Թոնրատուն / Մարիանա ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ափսէներուն վրայ զետեղած չիրերը վեր ու վար կը շրջէր Լուսէ։ Իսկիւրէնի մատուռին կից գտնուող փոքրիկ այս տարածքէն շատ յստակ կ’երեւէին թրքական Օրտու գիւղի լոյսերը։ Մթութիւնը ամայութեան հետ ձեռք ձեռքի բռնած, աննկատօրէն իրենց թեւերուն տակ կառնէին հովիտները, իսկ լեռները տակաւին կը պայքարէին արեւի վերջին ճառագայթները ամուր պահելու  իրենց կողերուն վրայ, մայրամուտի գեղանկար մը գծելով որ  նոյնիսկ հեռուներէն  կը հմայէր դիտողը։
Ուրախ էր, Լուսէ, իրեն համար լուսաւոր ու խաղաղ այս պատկերին համար, մանրուք թուացող ամէն բան կ’ըմբոշխնէր  մեծ հաճոյքով, բայց՝ արդեօք ի՞նչ կը մտածէր։
Մանկամարդ կինը առանձին էր, գիւղական իրենց փոքրիկ տան, հողէ պատշգամին կեդրոնը։ Պատշգամը աննկատօրէն  կը միանար դաշտերուն եւ հանդիպակաց լեռներու ստորոտին, որ քիչ անդին  թշնամիին տարածքին մէկ մասը կը կազմէր։
Տասնութ  ամեայ  որդին  բանակ  գացած էր, իսկ դուստրը ԱՄՆահանգներու քաղաքներէն մին, իբրեւ հարսնացու գաղթած՝ իր նորակազմ բոյնը  այնտեղ հաստատելու։
Մտքերուն մէջ խորասուզուած, մինչ  գոհունակութեամբ կ’աշխատէր, չնկատեց, թէ ինչպէս գիշերը խաղաղօրէն  եկաւ եւ հանգչեցաւ իր տան շրջակայքը։
Ներսը, խոր  լռութեան մէջ, տան գրադարանի դարաններուն  վրայ,  հանդարտ  կը մտածէին Լուսէի սիրելի գիրքերը, այն գիրքերը, որոնք օր մը  անոր մատներուն հպումն ու բոյրը վայելած էին։ Հիմա, անոր կոշտացած մատները կը  հաճոյանային շնչելով բազմապիսի միրգերու եւ  հատապտուղներու   բոյրերը, միաժամանակ ապահովելով անոր տան ապրուստը, կարծեցեալ երջանկութիւնն ու ընտանեկան բարօրութիւնը։ Առաւօտեան եւ կէսօրին, մինչեւ մայրամուտ, արեւի ճառագայթները պիտի հանգչէին իր սեղանիկներուն վրայ, հրճուէին միասնաբար, գոյն տային միրգերուն եւ Լուսէին, անոնց գոյներէն շիկնէին ու բարձրանային կրկին դէպի արեւ, որ յետոյ Լուսէի  տունն ալ լեցուէր լոսաւոր ճառագայթող  երազով։
Ատեն-ատեն, միտքը գորովով կը սառէր հեռաւոր մտածումի  մը վրայ։ Ովկիանոսէն անդին դուստրը՝ մանկահասակ Արփին նոյն միջոցին  իր  քունին մէջ պիտի զգար՝ մայրական գոյութիւնն ու ներկայութիւնը, մօր ջերմացնող բազուկներուն զօրութիւնը։ Արփի իր գիրկը   ունէր նորածին մանչուկ մը, որուն   արմատները կուգային հեռաւոր Կիլիկիոյ  փոքրիկ  բարձունքներէն, որ տակաւին հայօրէն կը շնչէր եւ կը բաբախէր։ Արփիի համար անհասանելի իր պապենական տան  այգիի պտուղներուն համն ու բուրմունքը ոչ մէկ կապ ունէին այս նոր երկրի, հատ-հատ տուն բերուող  ծինափոխուած պտուղներուն հետ։
