Բեյրութում իր մահկանացուն կնքեց անվանի բանաստեղծ և թարգմանիչ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԵՔՅԱՆԸ
ՀԳՄ նախագահությունը ցավակցում է հարազատներին և ընթերցողներին
Գիտեմ պիտի չուզէիր որ ողբի, կարօտի եւ խղճմտանքի բառեր ըսէինք շիրմիդ վրայ: Հիմա որ արդէն չկաս, Պէյրութը կը վերադառնայ իր նոյն հեւքին եւ յղի մլաւոցներուն : Ծարիր կը քսէ իր աչքերուն: Կը մեռնի քեզի համար այդ Պէյրութը որուն համար դու դարիւ- դարիւ երգեր էիր հիւսած հեռու Մոսկուաներուդ մէջ:
Աքսորը քեզ բնութագրեց որպէս Աբրահամ Ալիքեան: Անունդ դարձաւ աքսորին հոմանիշը եւ վերջին սէրը: Հեռուներէն ուխտաւորի պէս կ‘ուգային մօտդ քու ոտքերուդ առջեւ մորթելու համար յաւիտենական ողբի, յաւիտենական ջղայնութեան եւ յաւիտենական փնտռտուքներու բոլոր դիպոաւծները:
Աբրահամ, մեր ծանօթութիւնը հիմա արդէն քսան տարուան վաղեմութիւն ունի: Տագնապէ-տագնապ անցնող, գալարուող, ուռճացող ու հոգիներու աշխարհէն պոկուած ընկերութիւն մը եղաւ մեր ծանօթութիւնը, որուն եզերքներուն աճեցան միայն սէր ու գուրգուրանք, պատում մը որուն մէջ դուն ուսուցիչ ալ եղար, Սիրելի վարպետ:
Կը պատմէին դպրեվանքի սաներդ, որոնցմէ շատերը վեղարաւորներ դարձան աւելի ուշ, կը պատմէին որ մութնուլոյսին եւ օրն ի բուն կ‘ելլէիր Պիքֆայաի մայաի ուղիները քալելու գտնելու համար ոգիիդ երանութիւնը: Կը սիրէիր քալել միս- մինակ: Կը սիրէիր դիմաւորել լոյսին գալուստը, եղիամին հանգչումը տերեւներուն եւ ծառերու հմայքին վրայ որոնց անունները դուն միայն գիտէիր, սիրելի բանաստեղծ:
Վերջին տարիներուն պայմանները մեզ հեռացուցին իրարմէ: Պիտի չուզէի այս քանի մը տողերուն մէջ խօսիլ այն տագնապներուն մասին որ զառնուեցան երեսիդ, քեզ տարին անկումէ- անկում մինչեւ այն օրը երբ քեզի համար պաշտելի հռչակուած կինդ՝ Լիւտմիլլան եւ որդիդ Ռուբէնը այդպէս անմխիթար ու որբի պէս տարին-նետեցին զքեզ Պուրճ Համուտ «Ազգային Ծերանոց»ի լուռ ու սպիտակ սենեակներուն մէջ «պահելու»:
Միայն անգամ մը կրցայ այցելել: Սոք էի տարած. խմեցիր, ուժ տուիր ինչպէս եւ միշտ: Ըսիր պահէ գիրին կրակը: Խնդացինք լիքը: Գիրքեր ուզեցիր, թերթեր ուզեցիր Հայաստանի մասին հարցումներ տուիր եւ խնդրելու պէս պահանջեցիր որ յաճախ այցելեմ: Չկրցայ: Ոտքերս անկարող էին հասնիլ ու բարձրանալ երկրորդ յարկին վրայ գտնուող այդ որբահոտ սենեակդ:Միայն տունդարձիս ջաղ ու կենսուրախ պաշտօնակատարէն խնդրեցի որ լաւ հոգ տանին քեզի: Ըսի ինքը մեծ բանաստեղծ է, ուշադիր եղէք:
Կինը զգաստութեան նշաններ ըրաւ: Տեսակ մը յառաչանքի պէս ձայներ հանեց ու վստահեցուց ըսելով.
