Ամիսներ անցան այն օրուընէ երբ դարանակալ անտես ձեռքեր, հինաւուրց, դարաւոր Հալէպ քաղաքի կողերը սկսան փորփրել: Երկու հազար տարիներ շարունակ Հալէպի բերդի` պատմութեան սխրագործութիւններով տաշուած քարերը այժմ անմտօրէն հրաձգուած հրթիռներու ռմբակոծումներէն սկսան ատամնաթափ ըլլալ եւ խեղճանալ, ո՛չ օտար բռնակալներու, այլ հարազատ, իր անմիաբան զաւակներու երկու հակադիր ուժերու կողմէ: Տիգրան Մեծի օրերէն ի վեր մեզի` հայերուս ծանօթ եւ հարազատ այս քաղաքը քար առ քար կ’ընդարձակէր կը ճոխանար` միաձուլուած հայկական քրտինքով, հայու աղօթքով: Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան բնակիչներ, թրքական բռնապետութենէն փախչող հայեր` սասունցիներ, կարնեցիներ, նորջուղայեցիներ, նոյնիսկ երեւանցիներ ճոխացուցած գոյն ու երանգ տուած էին այս փոքր, բայց երփներանգ բնակիչներով բարի քաղաքին: 14-րդ դարէն այստեղ գոյութիւն ունեցած էր հայկական կազմակերպուած գաղութ: Հալէպը եղած էր ընդունարան ապաստանարան եղեռնէն մազապուրծ մեր ժողովուրդին համար:
Այժմ Հալէպը խողխողուած է, աղիողորմ հառաչներ կ’արձակէ: Այժմ Հալէպը կը վանէ, Հալէպէն կը փախչին հայազգի հալէպցիները: Անոնց մարմնաւոր եւ հոգեւոր ծննդատունը վտանգուած է: Օրօրոցը կը դատարկուի, տաքուկ գիրկը յօշոտուած է` բզքտուած, անօգնական` Հալէպը իրմէ կը վանէ իր սիրելիները:
Կրկին հրանօթի որոտ է: Կը ցնցուի ամբողջ քաղաքը: Քաղաքի շրջակայ արուարձանները քաւութեան նոխազ կը մատուցանեն: Զոհերու թիւը Սուրիոյ տարածքին հասած է հազարներու… Կէս գիշերէն մի քանի ժամեր անցած են: Դուրսը ահաւոր կրակոց է: Քաղաքը առանց ննջելու արդէն իսկ արթուն է, սթափ, պատրաստ հակահարուածի: Այգաբացը այսօր քիչ մը աւելի շեշտուած կրակոցով կը դիմաւորուի: Արիւնահեղութիւնը արիւնաքամ կը դարձնէ երկու եղբայրասպան խմբակները, յառաջացնելով դիակներու կոյտեր, անօթեւան մնացած որբեր, մարդկային խլեակներ, որոնք իրենց հարազատ հայրենիքին անձնասպանութեան մասնակից կը դառնան` կամայ թէ ակամայ: Իտիալական հայրենիքը այս ձեւով չի կերտուիր` իրաւունքները այս կերպով չեն պահանջուիր: Ոչ մէկ զիջում: Երկու կողմերն ալ անդրդուելի կը մնան իրենց դիրքորոշումներուն մէջ:
Հայը իբր` ով կամ ինչ դիրք գրաւէ այս պարագային: Հայը միշտ ալ` երկրին հաւատարիմ եւ շինարար քաղաքացին` հիմա ստիպուած է ահաբեկուած վիճակով նստիլ սպասել եւ կամ զէնք վերցնել: Երկրորդ տարբերակը անխուսափելի կը դառնայ օր ըստ օրէ երբ տգէտ զինեալներ կը սկսին հարուածել` իրենց թիրախ ունենալով հայկական Նոր Գիւղ թաղամասը: Անխոնջ եւ արի հայ տղաք ի գին ամէն զոհողութեան կը պաշտպանեն ակումբ, դպրոց, եկեղեցի եւ պատիւ, արեան գնով կը շարունակեն պաշտպանել մեր թաղերը, կրակներու տակ հաց կը հասցնեն շրջափակումի մէջ եղողներուն, ընտանիքներ, ծերեր, պատսպարեալներ կը փոխադրեն դէպի` համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր: Հայրենիքէն եկած օգնութիւնը հաւասարապէս կը բաժնեն կարօտեալներուն, նաեւ հաւասարապէս անկէ բաժին հանելով երկրի արաբ բնակիչներուն: Հայ քաջազուններու անունով, արիւնով կը գրուի Սփիւռքի մեր նորօրեայ պատմութիւնը:
Իր ծննդավայրէն կամացուկ մը հեռանալը դաւաճանութեան համազօր կը սեպէ, այս` այնքան հաւատարիմ քաղաքացին` հալէպահայ կոչուծ տիտանը, որ ալ վերջերս ծննդավայրը սկսած էր նոյնացնել, «թերեւս պահ մը շփոթել» սեփական հայրենիքին հետ: Այս ծայր աստիճան հաւատարմութիւնը, գաղութը հաստատուն պահելու որոշումը արեան գինով կը գործադրուի: Սերունդներուն չըսելու համար` «դատարկեցինք հինաւուրց գաղութը»: Հլու քաղաքացիի կերպարը` հիմա մնացած է առանձին, միսմինակ պատերազմող հակամարտ ուժերու մէջտեղ: Մինչեւ երբ կարելի է այս վիճակը շարունակել: Ըստ երեւոյթին այս կացութիւնը` մեր անդիրքորոշ վիճակը երկու կողմերուն համար ալ հաճելի չէ: Երկուքն ալ կուզեն իրենց կողքին ունենալ «հայը»… այս օրինապահ, յառաջադէմ, նախանձելի տարրը… Տակաւին ինչ-ինչ կերպարներու մէջ ստիպուած է մտնել այս հլու քաղաքացի հայը` սուրիահայը, որ սկսած է դառնալ անբաղձալի… Երկրորդ Սումքայի՞թ մը… ահաւոր է մտածելն անգամ: Դաւաճանած կ’ըլլամ սիրելի գաղութիս եթէ ըսեմ` hիւր էինք, հիւրի կարգավիճակին մէջ, կարծեցեալ տանտէրի պէս ապրեցանք, հիմա ինչ բան կը պահանջենք եւ որմէ: Արդեօք բաւարար չէ մեր պանդխտութեան ժամանակամիջոցը: Մեր սեփական տուն դարձի ժամը չէ հասած, թէ ոչ վճռած ենք առհաւէտ պանդուխտի ցուպը մեր ձեռքին քալել… «Մեղա, մեղա ձեզի, գաղութ, մեղա, Հալէպի հինգ եկեղեցիներ, դպրոցներ, դպրութիւն, եկեղեցական դաս, ազգային մարմիններ, կառոյցներ…»:
Մինչ վայրկեանները անակնկալներով լեցուն ահաւոր պայթուցիկներու պէս ցաք ու ցրիւ կը հարուածեն, ապագան աւելի կը մթննայ, երբ երէկ մի քանի հայեր էին մեր զոհերը, այսօր հիսուն, վաղը չենք գիտեր` քանի…
Պատուհանիս փամփշտահարուած ապակիէն անդին լայնանիստ քաղաքը ննջելու փոխարէն կը ծփայ պայթիւններով ողողուած լոյսերու մէջ: Ռումբերու շառաչը հետեւողականօրէն կը հարուածէ ամէն անկիւն: Հրասանդ «Հաւն» մը ընտանիքի անդամներէս մէկուն ոտքերուն առջեւ պարտուած կը փշրուի առանց որեւէ վնաս պատճառելու: Փողոցի կուպրը կուլ կու տայ չարութիւնը, մինչ մենք անգամ մը եւս կը գոչենք` «Աստուած պահեց»: Ալ նոյնիսկ տասնհինգ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող օդակայան հասնիլը կասկածելի է: Հեռանալու համար բաւական ուշ է արդէն, այրուած են բոլոր կամուրջները: Կը մնայ սպասել եւ աղօթել… առանց մտահան ընելու, որ Աստուծոյ, սպառազինութեան եւ մեր դիւցազուն տղոց ինքնապաշտպանութեան ապաւինողներս շրջապատուած ենք աներեւոյթ երկնային հրեղէն եւ ոգեղէն պարիսպներով: Արդար է մեր հերոսներուն պայքարը եւ բարի: Մեր մխիթարութիւնը անոնք են: Ու հարց կու տամ ես ինծի. Տիգրան Մեծի թագաւորութենէն եկող շունչ մը` այս Հալէպ քաղաքէն, միջնադարեան մանրանկարչութեան` ծաղկողներու, մատենագիրներու, եկեղեցիներու, տաքուկ այս դպրութեան բոյնէն, հոգետունէն, լոյսի ամրոցէն, մեր յետեղեռնեան ապաստանարանէն, ծննդավայրէն, սիրոյ տունէն միթէ կրնանք հեռանալ… Հայրենիքիս աղէկտուր ձայնն է, որ հեռուէն կը հասնի ըսելով ` «եկէք, պատսպարուեցէք, մնացէք որքան որ ուզէք»:
Կ’ամչնամ…
Այս մտորումներուն մէջէն թաց աչքերս վեր կը բարձրացնեմ ու կը յիշեմ որ մեր տան դէմի փոքրիկ հանրային պարտէզի նստարանին վրայ նստած եմ: Կը փորձեմ ուժերս հաւաքել, տեղէս բարձրանալ եւ տուն երթալ, մինչ ձեռքս ունեցած հացի բոկեղներս արդէն պարտէզ մտած վայրկեանէս յափշտակուած եւ անհետացած են իրենց հասցէատէր արաբ անօթեւաններուն կողմէ, յանկարծ ծանօթ ժպիտ մը կը նշմարեմ: Դասախօս, մտաւորական Լեւոն Շառոյեանն է: Իրար ձեռք կը թօթուենք եւ կը սկսինք անվերջանալի, անծայր եւ անհանգոյց զրոյց մը:
Ո՞վ կրնար գիտնալ, կ’ըսեմ, թէ` այսքան գող եւ մարդասպան թաքնուած էր մեր սիրած ծննդավայրի ծալքերուն մէջ: Մեր վստահութիւնն ու սէրը կորսնցուցինք մեզ հիւրընկալող եւ սիրող այս ժողովուրդին նկատմամբ: Ինչո՞ւ հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն թերութիւնները խոշորացոյցով կը դիտենք, իսկ արաբներունը կը քօղարկէինք, կ’անտեսէինք շատ յաճախ: Խոստովանինք, որ ամէն տեղ լաւն ալ կայ վատն ալ:
Պրն. Լեւոնին կը խոստովանիմ, թէ ինչպէս` զաւակներուս տուած իմ հայրենասիրութեան բոլոր դասերս ձախողած էին, հայրենիքի մէջ ապրելու համար կառուցած գոյնզգոյն դղեակներս փլզուած, մինչ առիթը յարմար նկատած էի` հայրենի սահմաններէն ներս անցնելու իբրեւ հայրենադարձ, տղաս խոշոր շառաչուն ապտակ մը հասցուցած էր երեսիս` Ամերիկայէն լուր ղրկելով. «եկուր, աշխատիր եւ օգնէ ինծի տանս վարձքը հոգալու համար»: Մինչ կը կարծէի, թէ ազատ էի, ուր որ ուզէի` կրնայի ապրիլ, մանաւանդ հայրենի հողիս վրայ, պանդխտութեան նոր ոտնաշղթայի մը խշխշոցը կը լեցնէր ականջներուս խորոչները…
Պրն. Շառոյեան Հայաստան հաստատուիլ փորձող իր փոքր եղբօր` ծննդավայր Հալէպի նկատմամբ ունեցած կարօտին մասին կը խօսի: Մարդոց ծայրայեղ դրական կամ բացասական կեցուածքներուն մասին կ’անդրադառնանք… Կ’եզրակացնեմ` կը խորհիմ, որ ոչ մէկ բան կրնանք որոշել, մենք ինչ ալ ծրագրենք, թող որ Աստուած ինք որոշէ իւրաքանչիւրիս երթալիք ճամբան: Թող Հալէպը խաղաղի, այստեղ ալ մնանք, Հայաստանի հողին վրան ալ….