Արփին բացաւ աչքերը եւ իրականութեան հետ մնաց դէմ հանդիման։ Կարծես երազ էր ամէն բան…
Սպառած էր, ոչ մէկ բանի կարիք ունէր՝ բացի լռութենէ, անրջելէ, անցեալը ապրեցնելու փորձեր կատարելէ։ Ութ ամսեկան մանչը՝ Արէնը Արփիին  ուժերը սպառած էր, իսկ հայրական տան կարօտը կը հիւծէր, կը ցաւցնէր հոգին։
Մանուկներուն ձայները հանգչած էին հիմա, հեռաւոր իր ծննդավայրի, Իսկիւրէն գաւառիկի եւ մերձակայ մթութեան մէջ։ Անոնք իրենց փոքրիկ մատիկներով զանազան հատապտուղներ՝ Միջերկրականեան ծովափերուն վրայ աճող՝ զարուրի եւ աննապի փոքրիկ հատիկներ զետեղած էին, թափանցիկ տոպրակներու մէջ, յաջորդ օր տօնակատարութեան ընթացքին, մատուռին կից  սեղանիկներուն վրայ վաճառելու համար։ Աստուածածնայ ուխտի օրն էր, քաղաքներէն եկող մարդոց յորդուն  հոսանքը հետզհետէ կաւելնար։ Կուգային Սուրիոյ մօտակայ քաղաքներէն՝ Հալէպէն Լաթաքիայէն, բոլորն ալ իրենց ուխտերով եւ բաղձանքներով, որոնք ծրարած էին  իրենց սրտերուն խորքը, կուգային  զանոնք յանձնելու Աստուածածնայ բարեհաճութեան։ Փոքրիկ մատուռի ձայնի ելեւէջները, հնչիւնները  կը ծածկէին հանդիպակաց լեռներն ու ձորերը։ Գիշերային ամայութեան մէջ, ցնծութեամբ եռացող հովիտին մէջէն, շարականաձայն հովիկը կարձագանգէր՝ հեռաւոր լեռնաշղթաներէն  ճամբայ գտնելեու համար  դէպի երկինք…
…………….
Լուսէ գիշերային ամայութեան մէջ ձեռքը երկարեց, գրադարանի գիրքերէն մին բացաւ, ակնարկ մը նետեց գիրքի էջերէն մէկուն վրայ, սկսաւ կարդալ… ետքը  հապճեպով դուռը բացաւ, գլխաբաց ու ոտաբոպիկ վազեց դուրս, դէպի  դաշտ…
Հրդեհի, այրուածքի  հոտ  էր, ուրկէ ըլլալը չէր գիտեր։ Ուժասպառ նստաւ թթենիներէն մէկուն տակ, որ մտածէ՝ տեսիլք էր, թէ երազ. դժուար էր հասկնալ. հոտը ռունգերուն մէջ էր տակաւին… Հինաւորց հողը կը ճչար կը բղաւէր կարծես. դիմացը թրքական գոյութիւնն էր որ զինք կ’ընկճէր. շուարած էր…
Դրացիները  քնացած էին, չէին տեսնէր զինք։ Հեռուէն մարգարիտներու պէս փոքրիկ սպիտակ լոյսեր կը շողային. թերեւս ալ, հայի արմատներ թաքնուած ըլլային անոնց մէջ, ի վերջոյ ովքեր որ ալ  ըլլային հեռուն գտնուողները, կարեւորը մարդիկ էին… մարդիկ որոնք ստեղծուած էին նոյն արարիչէն…
Յիշեց  թէ՝ ինչպէս իրենց    դրացուհին կը պատմէր իր  մօրը, Զուլալ  մայրիկին  մասին, որ դիմացի Օրտու (ներկայիս թրքական) նահանգէն էր, ջարդի օրերուն անոնք ալ թուրքերէն հալածուելով  այս սահմանով  հազիւ հասած էին Քէսապ, այնտեղ  թողած իրենց ամբողջ ունեցածը։ Սովի օրեր էին ամէն տեղ. Քէսապ եւ իր յարակից շրջանները կը  ջարդուէին  թրքական եաթաղանով։ Քէօրքինեցի Պետրոս թրքական հարուածէն   կիսամեռ վիճակով   պառկած էր, մինչ՝ Զուլալ գեղուհին, գաղթականներուն հետ կը հասնի Պետրոսենց գիւղ, ուր երկուքին միջեւ սկիզբ կ’առնէ սիրոյ պատմութիւն մը…
