Հայերուն մտական յառաջադիմութեան վրայ քանի մը խօսք[1]
Հրաւիրուեցայ գրաւելու այն բեմը, ուր այնքան թրթրակ լեզուներ խօսեցան, և ուսկէ այնքան վսեմ գաղափարներ տարածուեցան։ Պատիւ մ’է ինձ հրաւէրը։ <․․․> Ձեր ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրեմ մեր թուականի հինգերորդ դարուն վրայ որ Հայոց գրականութեան ոսկեդարն է, և ուր իր կատարելութեան ամենաբարձր աստիճանը հասաւ այն որուն կը պարտաւորինք արդեօք այս կատարելութիւնը, ճիշդ Հելլենական ուսմանը փրկաւէտ ազդման։ Եւ իրօք հինգերորդ դարուն մէջ Հայերն իրենց ծննդեան երկրէն կը մեկնէին և կերթային Յունաց գրականութեան բոցերովը լուսաւորուելու համար։ Ապա իրենց հայրենիքը կը վերադառնային և բազմութեանց մէջ կը ծաւալէին այն լուսաւորութիւնը զօր յունական ուսմունքէ քաղեր էին։ Այսպես Յոյն հեղինակներու աշխատութեանց ընտիր թարգմանութիւներն և անոնց գրական հրաշակերտներու արտադրութիւնները` զորս հինգերորդ դարու Հայոց ընտիր մտաց կը պարտաւորինք մինչև հիմայ մնացած են իբր պերճախօսութեան և շքեղութեան այնպիսի յիշատակներ որոնց նմանիլն անհնարին է։
Տակաւին կը պահենք քանի մը յունական երկասիրութեանց հայերէն թանկագին թարգմանութիւնները, որոնց բնագիրը մասամբ իւրք կորսուած է այսօր իբր օրինակ կրնան յիշուիլ կատակախոս-բանահիւս Մենանարին քանի մը հատուածները, Փիլոնին Ծննդոց և Ելից մէկնութեամբը, Արիսթիտիսին Քրիստոնեութեան ջատագովութիւնը, Եւսեբեայ Գրօնիկոն ժամանակագրութիւնք, Արարչագործութենէ մինչեւ Կոստանդիանոսի, Յովհաննու Ոսկեբերանի Մէկնութիւն Եսայիայ մարգարեութեանց, Ճառք Սէբէրիանոսի եպիսկոպոսին, Անտիոքայ…։ Այս գիրքերը մօտ ժամանակներս եւրոպական զանազան լեզուներու թարգմանուեցան, և այսպէս օտարներուն ալ դիւրամատչէլի եղան։ Սակայն օտար ազգեր հետ զհետէ Հայաստանի տիրելով տրտմալի ազդեցութիւն մ’ունեցան անոր գրականութեան վրայ։ Իրոք հայ գրականութիւնը կորոյս այն վսէմ պարզութիւնը զօր Յոյներէն առած էր, և Հայաստանին տիրող ասիական ժողովրդոց ճոռոմական ոճը ընդունեցաւ։ Յունաց գրականութեան մերինին վրայ ունեցած փրկաւէտ ազդումը ձեր յիշողութեան առջև, բերելով երախտագիտական մեծարանք մը նուիրեմ Յունաստանին։
<…> Մեր օրերու մէջ ամեն բան կը յառաջէ։ Մարդկային միտքն ամեն խոչընդոտե ազատուելով` իրերը, գաղափարները, սկիզբները մանրամասնաբար քննելու կը ճգնի, կը ջնջէ մոլորութիւնը, որով ճշմարտութիւնը յաղթանակ կը տանի, իմացական աշխարհս գիտութեանց ևս քան զևս աճեցուն լոյսովը կը շողայ, մարդկութիւնը քաղաքակրթութեան շաւղին մէջ մեծամեծ քայլերով կը յառաջէ։ Վա՜յ այն ժողովրդեան որ յառաջդիմութեան ընդհանուր հոսանքին չհետևէր։ Ալ դատապարտուած է ան․ չկրեր յինքն կենդանութեան տարրերը կը նմանի մարմնոյ մ’որուն գործարաններն աւրուած են, և լուծուելու վիճակին մէջ կը գտնուին․ անհրաժեշտաբար պիտի կորսուի այսպիսի մարմին մը, ինչպէս կորսուեցան և աշխարհիս երեսէն բնաջինջ եղան այնքան հին ժողովուրդներ։
