***
այս շիշին մէջ դեւեր բանտեց ուխտի եկած նախնին
դեւեր որոնք հում միս կ’ուտեն
կը սնանին պորտէն
այս շիշին մէջ լեցուց քէներ բիրտ համեմներ սիրոյ
խունկեր լղիրճ ու դաւադիր
հազար թոյներ աղու
այս շիշին մէջ իրար գրկող հակոտնեայ կեանքեր
որոնք կաշիդ կը ճանկռտեն
դուրս գալ կ’ուզեն բանտէն
այս շիշին մէջ անհուն գորով անգթօրէն լռող
անյոյս կռիւ անպերճ մարդու
եւ վաշխառու կարօտ
այս շիշին մէջ տենչերն իր մութ տեղաւորեց նախնին
տենչեր որոնք չեն յագենար
կ’ուզեն խմել արիւն
այս շիշին մէջ իրիկնային սակարկութեամբ նրբին
կէսն իր պոկեց դրաւ պահուստ
չուառական չարչին
չզարմանանք ու չանիծենք ու չարանենգ խանդով
չյօրինենք առասպելներ կասկածելի փառքով
չխարխափենք եւ յանուն հօր չհալածենք որդին
չփնտռենք այպանելին այս տան շեմէն անդին
պարտքէն փախող հին մաքսաւոր ու
բերանխուփ նախնին
այս շիշին մէջ եսն իր խեղդեց
մոլեգնութեամբ ահով
թողած ետին մարմինն իր սին անօթեւան թափուր
ինք սրբացած մաքրամաքուր
անյայտացաւ յերկինս
***
վանկերն ակունքէն
սղուած են նորէն
դէմքերն են հիմա
աններկայ ու բութ
ձայներ կերկերուն
հնչիւններ կթոտ
կ’ուզեմ ըմբռնել
խոհն այս անըզգայ
կճել դառնագին
խոհերու լեզուն
կ’ուզեմ քայլ նետել
դէպի առօրեան
բանալ նորզնոր
ակերը խցուած
կ’ուզեմ ծունկերով
փնտռել ճամբադ
քամել անյագուրդ
կաթիլդ ժլատ
ուզես կամ չուզես
արթննաս պիտի
պատռտես տենդով
պատանքդ յոռի
ուզես կամ չուզես
յառնես պիտի դուն
քաջութեամբ յառնես
ու կանգնիս տոկուն
***
թաւջութակի լարեր որոնք գիտեն լռել
ու մորմոքներ բերել
մեր խնճոյքին
ձեր փէշերէն կախուած
մեղեդիներ կան դեռ
ու չլսուած բառեր
ձեր դողացող շուրթին
խորքեր ունիք յղի
արգանդ ունիք հզօր
կոնքեր ունիք մսեղ
շրթներ ունիք աղու
կըգրկուիք դողով
կըբաբախէք տենդով
ձեր մկանուտ երգով
կըմղկտաք անզօր
թաւջութակի լարեր
աղեղն է որ հիմա
կըհամբուրէ լալով
ձեր մթագնած լեզուն
կըփնտռեմ կրկին
սփոփանքի բառեր
երբ կըլռէք խոժոռ
թևերուս մէջ այսօր
թաւջութակի լարեր
դուք կըշանթէք դողով
կ’ահագնան այնորէն
ձեր ընդվզումն ահեղ
ես կըսիրեմ խանդով
ձեր ապստամբ լեզուն
կըգալարի խորէն
ձեր մայրական առուն
թաւջութակի լարեր
որոնք կ’ըզգան թաքուն
վերջին ժամու խօսքին
աննպատակ լեզուն
որոնք կրնան ոխով
թափահարել բաշեր
ու տրորել կրնան
ձեր տխրութեան հիւլէն
որոնք կրնան կանգնիլ
խելակորոյս վարգել
արհամարհել կիրքով
կարեկցութիւնն այս ծեր
Ինչու՞ եք անմտություններ տպում: