Սահմանէն անդին անունները
նուրբ հասցէներ չունին
Պահուըտած են վառ երազանքներու
շուքերու ետին
Ուր ստեղծած են աշխարհներ բեկուն
Որոնց դպչիլը յախճապակիի փշրանք է միայն…
Սահմանէն անդին ժպիտը
թագուն օտար մըն է լուռ
Անցագիր չունի…
իսկ սպասումի դահլիճներն արդէն
կղպեր են իրնց դարպասներն վաղուց…
Սահմանէն անդին, առանձնութեան
մութ աշխարհ է միայն
Ուր երէկները արդէն մոռցուած
հէքեաթներու պէս
Որբացած են լուռ…
Սահմանէն անդին, մութ լռութեան մէջ,
Հոգին է միայն կը շնչէ անտես…
Կը պարէ պարը մերկ առանձնութեան…
Ոչ ոք կը տեսնէ խորհուրդը այդ սուրբ…։
Երկնակամարի անսահմանութեան
Վրայ ծածանող ծիածանին հետ
Ան երգեր կ՛երգէ առանց բառերու
Որոնք թագնուած
Խորհուրդներուն հետ
Կը գծեն ծիրը
Ծիրը մենութեան…
Սահմանէն անդին
Մենութեան անծայր սահմաններուն մէջ
Ինքնամփոփ եսը
Նոր աշխարներու սահման կը գծէ…
Կ՛երգէ բոլորին,
Յատկապէս անոնց՝
Որ պահերու մէջ յաւերժն կ՛որոնեն…
Հո՛ն, միայն հո՛ն է՝
Որ եսը մենիկ,
Նոր սահմաններու սահմանի եզրին
Տօնը կը տօնէ անկաշկանդումի
Պատռելով եզրը դուրսի աշխարհին,
Դուրսի խաւարին…
Սահմանէն անդին
Նոր սահմաններու երանութեան մէջ
Եսը կը դառնայ երազկոտը լուռ
Որ երկար, երկար սպասեր էր վառ
Անսահմանութեան այս ծագող եզրին…
Տարօրինակ է,
Սահմանէն անդին
անորոշութեան ծովուն մէջ միայն
եսը կը ծնի, նոր գոյ կը դառնայ,
հարազատութեան աշխարհ կ՛ըստեղծէ
Եւ կեանք կը ստանայ…
Եւ Կը դառնայ ա՛յն՝ որուն համար
ան աշխարհ էր եկեր…
Սահմանէն անդին,
Լափիւրընթոսային անհունութեան մէջ
Մենք ՄԱՐԴ կը դառնանք…