը կողքին:
– Ձեռքս բռնէ աղջիկս.- մեծ հօր կարծր, ոսկրոտ ձեռքի սեղմումն էր:
Անոր երկար հասակի ստուերը դանդաղ շարժեցաւ, կարմիր ֆէսի ծոպերը օրօրուեցան: Տարինե՜ր, տարինե՜ր առաջ կը քալէին մեծ հայրիկ ու թոռնիկ:
Ու ամայի թաղէն դէպի եկեղեցի քալեցին երեքով, երեք ժամանակներով…
8/2024 Երևան

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։