ՅԱՒԵՐԺԱՁԻԳ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐ…
(Կարդալ հորիզոնական եւ ուղղահայեաց – մեր հրաշք Լեզուի երկճիւղ շունչով)
Սարեր, ձորեր, աղբիւրներ,
Յաւերժական մայր հողի
Դառնութիւններ ամբարած,
Ճիչերու մէջ խմբերգուած
Դէպի երկինք են ուղղուած…
Արեւները խաւարին հետ
մտերմութեամբ մը լռիկ
Պար են բռներ դաժանութեան հանդէսին.
Սարերն անխախտ կեցուածքով
Պատմութեան հետ մտերիմ
Յուշարար են անկոտրուն
Երեկուան մը՝ որ ծաղկուն ապագաներ կը գծէր…
Արդարութիւնը խաչուած
Դահլիճներու զարդարանքով խաթարուած
Դահճացած թուր է կեռուած…
Դէմքեր դեղին, թունաւոր,
Քարիւղին հետ մտերմութեան խաղին մէջ
Շուկային մէջ այս ագահ
Խիղճը ծախու են հաներ…
«ԱԽ»դ «ԱՐՑ»ունք է դառել…
Բայց հաւատքդ չի մարել…
Երազներդ յոգնած են սպասելով կայանին
հէք պատմութեան…
Բայց մենք, գիտցի՛ր, Դո՛ւն, Մա՜յր Հող,
ԱՐՑունքդ պիտի մենք սրբենք,
ազգովին եւ միաւոր։
Մի՛ վհատիր, ո՛չ, երբե՛ք։
ԱԽդ պիտի վերածենք ժպիտներու նօթերով։
Դարեր շալկած դուն հրաշք,
վաղը կերտող անսասան,
ՈՒՆիս կորով շնորհուած՝
դէպի պայծառ ապագան։
Յարատեւ ե՛րգ կենսական,
Արգանդդ արնոտ, բայց պիտի
Վահագնի հուր աչքերով ծնին զարմեր
Երկինքներու կեծակով
Րոպէներով հոյլաբոյր
Ժանեակներով բոյլաթոյր
Իրականին նոր շունչ տանք,
կեանքդ հիւսենք դարակուռ…
Ճանապարհը այս քո՛նն է,
հրա՛շք Երկիր, իմացի՛ր։
Աստուած անգամ լուռ լսեց
Մօրդ աղօթքը խնկաբոյր։
Բոլոր սրտերը հիմա վերթեւումով հին ու նոր
Որոնումի մէջ անահ
Րոպէ, րոպէ շղթայակապ, սիրտ սրտի,
Դարդ անմար կ՛օրհներգեն…
Ե՛ս
ու կա՛ս Դո՛ւն,
յաւերժաձի՛գ իմ Երկիր
սուրբ հաւատքնիս Քեզ վկայ…
մի քիչ, քիչ էլ դիմացիր…
Նիւ Եորք