– Օ՛, Պարոն Ալիքեանը մեր սիրելի նորայայտ բնակիչներէն է: Երբեք տարակոյս չունենաք որ լաւ պիտի չպահենք զինք:
Ամիսներ անց ես Հայաստան տեղափոխուեցայ: Ոչ մէկ լուր. Ոչ մէկ ձայն. Ոչ ծպտուն, ոչ երգ: Ոչինչ: Լռութեան հետ եկաւ բօթը որուն մռայլ թեւերուն տակ բացի հին ալպոմներուս թերթերը ու նկարդ ինչպէս միշտ՝ արծաթահոս իր հմայքով տարածեց բոյրդ եւ նոյնիսկ ոգիիդ մեծ աղաղակը մեր տան բոլոր սենեակներուն մէջ:
Վերջին սենեակդ այդքան էր մահահոտ որ չուզեցի նորէն գալ:Ու գիտեմ ինչքան խնդրեցիր որ քեզ տանին, վերադարձնեն Պիքֆայաի անփոխարինելի ամրոցդ … քու սիրածդ դպրեվանքը… ու ըսիր.- Գոնէ տղոց հետ երկու բառ կը խօսիմ:
Հիմա քու սիրած Պոտսլէռի, Էլիուարների եւ Վէռլէնի պէս վսեմաշուք շիրիմ պիտի ունենաս: Եւ քեզմէ ետք եկող բառի բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները վերջին հանգստարանդ մնայուն այցելութեան վայրի պիտի վերածեն ՝ մնայուն ուխտավայրի:
Կեանքդ, տառապալից կենսագրութիւնդ, աքսորդ, հալածեալի կերպարդ իրենց շղարշը պիտի փռեն մեր օրերուն ամէնօրեայ մաքառումի ելած եւ բանաստեղծութեան հրեղէն ադամանդը իրենց ափերուն մէջ պահող ձեռքերուն վրայ:
Իսկ Սփիւռքը որուն համար լքեցիր Մոսկուան, վստահ եղիր որ աւելի անշնորհակալ եղաւ քու հանդէպդ քան ինչ որ դուն կը պատկերացնէիր:
Այդ իր ձեւն է: Սփիւռքը պիտի աճի միայն իր մարգարէանման որդիներուն թեւերը կրծելով:
Սփիւռքը ծայրէ- ծայր, տիւ ու գիշեր փորեց աչքերդ, ուզեց փակել բերանդ, մէջդ եղող կրակի բոցեղէն գուրային ուզեց կափարիչ դնել:
Մոռնամ այս ամէն ինչը:
Բայց ինչպէ՞ս մոռնամ:
Դուն կը հաւատայիր որ Արեւմտահայերուդ մէջ ապրելով պիտի հասնէիր խաղաղ ափունքը բանաստեղծութեան: Չեմ գիտեր ճիշդ էիր թէ սխալ: Ականջներդ ուզեցին արեւմտահայերէն լսել: Կը հասկնամ: Լաւ կը հասկնամ: Ու գիտեմ նաեւ թէ երբ Հայաստան անունը տայինք, սոսկում մըն էր որ կը բարձրանար ողնաշարէդ … կը յառաչէի՛ր: Ու չէիր հաւատար որ Հայաստանը այլեւս կարմիր չէր:
Ոչ, Աբրահամ, կարմիր չէր Հայաստանը:
Իսկ Պէյրութը քու մանկութեանդ սիրելի ու պատանի Պէյրութդ այսօր ուրիշ շորեր հագած կը պտըտի: Առնուազն նոյնը չէ քու մեկնումէդ ետք: Առնուազն առաջուանը չէ: Երբ կայիր, ան կը մնար քու աղօթքներուդ մէջ իսկ հիմա մեռնող բանաստեղծի քաղաք պիտի հռչակուի, որովհետեւ դուն անոր ափերուն վրայ ոչ թէ ապրեցար այլ ամէն օր մեռար:
Իսկ ոգիդ որուն մէջ կը պարփակուի քու հեռացումիդ ամբողջացումը եւ հաւատարիմ, խոնարհ ու ամէնապօէտ բայց խաղաղ հոգիիդ հրկիզումը, ապահով եղիր, որ դեռ երկար պիտի ճամբորդէ:
Քու բառդ մեր բանաստեղծութեան ամէնէն ոսկեղէն բառն է:
Քու վաստակդ, աքսորդ եւ ճակատագիրդ մեր հոգիի խորաններուն մէջ վառ պիտի մնան կանթեղներու պէս:
Վստահ եղի՜ր:
Հայր Աբրահամ,
Սիրեցիր մաքրափայլ հայերէնը ու ահա ես այդ սրբակեաց լեզուով գրեցի այսօր:
Միայն որ անդիիդ մէջ, հոնկէ՜, վերէ՜ն ժպտաս, Աբրահամ:
Հայրը մեր աքսորի բանաստեղծութեան:
Անդրշիրիմեան ժպիտով ժպտաս ու լոյս տաս մեր ճանապարհին:
Աբրահամ Ալիքեան:
Սագօ ԱՐԵԱՆ