ԾԱՌԸ…
(«ԾԱՌԵՐ» ՇԱՐՔԷՆ)
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Ծառը այս խրոխտ,
սլացքի հեւքով պարուրուած,
Ուզեց երկինքի
կապոյտին հասնիլ
Եւ ամէն ճիգով դէպ՛
վեր սաւառնիլ
Շուրջի ծառերը
հեգնեց, սլացաւ…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Ծառը այս յոխորտ,
որ հմայքովն իր զմայլացած
եւ հպարտութեան
թագով պչրացած,
մոռցաւ իր շուրջը, իր հետ
ճանապարհ կտրած,
խոտերը պառկած…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Այս ծառը բնաւ
Չնկատե՜ց… չտեսա՜ւ
Բաղեղը խորամանկ,
Որ դանդաղօրէն
Առանց թմբուկի կամ շեփորումի
Հանդարտ ու լռիկ կ՛աճէր,
կը մեծնար…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Այս ծառը, ծառը,
Երգեց ու պարեց,
Արարեց, երկնեց,
Իր եսին բոյրով արբեցաւ,
ճախրեց։
Մինչ բաղեղը լուռ մեծցաւ,
զօրացաւ,
յամառ քայլերով ծրագրեց,
մեծցաւ
Սնափառ ծառի բունը
սեղմ գրկեց
Վեր մագլցեցաւ…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Այս ծառը անբան,
Ա՛յդ իսկ չտեսաւ
Եւ ինքնահաւան
հարբեցողութեամբ,
Անխոհեմութեան
թագը իր գլխուն,
Ուզեց ամպերէն վեր,
վեր սաւառնիլ…
Իսկ բաղեղը լուռ,
կո՜ւռ յամառութեամբ
Սկսաւ խեղդել ծառին ճիւղերը…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Ծառը կուրացած
Այդ ալ չտեսաւ։
Եւ իր ճիւղերը շնչահեղձ եղան
խեղդմահ եղան
թարմ տերեւները մահը գրկեցին
եւ այդպէս չորցան…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Այս ծառը յիմար
Կեցած է չորցած
Չորցած ճիւղերով
Ու վեր կը նայի
Երկինքին անհաս
«ի վերին կ՛երգէ»…
Մերթ վար կը նայի
Թարմ ու յաղթական
բաղեղներուն, որ
Ամէն ճիգ կ՛ընեն
Որ ծունկի բերեն այս
ծառը խրոխտ
Որ իր երէկը դեռ որպէս
դափնի կը պահէ հիմա…
Ինքնասէր
Ինքնագոհ
Ինքնավստահ
Այս ծառր կեցած
Ապշած կը նայի թէ ո՞ւր,
Արդեօք ո՞ւր սխալեցաւ ան…
Ինչո՞ւ չտեսաւ դարձուածքներն
կեանքին,
Որ կը տանէին դէպի ապագան՝
Պայծառ ապագան,
Որ յանձնուած էր իրեն
յատկապէս մեծ
գուրգուրանքով…
Ապշած կեցած է այս ծառը հիմա
Պատմութեան մթին
արահետներու
Հոգեվարքի մութ
դարպասներուն…
Բաղեղը անհոգ արդէն հասած է
Բարձր ոստրերուն,
Որ երէկներու յուշին են գերի…
Շնչահեղձութեան կապանքը
արդէն
Մահուան դառն երգը
բարձրաձայն կ’երգէ…
Եւ օգնող չկայ…
Եւ օգնող չկայ…
Ծառը, հէգ ծառը,
Երէկներու զոհ երբեմնի ծառը,
ի՞նչ պիտի ըսէ գալիք դարերու
Երազանքերու ալիքներուն
մէջ նաւարկող,
փրկութեան լաստեր որոնող՝
Մատղաշ, ծառերուն…
Ի՞նչ պիտի ըսէ…
Աւա՜ղ, աւա՜ղ,
Ինքն ալ չի գիտեր…
20 Յունուար, 2024
Հայկական տոմար – Օր՝ Արագած, Ամիս՝ Արաց, Յամի 4516։