ԳԻՒՏԸ / ­Պեր­ճու­հի ԱՒԵՏԵԱՆ

Պեր­ճու­հի ԱՒԵՏԵԱՆ
Հս­կայ սրա­հին կեդ­րո­նը, փայլփ­լուն գա­հին վրայ նստած մար­դու կեր­պա­րան­քը, ցու­ցա­մա­տի շար­ժու­մով դէ­պի իր կողմ յա­ռա­ջա­նա­լու հրա­ւէր-նշան ը­րաւ: ­Նա­յե­ցաւ շուր­ջը, սրա­հի լու­սա­ւո­րու­մը ակ­նա­պիշ էր, կրա­կէ լե­զու­ներ կը հո­սէին հսկայ ջա­հե­րէն, կեդ­րո­նը նստած տա­րօ­րի­նակ մար­դուն կրած տա­րա­զին վրա­յի թան­կա­գին քա­րե­րուն փայլ­քը ա­ւե­լի ցայ­տուն դարձ­նե­լով: ­Մոգ էր ար­դեօ՞ք , թէ ե­պիս­կո­պոս:
­Գիտ­նա­կա­նը ակ­նո­ցը ան­ցուց քթին ա­ւե­լի յստակ զա­տո­րո­շե­լու եւ մար­դու կեր­պա­րան­քին ինք­նու­թիւ­նը ի­մա­նա­լու: Ան կը շա­րու­նա­կէր ցու­ցա­մա­տի շար­ժու­մով հրա­ւի­րել, դէմ­քը կի­սո­վին ծած­կո­ւած էր գլխար­կով… ա­նոր փայլփ­լուն տա­րա­զը ու ի­գա­կան շար­ժու­մը այ­լա­սե­րա­ծի տպա­ւո­րու­թիւն ձգե­ցին: Այ­լա­սե­րած՝ ոչ տղա­մարդ, ոչ կին… վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­սոր նման­նե­րը պայ­քա­րած էին ու ստա­ցած այն­պի­սի թոյ­լատ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը գե­րա­զան­ցեն կա­նանց, մա­նուկ­նե­րու, կեն­դա­նի­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը: ­Գիտ­նա­կա­նը նման պա­րա­գա­նե­րուն կը վե­րա­բե­րէր դրա­կան ի­րա­տե­սա­կան մօ­տե­ցու­մով…
– Ա­նոնք ալ մարդ են, ի­րենց ու­զած ձե­ւով ապ­րե­լու ի­րա­ւունք ու­նին: Ար­տա­յայ­տո­ւած էր «­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու» մա­սին կազ­մա­կեր­պո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին:
­Չէր հա­ճո­յա­խօ­սեր կամ չա­փա­զան­ցեր, ան­կեղծ էր, երկ­րա­գուն­տի վրայ բնա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու կող­քին կա­յին նաեւ զար­տու­ղի­նե­րը (կէ­նա­յին խախ­տում), կը կրէին զար­տու­ղիու­թեան դրօշ­մը եւ ան­հեր­քե­լի ներ­կա­յու­թիւն էին, հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին գո­յա­տե­ւած: ­Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն էր, որ նման զար­տու­ղի­ներ եր­կար-եր­կար տա­րի­ներ կ’ապ­րէին շու­քի նման, քօ­ղար­կե­լով ի­րենց զար­տու­ղիու­թիւ­նը, հա­ւա­նա­բար ամչ­նա­լով, մինչ ներ­կա­յիս չես գի­տեր ինչ­պի­սի հե­ղի­նա­կա­ւոր աղ­բիւր­նե­րէ ա­ջակ­ցու­թիւն և ­հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն վա­յե­լե­լով դար­ձած էին ի­րա­ւա­տէր, պա­հան­ջա­տէր:
Գ­րող ըն­կե­րը, որ կտրա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէր մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջամ­տու­թիւ­նը զար­տու­ղի­նե­րու ի նպաստ, նեղսր­տած դի­մեց ի­րեն.