Բայց փա՛ռք երկնից, այս վիճակին մէջ չեն հայերն որք իրենց ոյժին և միջոցներուն համեմատութեամբ կը մասնակցին այս մտական շարժումին։ Յառաջադիմական շարժում մ’որքան ալ տկար ըլլայ՝ ծանր աշխատութեան և տոկուն յարատևութեան մը շնորհիւ կաւելնայ, կը սաստկանայ։ Ազգ մ’այս աշխատութեան և այս յարատևութեան միջոցներով կը դիմադրէ խոչընդոտներու, կամրանայ, կը զորանայ, կը յառաջէ գործողության միջոցները կաւելցնէ, իր մասն ալ ընդհանուր յառաջադիմութեան գումարին վրայ կը բարդէ և մարդկութեան մեծ ընտանեաց մէջ արժանապատուութեամբ կը պահէ իր տեղը։ Հայերը ամեն քաղաքակիրթ ազգաց հետ բաղդատելով կզգանք այն հեռաւորութիւնը, որով բաժնուած ենք ասոնցմէ։ Բայց այս իրողութիւնը հաստատելու ժամանակ ոչ միայն չենք վհատիր, այլ նաև ազդու կերպով կը գրգռուինք մեր մէջ սկսուած յառաջդիմական շարժումը ալ աւելի ստիպելու համար, շարժում, որուն մի քանի ապացույցները պիտի տամ ձեզ, եթէ կը հաւանիք։ Այսօր Հայ ազգին մէջ կրնանք համրել բազմաթիւ լուսաւոր միտքեր, ուշիմ հեղինակներ, նշանաւոր գրագէտներ, բանասէրներ, գիտուններ և մատենագրութեանց հմուտ մարդեր։
Հին և արդի ժամանակաց երեւելի հեղինակները մեր մէջ ունեցան թարգմանիչներ, որք ճշմարիտ յաջողակութիւն մը ցոյց տուին։ Իբր օրինակ՝ այն հեղինակաց մի քանին պիտի յիշեմ, այսինքն Հոմերոս, Սոփոքլես, Հերեդոտ, Եւրիբիտ, Քսենեֆոն, Պլուտարքոս, Թեմոսթէն, Էշին, Վիրգիլիոս, Ովրատիոս, Սենեկա, Կեսար, Կիկերոն, Տակիտոս, Տանթէ, Միլտոն, տասնեօրթերորդ դարու հեղինակներուն բազմաթիւ երկերը, Շիլլէր, Պայրըն, Մօնթի, Ալֆիէրի, Ուկօ Ֆօսգօլօ, Բինտէ-մօնթէ, Կեսներ, Լամարդին, Վիգթօր Հիւկօ, Ալֆրէտ Տը Միւսէ, նաև Քլօբոթօքի Մեսիականն` որ մամլոյ տակ է։
Պետք է խոստովանիլ, թէ Մխիթարեանց միաբանութեան կը պարատաւորինք գրեթէ բոլոր դասական հեղինակաց և ժամանակակից բազմաթիւ մատենագիրներու երկասիրութեանց թարգմանութիւնը, ինչպես նաև այլևայլ գրական և գիտական հեղինակութիւններ որք մեծ արժէք ունին։ Հայկական գրականութիւնն իր տագնապը անցունելու ժամանակ երբ անխուսելի նաւաբեկութեան մ’ենթարկուած էր, այս լուսաւոր միաբաններն անոր փրկութեան խարիսխներն եղան։ Ազատեցին մեր ազգային դպրութիւնները և յաջողութեամբ մշակեցին։ Երկու վեհանձն բարերարաց Մուրատի և Ռափայելի առատասրտութեան շնորհիվ, որք մեր այժմեայ ամենէն բարեկարգ վարժարանները ազգին շնորհեցին, Մխիթարեանները դպրոցներ կը հիմնէին Վենետիկի, Բատուայի, Բարիզի մէջ, ուր 45 տարիէ ի վեր հայ պատանիներ կրթելու, ձևաւորելու, զարդարելու և գիտութեան բարիքովն օժտելու խնամքը ստանձնած են։ Սակայն այսօր միայն Վենետիկի մէջ ստուգապէս կը շարունակեն իրենց այս խնամատարութիւնը։
