Տարիներ առաջ դարձեալ Տիթրոյիթ էի: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր, Ս. Սարգիս եկեղեցի: Հաւաքուած ենք: Եկած ենք ընտանեօք, եղբօրորդի-սանուկիս պսակ-հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կը հաւատամ, որ մարդու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ, որոնք առանց ազդանշանի, անակնկալ կերպով անոր միտքի խորերէն կը յայտնուին, անոր էութիւնը կը գունաւորեն, տարբեր զգեստներ կը հագցնեն անոր յուշերուն, որոշ ժամանակի մը համար մտովի կ’անջատեն իր անմիջական շրջապատէն եւ ապա զինք կը տանին, մօտիկ կամ հեռու անցեալի մը ովկիանին մէջ կը նետեն:
Այդպէս ալ եղաւ:
«Օրհնեալ Տէր մեր…»։
Արարողութեան սկիզբը, չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ յիշեցի ողորմած հայրս, որուն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պիտի ըլլար ո՛չ միայն իր զաւակներուն, այլեւ իր թոռներուն պսակադրութիւնը տեսնել Հալէպի Քառասուն Մանկանց պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որովհետեւ իրեն համար հոն ամէն բան սուրբ էր, իբրեւ անցեալի մաքուր ժառանգութիւն եւ պաշտամունքի մթնոլորտ։
Իսկ հիմա, ի տես այս պսակին՝ հօրս փափաքը, իղձն ու մեծ երազը այլեւս հաստատապէս փլած ու նոյնիսկ ցնդած էր: Ահա այսպէս է հայուն կեանքը, կ’ըսեմ մտովի: Կարծես բոլորս ալ ազգովին զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Կը զգայի, որ վերստին բացած էի մեր պատմութեան էջերը եւ կը փորձէի խունկով ու հաւատքով լեցուն այս եկեղեցւոյ մէջ ես ինծի կարդալ:
«Տեսէ՛ք, զաւակներս…»:
Հայրս էր, որ զիս կրկին մտովի կը տանէր մեր պատմական Հալէպը՝ հո՛ն, ուր ամէնօրեայ երկիւղը մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն էր: Այս օրերուն՝ հո՛ն, ուր ճգնաժամային օրեր եւ ժամեր առկայ են, ուր նաեւ ջուրի եւ լոյսի համար մարդիկ մուրացկան դարձած են: Հո՛ն, ուր մեր գաղութը, տարիներէ ի վեր, կանուխ ճանչցած էր տառապանքը՝ քսանմէկերորդ դարուն: Եւ քանի որ տառապանքն ու վախը հանապազօր սնունդ դարձած էին, անոր համար ալ իր զաւակներուն բառերը դառնութեան ձայներով հիւսուած էին:
Օ՜հ, Աստուած իմ, կարծես դարձեալ աշխարհ մը տխուր յուշեր եւ վշտալի ըսելիքներ կախուած են շրթներէս։
«Տղա՛ս, հնազանդ պիտի ըլլաս…»:
Ճիշդ է, որ ազգովին տառապանքին հնազանդած եւ վարժուած էինք, սակայն ամէն բան չափ ու սահման ունի: Այս մէկը անտանելի է: Ըսէ՛ք, ե՞րբ կեանքը մեզի պիտի պարգեւէ ուրախութիւն: Չե՛մ գիտեր:
Զսպուած եւ յուզուած՝ կրկին ու կրկին հարց կու տամ. այս բոլորը Հալէպի մեր տիպար ու հնազանդ գաղութը կը կրէ իր ո՞ր չգործած մեղքերուն համար: Արդեօք այս բոլորը ե՞րբ կանգ պիտի առնեն: Ըսէ՛ք: Ո՛չ ոք ունի յստակ պատասխան: Պատահեցան եւ տակաւին կը պատահին բաներ, զորս երբեք չէինք յուսար: Որո՞ւն միտքէն կ’անցնէր Հալէպի կործանումը եւ մեր մայր գաղութի քանդումը:
Այս օրերուն, ատելութիւն, ջարդ, աւերակ, մէկ խօսքով՝ մահն է որ ամէն ժամ կը սպասէ տուներու սեմերուն այդ քաղաքի, որուն բնակիչներուն համար այլեւս դէպի երկինք աղերսն ու «Տէր ողորմիա»ները անըմբռնելի դարձած են: Կարծես իրենց հաւատքն ալ մաշած է: Մեղա՜յ…
Ամէն օր փլող կեանք կայ: Ամէն քայլափոխի հայու հոգին կը պոռայ իր ցաւերէն: Արդեօք ո՞վ է լսողը: Կայ նաեւ նոր հերոսներու սրբագործ պաշտամունք եւ յամառ պայքար՝ հայ կեանքի ապերախտ պայմաններուն դէմ: Արդեօք ո՞վ է հետաքրքրուողը: Դո՛ւք ըսէք։
«Այո՛, հնազանդ եմ…»:
Այո՛, կայ նաեւ թունաւոր ատելութիւն: Թունաւոր ուրախութիւն: Ճիշդ է, որ ներկայիս աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որուն սահմանները արիւնով գծուած չըլլան, բայց այդ մէկը հոգս չէ: Հալէպս կը նմանի առանց հերոսի թատերախաղի մը, որուն նոյնիսկ դերասանները կորսուած են, իսկ հանդիսատեսները՝ յոգնած իրենց վրայ թափուած սուտերէն:
«Ուրախ լեռ, սուրբ…»։
Ինչպէ՞ս ուրախ ըլլալ, երբ ամէն օր մահն է որ կը շրջագայի անոր փողոցներէն: Միւս կողմէ ալ, ըսէ՛ք, խնդրեմ, ե՞րբ մենք իսկապէս ազգովին եւ լրջօրէն, այլ ոչ թէ պատահական, պիտի գիտակցինք պատահարին, աղէտին, տագնապին, կորուստին: Հալէպցին լաւ գիտէ, թէ բառերու հացով կարելի չէ սնանիլ եւ ոչ ալ՝ գաղափարներու: