Պերճուհի ԱՎԵՏԵԱՆ / ԳԱՂԹ

Սիրիա

Գաղթ բառը կը բնորոշուի, որպէս բնակավայրի լքում, բնակավայրէն հեռացում… Բառակազմութեամբ «գաղթ» արմատով մեզի ծանօթ են ներ-գաղթ եւ արտ-ա-գաղթ բարդ բառերը:
Այս օրերուն, ականատես ըլլալով «գաղթ»ին, խորապէս կ’ըմբռնենք անոր իմաստը: Բարեկամներ, դրացիներ, ազգականներ երբեմն ծրագրուած, երբեմն անակնկալ կը լքեն իրենց ծննդավայրը, անոնցմէ շատեր կը ներգաղթեն, կայք կը հաստատեն հայրենիքի մէջ, յետոյ նոյնքան անսպասելի կ’արտագաղթեն դէպի անծանօթ երկիրներ «հանգիստ, ապահով կեանք»ի վարդագոյն հորիզոնները հետախուզելով: Կը պատմուի թէ հսկայական գումարներ կը վճարուին օտար երկիրները մուտք գործելու արտօնագիր (վիզայ) ձեռք բերելու համար: Արտագաղթող մեր հայրենակիցներէն ոմանք չարաշահութեան ու ասպատակութեան զոհ ալ կ’ըլլան, գումարը գանձելէ ետք «միջնորդ»ը կ’անհետանայ ու վարդագոյն հորիզոնը կը մթագնի… Իսկ ապահով, անարգել հոն հասնողներ (անշուշտ հայկական անցագիրները խողխողելով), հանգիստ սրտով կը տեղաւորուին քամբերու մէջ, յետոյ… յետոյ ալ որպէս գաղթական կը ստանան թոշակ ու կը սորվին երկրի լեզուն… Մնացեալը կ’ընթանայ շատ հեզասահ մինչեւ կը տիրանան երկրի մէջ ապրելու այնքան ցանկալի արտօնութեան, աշխատանք կ’ունենան, յարմարաւէտ բնակարան կը վարձեն, իսկ զաւակները… «Հայ, մայ ինչ կարեւոր, մարդու պէս կ’ապրին»:
Նորօրեայ հայու հոգեբանութիւն է…
Այսպէս ուրեմն ներգաղթ-արտագաղթ սուրիահայերուն… արտագաղթ-արտագաղթ հայրենիքի զաւակներուն, բոլորն ալ նոյն մտահոգութեամբ, «աշխատանք չկայ, աշխատելու առիթ չկայ». եթէ դժգոհանքը մեծամասնութեան կողմէ է, ուրեմն մասամբ մօտ ենք իրականութեան:
Մեր հայրենիքին մէջ հայու համար տեղ չկա՞յ, անկասկած կայ, իսկ աշխատանքի թափուր տեղերը ընդհանրապէս սահմանուած մատուցողի եւ բարետես տեսքով երիտասարդներուն:
Ի դէպ պարտք է յիշել թէ ներգաղթող ընտանիքներուն մէջ կան նաեւ տեղւոյն յարմարողներ, նոյնիսկ փայլուն յաջողութիւն գտնողներ: «Քարէն հաց հանելու» արժանիքը յատուկ էր հայուն:
Տուժող ու քանդուող այս երկրին մէջ տակաւին գաղթը կը շարունակուի… Տխուր է պատկերը. նոր ընտանիքներ կը հեռանան զանազան ուղղութիւններով, Քանատա, Աւստրալիա, Շուէտ, Հոլանտա, ուր որ կարելի ըլլայ միջոց գտնել ապաստանելու, երբեմն ազգականներու աջակցութեամբ, երբեմն որպէս գաղթական: Շատեր կը պնդեն թէ ժամանակաւոր կը հեռանան, մինչ ուրիշներ ալ յուսահատ կը վերադառնան:
Խառն են ժամանակները, իսկ հայը վարժ է գոնէ հարիւր տարին անգամ մը տեղափոխուիլ, պարտա­դրաբար թողուլ տուն, տեղ, աշխատատեղի:
Աւա՜ղ փառացս անցաւորի:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։