Անտարակոյս Մխիթարյանները շատ գործեր ըրին, բայց կրնային աւելի մեծ գործեր կատարած ըլլայ, եթէ կրօնական ողորմելի նկատմանց տրտմալի գործիքները դարձած չըլլային։ Այս նկատումերը թանկագին ժամանակ վատնելով յառաջադիմութեան ընթացից առջև խոչընդոտներ կըլլային։ Ասոնք այնպիսի ողբալի պարագաներ են որոնցմէ մէն մի ազգ դժբաղդաբար վնասուած է վասն զի անոնք մինչև հիմա մարդկութեան յառաջդիմութեան անխուսելի արգելներն եղան։ Դեռ մօտ ժամանակներս Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններու մին` իբր աշխարհագրական կարևոր երկի մը հեղինակն` աշխարհագրութեան երկրորդ մրցանակը ստացաւ Պ. տը Լեսէբսէն ետք որուն առաջինը տրուեցաւ։ Նշանաւոր հնախօս մ’արմենական սեպագիրները կարդալու յաջողելովը թերևս պաշտօն ունի հին պատմութեան մթութեանց վրայ նոր լոյս մ’արձակելու։ Տաղանդաւոր մարդ մը մօտ օրերս աւարտեց Ֆրանսերէն-Հայերէն բառարան մ’է որ գրական ճշմարիտ յիշատակարան, և որուն նկատմամբ Լիթրէ մեծ զարմանք և յարգանք յայտնած է։ Իրաւ է որ սակաւաթիւ են Հայոց թատերական երկերը, սակայն տրամական յատկութիններէ զուրկ չեն ամենևին։
Գեղարուեստները նամանաւանդ պատկերահանութիւնն և անդրիագործութիւնն օր ըստ օրէ կը մշակուին։ Արդեն կան մեր մէջ ճարտարագէտներ որք իրական արժեք մ’ունին։ Այս մշակումով յայտնապէս կը հաստատուի թէ Հայերը սկսած են կշռել գեղեցկին արժէքը։ Հարկ չեմ համարիր խոսիլ թէ ո՜րքան կատարելագործուած է նաև լուսանկարութեան արհեստը արդեն քաջայայտ իրողութիւն մ’է այս։ Տպագրական արհեստը գոհացուցիչ կերպով յառաջացած է։ Հայոց առաջին տպարանը տասնուվեցերորդ դարուն մէջ, այսինքն Կիւթենպերկի գիւտէն հարիւր տասը տարի ետք հաստատուեցաւ։ Արդար անուն Հայ մը Վենետիկի մէջ հաստատած է այս առաջին տպարանը որուն մէջ կրօնական կամ ուրիշ աւելի նշանաւոր երկեր կը տպուէին ճիշդ այն ժամանակ ուր Էթիէն Տօլէ աստուածաբանութեան ուսումնարանին հրամանաւ մատնուած էր իր մէկ ոճրագործութեան համար, որ էր հոն տպարան մը հաստատած ըլլալը։ Մամուլը բազմաթիւ հրատարակութիւններ կարտադրէ որոնց մի մեծ մասը ծանրակշիռ ուսմանց արդիւնք է։
Դպրոցներն ամենուրեք, թէ հոս և թէ՛ գաւառաց մէջ կը բազմապատկին ժողովրդեան ձրի կրթութիւն տալու նպատակաւ ասկից առաջ երեք բարեկարգ ընկերութիւներ կազմուած էին, որք հիմա իրարու հետ խառնուելով Միացեալ Ընկերութիւնք կանուանին, և որք այժմէն երսուն երկու դպրոց ունին գաւառաց մէջ։ Նոր լեզու մ’ընտրուեցաւ նոյնպէս, վասն զի գոյութեան նոր կերպարան մ’առնող որ և է ժողովուրդ իր նորանոր պիտոյից համապատասխանող նոր լեզու մ’ալ կուզե։ Ուստի բառերով և խոսքով ճոխ գրաբառ լեզուն գրեթէ մեր սուրբ գրոց և դասական մատենագրութեանց մէջ պահուած է միայն։ Լորտ Պայրըն Հայերեն գրաբառ լեզուին նկատմամբ արդար դատաստան մը կընէ երբ՝ զայն Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններէն ուսնելով կը խոստովանի թէ մեր դասական լեզուն շատ հարուստ է և թէ հետևաբար մեծամեծ փոխարինութիւններ կընծայէ որոնց որ կը սորվին գրաբառ Հայերենը։ Այս լեզուէն կը ծնի աշխարհաբառ Հայերէնն որ իր աղջիկն է, և որ դարուս ոգւոյն համակերպելովը, եւրոպական լեզուներէ շատ բառ փոխ առնելով հանդերձ չը կրնար իր մայրը անպատիժ ուրանալ։
Երկու ներհակ կուսակցութիւններ անընդհատ կը կռուին. մի յայտնապես կը մարտնչի գրաբառին դեմ, խոսքի շինութեան և դարձուածքի արմատական փոփոխութիւն մը կուզէ այն։ Միւսն ընդհակառակն աշխարհաբառն գրաբառին վրայ դրոշմել և կարելի եղածին չափ ան որ մօտեցնել կուզէ, ուսկէ դիւրին է հետեւցնել թէ աշխարհաբառ լեզուն տակաւին ամուր հիմանց վրայ հաստատուած չէ։ Իրաւ է որ ամեն նոր բան հարկաւորապես կը պարտաւորի շատ փոփոխութիւներ կրել մինչև որ ընդունի այն որոշ կերպարանը որ իր պահանջաց պիտոյից կը համապատասխանէ, և դարձեալ անընդհատ պիտի փոփոխի ժամանակին, գաղափարաց և դրութեանց ընթացքին համեմատ որք իրարու կը յաջորդեն, նաև զիրար կը ջնջեն՝ կատարելագործուելով։ Արդարասիրաբար կը խոստովանիմ նաև թե Իզմիրի Հայերն ալ մեծապէս նպաստեցին մեր ազգին մտական բարգավաճմանց։ Անոնց մէջ կը գտնուին ուշիմ միտքեր, որք գրական գեղեցիկ երկեր և ընտիր թարգմանութիւններ հայթայթեցին մեզ։
Ռուսիոյ, մասնաւորապէս Թիֆլիսի Հայերը նոյնպես շատ նշանավոր հանդիսացան, մտական շարժումն մեզմէ ետք սկսաւ անոնց մէջ, բայց կրնայ ըսուիլ թէ եռանդեան և աշխատութեան սակաւութեամբն ուզեցին շահիլ իրենց կորուսած ժամանակը։ Իրաւ է որ մենք բաւական յառաջ գնացինք գրականութեան մէջ, բայց անոնք ալ գրեթէ նոյնչափ յառաջեցին գիտութեանց մէջ ինչպէս կը տեսնէք, մտական յառաջադիմութեան նկատմամբ աւելի մեծ կարեորութիւն ունեցող իրողութիւներ չեմ կրնար նշանակել, բայց, խնդրեմ, դիտեցէ՛ք որ քաղաքակրթութեան վիճակ մը որքան ալ յառաջացած ըլլար յառաջդիմութեան ճամբան դեռ նոր մտնել սկսող ժողովուրդ մը տակաւին տղայութեան հասակի մեջ կը համարուի, և որքան ալ եռանդ և յոժարութիւն ունենայ նիւթապէս ժամանակի կը կարոտի զարգանալու մեծնալու և հասուն հասակը մտնելու համար։ Տղայութեան ժամանակ մէն մի քայլ կը համրուի մէն մի աշխատութիւն աւելի հոգնութեան կը կարօտի քան թէ ուրիշ ժամանակներ։ Կը պարտաւորինք շատ գործել և քիչ քաղել, վասն զի գործողութեան միջոցները տակաւին փանաքի են, և բարոյական և իմացական կարգաւորութեան մը յեղափոխութեան մէջ միշտ առաջին քայլերն աւելի կարևորութիւն ունին։ Չենք կրնար իրաց մի վիճակէն յանկարծ ուրիշ մը փոխադրուիլ այս փոխադրութենէն կարտադրի անցման վիճակ մը որ խիստ դժուարին, վտանգաւոր և երկարատև է, վազն զի այս վիճակին պաշտօնն է` ժամանակին նուիրագործուած աւանդութեանց և նախապաշարմանց հին շենք մը կործանել և ասոր աւերակաց վրայ բոլորովին նոր մը կանգնել։ Մենք մասամբ իւիք կործանեցինք արդեն այս շէնքը վերաշինութեան գործը սկսաւ, ալ մէզ կը մնայ յարատևութեամբ շարունակել զայն։ Բայց Հայոց այժմեայ հարատևության մասին ուրիշ աւելի անվիճելի ապացոց մ’ալ կար, որ է կնոջ՝ անշուշտ իր կարողութեան սահմանին մէջ՝ ազգային վերաշինութեան գործին մասնակցիլը:
Կինն իր իմացական կարողութիւնները ազատօրէն գործածելու իրաւունքէն զրկուելով, մի նիւթական կենաց շրջանին մէջ ամփոփուելով մարդուս գործողութիւնը, մասամբ իւիք կը տկարացնէ։ Եւ յիրաւի երկու սեռերն ունին յինքնանս քաղաքակրթութեան տարրեր որք կատարեալ կամ փոքր ինչ անկատար կերպով մ’իրարու հետ միանալով փոխադարձ կատարելութեան մը կը հասնին։ Այս կատարելութենէն կարտադրին ազդու արդիւնք, և չէ թէ այն կիսատ միջոցներն որք մարդուս առանձնական գործողութեան վնասակար հետևութիւներն են։ Արդ կանանց այս վերաշինութեան գործին մասնակցելու աստիճանէն իսկ կրնանք հաւանական կերպով մը նշմարել թէ ժողովուրդ մը քաղաքակրթութեան ի՛նչ աստիճանը հասած է։
Հայ կնոջ մեր յառաջդիմութեան գործին մասնակցիլը չեմ ուզեր չափազանցորեն նկարագրել։ Քանի մը խօսքով անցնելը ներկային հետ պիտի բաղդատեմ, և ձեզ պիտի թողում որ վճիռ մը տաք այս մասին։ Ասկէ յիսուն տարի առաջ Հայուհին տակուին տգիտութեան խաւարեն պաշարուած էր։ Արևելէան կնոջ պես իր սենեկին մէջ բանտարկուած և բոլորովին իր տնական գործերովն զբաղած ըլլալով անշուշտ չէր կրնար բնութէան կողմէ կնոջ յանձնուած պաշտոնին վեհութիւնը նշմարել։ Երբէք կրնար կարծել կինը թէ միայն իրեն տրուած է ամենածանր պաշտօն մ’որ է կազմել մարդս մանկութեան հասակէն սկսելով անոր բռնի ուսուցանել այն սկզբնական ճշմարտութիւնները որոնցմէ մասամբ իւիք կախում ունի իր ապագան, և անոր մտաց առաջին ուղղութիւնը, առաջին մղումը տալ: Կրնա՞ր բնաւ երևակայել թէ լաւ մայրերէ կը կազմուին լաւ քաղաքացիները, և թէ լաւ քաղաքացիներէ կը կազմուին մեծ ազզերն որք իրենց առաքինութիւններովը միայն ստուգապէս մեծ կը հանդիսանան։ Միթէ հարևանցի գաղափար մ’ունէր իր մտական ձրից, իր բարոյական արիութեան, իր բոլոր յատկութեանց և կարողութեանց վրայ։ Գիտէ՞ր թէ որքան ընդարձակ է այն բարոյական պատասխանատութիւնը