– ­Դուն ալ ի­րա­ւունք կու տա՞ս, չես տես­ներ որ­քան լկտի են, որ­քան պա­հանջ­կոտ կը դառ­նան, թող փա­կեն դռնե­րը ու ինչ կ’ու­զեն ը­նեն ի­րենց որ­ջե­րուն մէջ… տա­կա­ւին ա­մուս­նու­թեան պա­հանջք, զա­ւակ որ­դեգ­րել… կրնա՞ս բա­ցատ­րել ինչ­պէս պի­տի դաս­տիա­րա­կո­ւի ա­նոնց որ­դեգ­րած զա­ւա­կը…
­Գիտ­նա­կա­նը գլու­խը օ­րօ­րեց, ծայ­րա­հե­ղու­թիւն­նե­րը չէր սի­րեր… ­Թէեւ վեր­ջերս ակն­յայտ էր, որ մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ «ի­րա­ւունք­նե­րու» պի­տա­կին տակ ծայ­րա­հե­ղա­կան­ներ եւ այ­լան­դա­կու­թիւն­ներ պաշտ­պա­նե­լու ջանք չէին խնա­յեր:
­Քայլ մը ա­ռաջ նե­տեց, այ­լա­սե­րա­ծը կար­ծես ժպտաց, բեր­նին մէջ կար­միր բոց մը խա­ղաց, աչ­քե­րը չէին տես­նուեր, մութ ակ­նոց ու­նէր, կաս-կար­միր շրջա­նա­կով:
«Ըն­կե­րը մա­սամբ ի­րա­ւունք ու­նէր, ինչ տա­րօ­րի­նա­կու­թիւն­ներ ը­սես չեն ը­ներ այս այ­լա­սե­րած­նե­րը, ար­տա­ռոց մա­զի սանտ­րո­ւածք, զար­տու­ղի ակ­նոց­ներ, դի­մա­ներ­կեր, մա­տա­նի­ներ, վզնոց­ներ…»։
– ­Բա­րի գա­լուստ, մստըր ­Սաէն­թիստ,- այ­լա­սե­րա­ծը զիլ ձայ­նով դի­մեց գիտ­նա­կա­նին:
Ս­րա­հին մէջ բա­ցի գիտ­նա­կա­նէն ու­րիշ մարդ չկար, բայց ան գիտ­նա­կա­նի իր հո­տա­ռու­թեամբ կը զգար, որ կար­միր գոյ­նի ներ­կո­ւած պա­տե­րուն վրայ զե­տե­ղո­ւած էին դի­տող աչ­քեր:
– ­Բա­րեւ, բա­րեւ… կը նե­րէք ձեր ա­նու­նը ծա­նօթ չէ,- քայլ մը եւս ա­ռաջ նե­տեց տա­տամ­սե­լով:
– ­Կա­րե­ւոր չէ՜, կա­րե­ւոր չէ՜,- պա­տաս­խա­նեց այ­լա­սե­րա­ծը ի­գա­կան ծեք­ծե­քու­մով:
Գիտ­նա­կա­նը նկա­տեց ա­նոր լայն թե­զա­նի­քէն դուրս սա­հած ձեռ­քը, ա­նո­րոշ գոյ­նի կմախ­քի ոսկ­րուտ մատ­նե­րը զար­դա­րո­ւած մա­տա­նի­նե­րով:
– Նս­տե­ցէք, մստըր ­Սաէն­թիստ,- ան ցոյց տո­ւաւ ա­թո­ռը:
– Շ­նոր­հա­կալ եմ,- ը­սաւ գիտ­նա­կա­նը տե­ղա­ւո­րո­ւե­լով:
­Կա­րե­լի չէր նստած տե­ղէն նկա­տել ա­նոր դէմ­քը: ­Գիտ­նա­կա­նը սպա­սեց լուռ, տա­րի­նե­րու իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէր վե­րա­պահ ըլ­լալ, փո­խա­րէ­նը դի­տեց շրջա­պա­տը:
Ս­րա­հին լու­սա­ւո­րու­մը մերթ-մերթ կը տկա­րա­նար յան­կար­ծա­կան փայ­լա­տա­կու­մով վե­րա­կանգ­նո­ւե­լով, այդ պա­հուն պա­տե­րուն վրայ ա­նո­րոշ շու­քեր կը խա­ղա­յին ու սրա­հի ան­տե­սա­նե­լի խոր­քէն մռնջիւն­նե­րու ար­ձա­գանգ­ներ կը հաս­նէին ա­կան­ջին:
Լ­ռու­թեան պա­հը եր­կար թո­ւե­ցաւ, գիտ­նա­կա­նը մնաց իր ան­սա­սան դիր­քին մէջ, սպա­սել… կը վախ­նա՞ր, ինչ­պէ՞ս հա­սած էր հոս, ո­չինչ կը յի­շէր:
Այ­լա­սե­րա­ծը եւս ան­շարժ էր:
– Մս­տըր ­Սաէն­թիստ, ան­հե­թեթ է:
­Գիտ­նա­կա­նը կը հասկ­նար, այս ո­ճը զինք ա­նակն­կա­լի բե­րե­լու հնարք էր :
– ­Նե­րե­ցէք, ին­չի մա­սին է ձեր խօս­քը,- ը­սաւ հան­դարտ ու հա­ւա­սա­րա­կշռո­ւած:
– ­Ձեր վեր­ջին գիւ­տը, մստըր ­Սաէն­թիստ,- ա­նոր զիլ ձայ­նը «գիւտ»-ին վրայ շեշ­տա­ւո­րում դրաւ, մինչ դէմ­քը աս­տի­ճա­նա­բար դար­ձաւ դէ­պի գիտ­նա­կա­նը:
­Գիտ­նա­կա­նի մարմ­նէն սար­սուռ ան­ցաւ, այ­լա­սե­րա­ծը հա­նած էր ակ­նո­ցը ու պատ­մու­ճա­նի գլխար­կին մէջ գան­կան­ման գլուխն էր, կար­միր բո­ցեր ցայ­տող ա­նոր աչ­քե­րը յա­ռած էին իր վրայ:
– ­Վեր­ջին գիւտս ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող ռո­պոթ մըն էր, մե­քե­նա­մարդ, ձեր ակ­նար­կը ա­նոր մա­սի՞ն է,- այ­լա­սե­րա­ծի տես­քէն զինք պա­րու­րող շփո­թը յաղ­թա­հա­րե­լով պա­տաս­խա­նեց գիտ­նա­կա­նը:
– Ը­հը… ռո­պոթ… իսկ դուք գի­տէ՞ք ռո­պո­թի ի­մաս­տը,- ան գլու­խը թե­քեց, շու­քի մէջ սու­զո­ւե­լով:
– ­Չե­խե­րէն բառ է, կը նշա­նա­կէ պար­տա­դիր աշ­խա­տող,- պար­զա­բա­նեց գիտ­նա­կա­նը:
– Այ­սինքն ստրուկ… հա՞,- ծաղ­րա­կան ե­րանգ կար ա­նոր ձայ­նին մէջ:
– Ստ­րուկ չէի ը­սեր, այլ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող,- հա­կա­ճա­ռեց գիտ­նա­կա­նը:
­Վի­ճե­լու տրա­մադ­րու­թիւն չու­նէր, յար­գե­լով հան­դերձ այ­լոց կար­ծի­քը, ու­նէր իր անձ­նա­կա­նը եւ չէր ար­տօ­ներ, որ ըն­դի­մա­խօս մը ոտ­նա­հա­րէր իր կար­ծի­քը:
– ­Լա՛ւ, լա՛ւ, մստըր ­Սաէն­թիստ,- այ­լա­սե­րածն ալ վի­ճե­լու տրա­մադ­րու­թիւն չու­նէր,- ես ու­րիշ ա­ռա­ջարկ ու­նիմ:
­Գիտ­նա­կա­նը հար­ցա­կան նա­յե­ցաւ, այ­լա­սե­րա­ծը կը մնար շու­քի ան­կիւ­նին մէջ, բայց գիտ­նա­կա­նը կը զգար ա­նոր շեշ­տա­կի նա­յո­ւած­քը. կը ջա­նար ան­տար­բե­րու­թիւն պա­հել :
– ­Ռո­պոթ­նե­րը կը փո­խա­րի­նեն մար­դոց, այն­պէս չէ՞, մստըր,- ձայ­նը սո­վո­րա­կան ե­րան­գը վե­րագ­տած էր:
– Ո­րոշ չա­փով, մա­նա­ւանդ ա­նոնց ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցեն…- կրկնեց իր հա­մո­զու­մը:
– Մ­տա­ծե­լա­կերպ… հա՜, հա՜, հա՜,- այ­լա­սե­րա­ծը յան­կար­ծա­կի պոռթ­կաց հնչուն քահ­քա­հով:
­Գիտ­նա­կա­նը ցնցո­ւե­ցաւ, նկա­տեց դէ­պի իր կողմ ուղ­ղո­ւող այ­լա­սե­րա­ծի դէմ­քը, ակ­ռա­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւող խնդու­քի հետ ա­ւե­լի ցցուն կը դառ­նա­յին, աչ­քի խո­ռոչ­նե­րէն կայ­ծեր ցայ­տե­ցին:
– Ու­րեմն լսէ. մստըր ­Սաէն­թիստ, ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու ձե­ւը պէտք է լաւ հասկ­նաս, լա՜ւ հասկ­նաս… տխմար է այն գիտ­նա­կա­նը, որ իր մտքի ար­գա­սի­քէն չօգ­տո­ւիր… հասկ­ցա՞ր:
– ­Կը նե­րէք… ի՞նչ ը­սել կ’ու­զէք:
– Մ­տա­ծէ ռո­պո­թաց­ման այլ ձե­ւի մա­սին:
– Ի՞նչ ձեւ:
– ­Մար­դու ու­ղե­ղը…- ոս­կո­րա­ցած ցու­ցա­մա­տը ան տա­րաւ գան­կին,- պի­տի փոր­ձես ռո­պո­թաց­նել մար­դու ու­ղե­ղը:
– Ին­չո՞ւ հա­մար, ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ գի­տու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յէ մար­դուն:
– ­Հա՜, հա՜, հա՜…- ձայ­նը ար­ձա­գան­գեց:
­Գիտ­նա­կա­նը ու­զեց մտա­բե­րել, թէ ինչ­պէս հա­սած էր հոս ու ինչ մի­ջոց կար խոյս տա­լու:
– Այդ մա­սին ոչ մէկ խօսք,- այ­լա­սե­րա­ծը հրա­մա­յո­ղա­կան ցու­ցա­մա­տը ուղ­ղեց դէ­պի իր կող­մը:
Ու­րեմն կը կար­դար նաեւ իր միտ­քը:
– Ա­յո՛, ճիշդ այդ­պէս, կը կար­դամ, մստըր ­Սաէն­թիստ… ա­հա­ւա­սիկ իմ թե­լադ­րանքս, գի­տու­թիւ­նը պէտք է նո­ւա­ճէ աշ­խար­հը:
– ­Նո­ւա­ճած է բո­լոր մար­զե­րը, նո­ւա­ճած է,- գիտ­նա­կա­նը փոր­ձեց պար­զա­բա­նել,- ար­հես­տա­կան բեղ­նա­ւո­րում, ան­ցան­կա­լի սե­ռը վի­ժեց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն, մի­ջու­կա­յին զէն­քեր, ճա­ռա­գայ­թա­յին ոչն­չա­ցում, հա­մա­ցանց…
– Այդ բո­լո­րը լաւ է, շատ լա՜ւ…
Այ­լա­սե­րա­ծը գա­հին վրայ տա­րա­ծուե­ցաւ: ­Գիտ­նա­կա­նը շունչ մը քա­շեց:
– ­Չէ՜… չեմ բա­ւա­րա­րո­ւած, չկար­ծես որ հա­մո­զե­ցիր, ես թե­լադ­րե­ցի ծա­ռա­յեց­նել… իսկ հի­մա կը հրա­մա­յեմ, դուն պի­տի ձեռ­նար­կես մար­դոց ու­ղեղ­նե­րը գրա­ւել, ռո­պո­թի վե­րա­ծել:
­Գիտ­նա­կա­նը գլու­խը ա­ռաւ ձեռ­քե­րուն մէջ:
– Ար­դէն սկսար մտա­ծել… չու­նի՞ս այդ հնա­րամ­տու­թիւ­նը, իսկ ես ու­նիմ.. ես կ’օգ­նեմ որ ար­ժա­նա­նաս փառ­քի, գիւտդ աշ­խար­հի մե­ծե­րը պի­տի խլեն, հսկա­յա­կան գու­մար­ներ պի­տի ա­ռա­ջար­կեն… ե­րե­ւա­կա­յէ տի­րել ու­ղեղ­նե­րուն, մտա­ծող մար­դիկ պի­տի չքա­նան… հա՜, հա՜… ինչ­պի­սի գիւտ, ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը մար­դիկ չմտա­ծեն:
Այ­լա­սե­րա­ծը շտկո­ւե­ցաւ, գլու­խը ա­ռաջ եր­կա­րեց:
– ­Շա­տեր կը ցան­կան այս փառ­քին ար­ժա­նա­նալ, բայց ես քեզ ընտ­րե­ցի, ի­մա­ցիր դուն ընտ­րեալ ես:
«Ընտ­րեա՞լ»… զնգաց բա­ռը գիտ­նա­կա­նի ա­կան­ջին մէջ:
– ­Հը՞… պա­տա­սա­խանդ:
– Ո՛չ, պա­տաս­խանս բա­ցար­ձա­կա­պէս ո՛չ է, մար­դը ի­րա­ւունք ու­նի ա­զատ մտա­ծե­լու, իսկ գի­տու­թիւ­նը պի­տի ծա­ռա­յէ ա­նոր բա­րե­կե­ցու­թեան… ստրկաց­նե­լը ես կը մեր­ժեմ:
– Լ­ռէ՛, չհա­մար­ձա­կիս հա­կա­ճա­ռել, ես նոր պա­տե­րազմ­ներ կը բռնկեց­նեմ, ժահ­րեր կը թա­փեմ աշ­խար­հին վրայ,- սպառ­նաց ան:
– ­Մենք կը դի­մա­նանք հա­ւատ­քով, կը պայ­քա­րինք յոյ­սով ու կը գո­յա­տե­ւենք սի­րով…
­Հա­ւա­տա­ցեալ չէր, նոյ­նիսկ ա­թէիստ կը հա­մա­րո­ւէր, բայց ուր­կէ ուր յի­շեց, տա­րի­ներ ա­ռաջ ըն­կե­րո­ջը պար­տա­ւո­րող հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով ներ­կայ ե­ղած էր ա­նոր զա­ւա­կին մկրտու­թեան:
«­Հա­ւատք, յոյս, սէր» խոր­հուր­դը տպա­ւո­րած էր զինք, իսկ հի­մա յան­կարծ մտա­բե­րեց ու տե­ղին տո­ւաւ ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նը:
– Լ­ռէ՛… լռէ՛… դուն յի­մար ես, դուն տխմար ես,- այ­լա­սե­րա­ծի ձայ­նը թնդաց:
Ս­րա­հը ար­ձա­գան­գեց, պայ­թիւն, ո­րո­տում, լոյ­սե­րը հան­գե­ցան, խոր­քէն հա­ռա­չան­քի, հեծկլ­տու­քի ձայ­ներ լսուե­ցան:
Գիտ­նա­կա­նը, մոռ­նա­լով կեն­ցա­ղա­գի­տու­թիւն, մար­դու ի­րա­ւունք­ներ ու քա­ղա­քակր­թու­թիւն, գո­ռաց.
