ԱՐՇԱԿ / Էլիզ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

ԱրշակՅունիսի 3-ին, Թորոնթոյի մէջ, մեզմէ յաւէտ հեռացաւ արձակագիր Արշակը: Ան Թորոնթօ գացած էր անցեալ դեկտեմբերին, զգալով իր մօտալուտ մահը եւ ըլլալու իր միակ զաւկին եւ թոռնուհիներուն հետ: Յուլիսի 13-ին, մահուան քառասունքին, ըստ իր կտակին, անոր աճիւ­նափոշին յանձնուեցաւ հողին Ուշի գիւղի մէջ, իր հարազատներուն, հարեւաններուն եւ բարեկամներուն ներկայութեամբ: Ներկայ էին նաեւ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանը ու այլ մտաւորականներ: «Փորել ինձ անկողին Ս. Սարգիսից աջ միջնադարեան բերդաքաղաքի արեւմտեան պարիսպի մօտի վայրի ծառի շուաքում® իջեցնել հողի գիրկը ու հողով ծածկել՝ միայն հող ու չիմով: Ահա այդքանը եւ յաւէտ մոռնալ տեղը, որպէս գերեզման»,-գրած էր անցեալ հոկտեմբերին: Մերժելով մերօրեայ շգեղ դամբաններու եւ գերեզմանաքարերու տիրող մշակոյթը, ան իր կեանքով եւ մահուամբ մնաց համեստ մարդը, որ անսակարկ նուիրումով ծառայեց իր հայրենիքին եւ հաւատաց անոր հզօր ապագային:
Արշակ (Սէրկէյ Արշակեան) ծնած էր այժմու Կիւմրիի մէջ, կարսեցի գաղթական ընտանիքի՝ 1932-ին: Անոր գրականութիւնը երբեք չյարմարեցաւ իր ժամանակներուն: Խորհրդային օրերուն իր չափազանց ազգայնական եւ յախուռն գրականութիւնը ընդունելի չէր, թէեւ մի քանի պատմուածքներու եւ վիպակներու վտիտ հատորներ լոյս տեսան իր գրչէն: Անկախութենէն ետք, լուսարձակը կեդրոնացուեցաւ երիտասարդ գրողներու անհայրենիք եւ նորարարական միտումներով գրականութեան վրայ, ու դարձեալ անոր գրականութիւնը չգտաւ իր տեղը: Ան անձնական նախաձեռնութեամբ յաջողեցաւ հրատարակել իր ծրագրած տասը հատորներէն ութը հաստափոր հատորներ, որոնք կը ներառեն իր պատմուածքները, վիպակներն ու վէպերը: Անաւարտ մնացին իր ծրագրած «Գիւղ» եւ «Դէպի կախաղան» վէպերը: Ան հարազատօրէն բնութագրեց իր ժամանակներու ցաւն ու ողբերգութիւնը, ստալինեան խժդժութիւններէն մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքը եւ մեր ազգի ապրած ողբերգութիւններն ու յաղթանակները:
Կը յուսանք, որ ժամանակի ընթացքին անոր գրականութիւնը պիտի յայտնաբերուի մեզի յաջորդող սերունդներուն կողմէ, եւ յետմահու անոր գրականութիւնը պիտի գտնէ իրեն արժանի տեղը: Թէեւ այսօր նման յոյսեր տածելը անիրական է, երբ Կոստան Զարեանի նման գագաթի մը գրականութիւնը դեռ չէ գտած իր տեղը…

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.