Լեռնա ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Լեռնա Գարագիւթիւք ծնած է Իսթանպուլ: Փոքր տարիքէն սկսած է գրել: Ունի բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ, որոնք հրատարակուած են Իսթանպուլի հայկական օրաթերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ: Հայերէն պլօկի մատենաշարին Ա. Գիրքը «Երթաս բարով» լոյս տեսաւ 2017-ին: Բանաստեղծութիւններու շարքը այս հատորէն է:

ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ՍԻՐԵԼԻՆ
Անձրեւ կը տեղայ եւ սալայատակի քարերէն
Կը հոսին ջուրեր, առանց թրջելու:
Ոտքերուն տակէն հեղեղ կը հոսի,
Առանց թրջելու:
Անկիւնը, ձողին կռթնած մարդ մը անծանօթ
Կը սպասէ անձրեւին տակ իր կորսնցուցած սիրելիին,
Առանց թրջելու:

Եւ ան կը քալէ փողոցներու երկայնքին՝ դատարկ եւ մոլոր:
Հեղեղի հոսանքը կը յորդի հոգիին խորքէն,
Ու մնացորդը կը սուզուի
Ճահիճ դարձնելով յոյսերը սին:
Եւ ճամբուն վրայ,
Եւ սալայատակի քարերուն վրայ,
Մարդը գլուխ գլխի իր առանձնութեան յանձնուած,
Տեղատարափ անձրեւի կաթիլներէն,
Թաց, խխում դարձած
Կը փնտռէ իր անհետացած սիրելին:

ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՓՇՏԱԿԷ
Շա՜տ երկար ժամանակ անցաւ.
տարինե՞ր, ամիսնե՞ր, օրե՞ր…
չհաշուեցի:
Սպասեցի աչքս դրան սեւեռած,
սակայն ոչ մէկ նշոյլ շարժումի.
դրան զանգակը չհնչեց.
ի զո՜ւր համբերել: Լաւ է մոռնալ
կէս գիշերներուն գգուանքը,
մինչեւ առաւօտ մէկ մարմին դարձած:
Եւ մոռնալ հպումները
քնքոյշ խօսքերուն, բառերուն,
փաղաքշական համբոյրներով՝ տեղատարափ:

Շա՜տ երկար սպասեցի,
սակայն չեկար…
Կաթնալանջ մարմինս կը պարուրուի հիմա
կաթոգին սպասումով:
Առանձնութիւնը վաղահաս է, որ
իր փափուկ թեւերով զիս կը գրկէ,
կը յափշտակէ:

ՍԵՆԵԱԿՆԵՐ ԱՌԱՆՁԻՆ
Սենեակ մը. ստուերը սեւ եւ փոշոտ,
Հոն են լքուած, առանձին յիշատակներ,
Անոնք ապրուա՞ծ են, թէ՞ ոչ:
Շունչ մը կը հեւայ
Սպիտակ սաւանով, որ
Ծածկած է կարասիները:
Սենեակ մը
Եւ սենեակներ մէջ մէջի,
Երբեմնի ժամանակներուն:
Հիմա
Դատարկ են եւ սին:
Ուրուականներ կը շրջին:
Այն սենեակները՝ նման պալատի,
Փայտաշէն տուներու մէջ,
Դատապարտուեցան առանձնութեան:

Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս:
Հարազատ բնակիչները
Օր մը լքեցին:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։