– Ստր­կաց­նե­լը կը մեր­ժեմ, դուն ո­չինչ կրնաս պար­տադ­րել, այ­լա­սե­րած ոճ­րա­գործ:
– ­Յի­մա՛ր, դուն կը կար­ծես ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ ըլ­լալ… հա՜, հա՜, հա՜, տաս­նեակ գիտ­նա­կան­ներ կան, վե՛րջ… ես ու­րիշ մը կը հրա­ւի­րեմ…
Այ­լա­սե­րա­ծը եւ գա­հը ան­հե­տա­ցան:
Ս­րա­հը չկար, նկա­տեց իր տար­րա­լու­ծա­րա­նի սար­քե­րը, իր գրա­սե­նեա­կը, բազ­կա­թո­ռին ըն­կող­մա­նած քոս­տիւմով տղա­մարդ մը ոտ­քի ե­լաւ, ուղ­ղեց փող­կա­պը, քթին տակ թե­թեւ ժպիտ մը, ձեռ­քով հրա­ժեշ­տի նշան ը­րաւ ու դուրս ե­կաւ կա­մա­ցուկ ծած­կե­լով դու­ռը: Ա­նոր դէմ­քը ծա­նօթ թո­ւե­ցաւ, փոր­ձեց յի­շել… ա­յո՛ երկ­րի նշա­նա­ւոր դէմքն էր, յի­շո­ղու­թիւ­նը չէր դա­ւա­ճա­ներ: Մ­շու­շը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ: Ինք­զինք շատ յոգ­նած զգաց, թար­թեց աչ­քե­րը: ­Դի­մա­ցը՝ սե­ղա­նին վրայ մե­քե­նա­մարդն էր, մարդ ա­րա­րա­ծի տես­քով, բայց սա­ռած նա­յո­ւած­քով, զմրսո­ւած մո­միա­յի նման: ­Գիւ­տը բա­րե­փո­խե­լու մա­սին նա­խա­գիծ կը պատ­րաս­տէր, կը խորհր­դա­ծէր, մտքին մէջ փայ­լա­տա­կող նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը հան­գիստ չէին տար: «­Պի­տի զննես ներսդ ու այլ կերպ խորհր­դա­ծես… այ­լա­սե­րա­ծը թելադ­րեց… ռո­պո­թը պի­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծեմ, ա­նոր ու­ղե­ղին մէջ պի­տի զե­տե­ղեմ բնո­րոշ գի­տե­լիք­ներ իւ­րա­քան­չիւր ծա­ռա­յո­ղա­կան բնա­գա­ւա­ռին յար­մա­րո­ւե­լու»:
­Հե­ռո­ւէն կը լսո­ւէին ամ­բո­խին կան­չե­րը: ­Պա­տե­րազ­մի ա­հով տա­տա­նող եր­կի­րը խառն վի­ճա­կի մէջ էր, ցոյ­ցեր, հան­րա­հա­ւաք­ներ, սեւ ու սպի­տակ, կո­չեր, ճա­րեր, քայ­լեր­թեր, մաս մը դէ­պի հիւ­սիս, միւ­սը ա­րեւ­մուտք…
«­Մար­դը կա­րո­ղու­թիւն ու­նի իր շրջա­պա­տի ամ­բո­խը գրա­ւել, սեր­տե­լով ա­նոր տկար կէ­տե­րը, խոս­տա­նա­լով, խրա­խու­սե­լով, յու­սադ­րե­լով…»: Այ­լա­սե­րա­ծի քրքի­ջով դուրս տո­ւած խօս­քերն էին:
«­Գիտ­նա­կա­նի միտ­քը ա­նել պա­րա­գա­նե­րուն պի­տի մտա­ծէ իր երկ­րի բա­րօ­րու­թեան մա­սին»,- շշնջաց ձայն մը ա­կան­ջին մէջ:
­Հե­ռա­տե­սի­լին կո­ճա­կը սեղ­մեց, քոս­տիւ­մով տղա­մար­դը կեդ­րո­նը բե­մին վրայ էր, շրջա­պա­տո­ւած թիկ­նա­պահ­նե­րով, ան ցու­ցա­մա­տը ուղ­ղեց դէ­պի իր կող­մը.
