ԱՐԱՄ Ա
ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ
ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՇՆՈՐՀՔ,
ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈԻԹԻՒՆ
Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ
ՕՐՀՆՈԻԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈԻՍԱՒՈՐՉԻՆ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐ ՍԻՐՈՅ ՈՒ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌ
ՏՕՔԹ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՈՐ Ի ՆԻՒ ԵՈՐՔ, Ի ՄԻԱՑԵԱԼ
ՆԱՀԱՆԳՍ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Մեզի ուղղած նամակէն ուրախութեամբ իմացանք, որ 2019-ին պիտի նշուի Տօքթ. Հրանդ Մարգարեանի ծննդեան 80-ամեակը եւ մշակութային գործունէութեան 65-ամեակը:
Չափազանցած չենք ըլլար երբ հաստատենք, թէ բազմաշնորհ ու բազմաբեղուն անձ մը եղաւ Տօքթ. Հրանդ Մարգարեանը: Զինք ճանչցանք Նիւ Եորքի մէջ Մեր ուսանողական տարիներուն: Զինք ճանչցանք որպէս հռետոր, բանաստեղծ, թարգմանիչ, թատերագիր, հեղինակ, ասմունքող. եւ այսպէս կարելի է շարունակել թւումը այն բոլոր արժանիքներուն, որոնց կենսագործումը Մենք տեսանք Հրանդ Մարգարեանի կեանքին ու գործին մէջ` Միացեալ Նահանգներէն սկսեալ մինչեւ Հայաստան, Լիբանան ու այլ գաղութներ: Արդարեւ, 1975 թուականին Մեր ճանչցած Հրանդը նո՛յնն է այսօր 2019 թուականին` իր ստեղծագործելու կենսունակութեամբ ու գործելու յանձնառութեամբ:
Հրանդին մէջ յիշեալ արժանիքներու առկայութենէն անդին, Մենք նաեւ տեսած ենք մեր ժողովուրդի արժէքներով, երկունքներով ու ձգտումներով ապրող ու զանոնք իր կեանքին մէջ ապրեցնող անձ մը: Նիւ Եորքի ապահայացնող մթնոլորտին մէջ հայութիւնը ամէնօրեայ ապրումի ու տագնապի վերածելը, հայու հարազատ ոգին վառ պահելը ու զայն արուեստի ճամբով թարգմանելը եւ ուրիշին փոխանցելը դիւրին չէ: Այսպէ՛ս եղաւ Հրանդը` ամբողջական ու գլխագիր հայը, մտաւորականը եւ արուեստագէտը. եւ այդպէս մնա՛ց իր կեանքի բոլո՛ր օրերուն ու բոլոր պայմաններուն մէջ: Մնաց ապագայատեսիլ ու նպատակասլաց իր ապրումներով ու մտածումներով, եւ իր շրջապատին հիացում ու յարգանք պարտադրող իր լայնածաւալ ու բազմերանգ գործունէութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքէն հայրական սիրով ու օրհնութեամբ կ’ողջունենք Տօքթ. Հրանդ Մարգարեանը իր կեանքի ներկայ կարեւոր հանգրուանին: Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք իր մեծ վաստակին համար, եւ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ միշտ առողջութեան ու երջանկութեան բարիքներով օժտէ զինք` նոյն աշխուժութեամբ շարունակելու իր մշակութային առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
10 Յունիս 2019
Անթիլիաս, Լիբանան