Լուսէ  յիշեց  օրը  այդ՝ երբ ինք  հարս եկաւ այս փոքրիկ գիւղը, այնքան ուրախ ճամբայ ելած էր, հասնելէն քանի մը օր ետք, իրեն համար ամէն բան հսկայ թոնիրի մը վերածուած էր, որուն շուրջ ինք պարտաւոր էր մշտակայ ներկայութիւն դառնալու, անընդհատ աշխատելու մեղուի մը ժրաջանութեամբ, որ թոնիրին  կրակը  մնար թէժ… Թոնիրը մխացած էր անընդհատ,  Լուսէի յոյզերով, կայծ տուած էր՝ չէր մարած անոր տաքուկ հոգիին շնորհիւ։ Զինք  հրաւիրած էին տաքնալու, բայց փոխարէնը, Լուսէ իր քրտինքով եւ սիրով էր որ ջերմացուցած էր թոնիրը։ Քիչ մնացած էր որ ներս գլորէր ու անհետանար բոցերուն մէջ, բայց՝ զուսպ եւ դիմացկուն կեցուածքը զինք պահպանած էին կորուստէ. մինչ օրն ի բուն, թոնիրը թէժ պահելու համար կը ջանար, կը տքնէր, միաժամանակ  նշմարած էր, որ իր կեանքն ալ անցած էր, ցաւի զգացողութիւնն ալ անցած էր, մանկութեան ու պատանեկութեան պէս, իսկ ինք մնացած էր միսմինակ   հեռաւոր այս լեռներուն  վրայ՝ գլխիկոր թաւալքով…
Յանկարծ սթափեցաւ Լուսէ, ցուրտ էր, իսկ ինք՝ անպաշտպան արտաքնապէս եւ  հոգեպէս։
Ժամանակը ինչպէս սահեցաւ չհասկցաւ, թէ իր կեանքի ժամանակը, թէ կէսգիշերը՝ որ ակնթարթի մը պէս, վերածուեցաւ  առաւօտեան…
Գիւղը փոքրիկ շշուկներով, կենդանիներուն կանչերով  կարթննար, մութն ու լուսաբացը կարօտով զիրար կը գրկէին, մելամաղձոտ կինը առանձին զգաց, բայց ճնճղուկներուն երգեցիկ մտերմութիւնը ժպիտ մը ուրուագծեց անոր  դէմքին…
Լուսէ  ամչցաւ իր շփոթահար վիճակէն, խոր շունչ  քաշեց, լոյսի թափանցիկ շողին հետ, արագ քայլերով  մտաւ ներս. առանձին էր, որոշում առաւ խաւարը  ետեւ թողուլ, վերադառնալու համար  դէպի լոյսը, ուր ամէն ինչ յստակ էր,  հետապնդելու համար իր տեսիլքը։
Հեռացող մշուշին պէս, իր կեանքը  եւս ենթակայ էր արագ անցնելու, պէտք է աճապարել՝ մտածեց…
Քայլերը լոյսին հետ հալեցան, միաձուլուեցան յաւիտենական լեռներուն խորութեան մէջ, ուր անմահութեան ծննդավայրն է… ուղղուեցաւ  ամպերուն առաջնորդութեամբ եւ բռնկող լուսաբացերուն  ոգիով… հետեւելու մոլեգին  սլացող երկրագունդի վազքին, հասնելու հորիզոններէն անդին զինք սպասող՝  Արփիին…
Քալեց Լուսէ արեւաթաթախ ճամբաներէն, յետոյ մշուշոտ ու անկայուն հորիզոններէ ուր թշնամին ամենուրեք է… բայց իր հայրենի տան հողածածկ պատշգամբն ու լեռները ոչ մէկ տեղ տեսաւ։
Լուսէ  հիմա օտար է, ինքը հիմա լուսաւոր ճամբորդ է, իր տաքուկ թոնիրն ու հոգիի կրակը եւ  լեռներու ամրութիւնը իրմէ անբաժան, անվերջ կը քալեն…
Կրկին կը  վերադառնա՞ր արդեօք, իր  տաքուկ թոնիրի երկիրը…

Սուրիա- Հալէպ