– Այդ դու ես, դու ես, դու ես,- գո­չեց ճղճղան ձայ­նով:
­Գիտ­նա­կա­նը ցնցո­ւե­ցաւ ու յի­շեց այ­լա­սե­րա­ծին զգու­շա­ցու­մը:
«Ես երկ­րի վրայ նոր պա­տե­րազմ­ներ կը բռնկեց­նեմ»:
­Մե­քե­նա­մար­դը սա­ռած հա­յաց­քով պատ­րաս­տա­կամ կը սպա­սէր, տխուր ժպիտ մը գծագ­րո­ւե­ցաւ ա­նոր դէմ­քին վրայ թէ՞ ի­րեն թո­ւե­ցաւ: ­Մէկ ոս­տու­մով խլեց զայն ու փա­կեց պա­հա­րա­նին մէջ:
«­Հո՜ւ.. հո՜ւ»… Ամ­բո­խի ծա­փերն ու գո­ռում-գո­չում­նե­րը կը մօ­տե­նա­յին, ա­փե­րով սեղ­մեց գլու­խը, փա­կեց ա­կանջ­նե­րը: ­Հա­զա­րա­ւոր զո­հեր, կո­տո­րո­ւած մատ­ղաշ սե­րունդ, գե­րի­ներ… իսկ այս մար­դիկ կը հասկ­նա­յին թէ ին­չո՞ւ ծափ կու տա­յին:
Ո՜ր­քան կը ցան­կար, որ ամ­բո­խը մտա­ծող մարդ դառ­նար, ո՛չ հե­տե­ւող, ա­նոնց ա­ռաջ­նորդ ար­ժա­նա­ւոր, իսկ ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը երկ­րի վրայ տի­րէր մաք­րու­թիւն:
­Մատ­նե­րը սեղ­մե­ցին գրա­սե­ղա­նին վրայ զե­տե­ղո­ւած հե­ռա­ղե­կին կո­ճա­կը:
«Աշ­խար­հին, ա­յո՛, մաք­րու­թիւն է պէտք»։
­Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան բա­ռե­րը հնչե­ցին, պա­հա­րա­նէն, մե­քե­նա­մարդն էր խօ­սո­ղը, ա­նոր ու­ղե­ղին մէջ զե­տե­ղուած գի­տե­լիք­նե­րը կո­ճա­կի սեղ­մու­մով ի­րենց աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րէին:
­Գիւ­տը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած էր:
«­Ժա­մա­նակն է լռե­լեան պատ­րաս­տո­ւիլ, գի­տե­լիք­նե­րը ծա­ռա­յեց­նել երկ­րի բա­րօ­րու­թեան, պաշտ­պա­նու­թեան»,- մտա­ծեց գիտ­նա­կա­նը եւ մե­քե­նա­մար­դը պա­հա­րա­նէն դուրս հա­նեց:
«­Տուր ինձ ի­մաս­տու­թիւն զբա­րիս խոր­հել եւ խօ­սել եւ գոր­ծել ա­ռա­ջի քո յա­մե­նայն ժամ»:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։