զոր ունի իւր ընտանեաց և մարդկային ընկերութեան առջև։ Անշուշտ ոչ։ Բայց այսօր շնորհիվ կրթութեան՝ որ ևս քան դեռ կը զարգանայ՝ Հայուհիներէ ոմանք արդէն գիտեն թէ ինչ դեր ունին աշխարհիս մէջ և կը ջանան այս դերը արժանապատւութեամբ կատարելու իրենց ազդեցութիւնը ի գործ դնելով ոչ միայն տան մէջ, այլ նաև տունէն դուրս։ Պիտի համարձակիմ հաստատել այս իրողութինը, կարելի եղածին չափ համառօտակի խօսելով որպէս զի չարաչար չգործածեմ ձեր համբերութիւնը։
Ասկէ քսանուհինգ տարի առաջ Արմենուհի մ’Օրթաքէօյի մէջ կանանց ընկերութիւն մը կազմեց` հոգ ու խնամք տանելու համար դպրոցի մ’ուր թէ՛ Հայ և թէ՛ օտարազգի օրիորդներ լավ դաստիարակութիւն մը կընդունէին անխտիր կերպով։ Ի սկզբան անշուք էր այս դպրոցը, բայց հետզհետէ բարւոքելով յառաջադիմեց։ Արժմէայ նշանաւոր հայուհիներէն շատերն այս կրթական հաստատութէան զաւակներն են։ Այն ատենէն ի վեր ուրիշ շատ կնային ընկերութիւններ կազմուեցան, որոնց նպատակն էր նախակրթական ուսմունք ծաւալել, նաև թշվառութիւնը սփոփել։ Բայց երեք տարիէ ի վեր աւելի մեծ շարժում մը կայ․ Իւսկիւտար բնակող անտիական օրիորդ մ’ը աղքատ Հայ աղջկանց համար գաւառաց մէջ ձրի դպրոցներ հաստատելու նպատակաւ ընկերութիւն մը կազմելու գաղափարը յղացաւ։ Անկից ի վեր մեծ եռանդ մ’արտադրեցաւ, և Ազգանուեր Հայուհիներու ըսուած այս ընկերութիւնն այսօր բազմաթիւ անդամներէ կը բաղկանայ։
Քիչ մ’ետք Օրթաքէօյի վարժարանի սանուհիներուն նախաձեռնութեամբն դեռատի աղջիկներէ բաղկացած ուրիշ ընկերութիւն մ’ալ կազմուեցաւ Դպրոցասէր Տիկնանց անունով։ Իր նպատակն է մայրաքաղաքիս մէջ ձրի վարժապետանոց մը հաստատել և գաւառական վարժարանաց համար վարժուհիներ պատրաստել, որոնց մեր մտական շարժումին մասնակցիլն անշուշտ գաւառաց մէջ աւելի իրական կերպով օգտակար պիտի ըլլար քան թէ հոս։ Այս ընկերութիւններն որք հասարակաց ողորմասիրութեան շնորհիւ կապրին ստիպուած են հասոյթի միջոցներ հնարել այսպիսի ձեռնարկութիւններէ հետևող մեծագումար ծախուց դիմանալու համար։
Դուք, Հելլենուհի՛ք, դուք որ գթութեան և յառաջդիմութեան նպատակներու համար այնքան գեղեցիկ գործեր կընեք անընդհատ աշխատելով որ և է զոհողութեան առջև անվեհեր և կանգուն մնալով, դուք որ՝ դիմելով հարուստին ազնիւ, զգացմանց՝ կաղերսեք զինքն իր առատաձեռնութեամբը ձեզ աջակցելու ձեր վսեմ ձեռնարկութեանց մէջ, դուք որ չէք արհամարհեր նաև աղքատին փանաքի նուէրը, որուն մէջ նա իր հոգին կը դնէ, դուք անշուշտ դիւրաւ պիտի ըմբռնէք թէ որքան ծանր պաշտօն ստանձնած է Հայ կինն, որ տակաւին նորընծայ ըլլալով իր տարտամ քայլերուն առջև նորանոր խոչընդոտներ կը տեսնէ շարունակ առանց սակայն վհատութիւն զգալու։
Ի՞նչ է այն որմէ ներշնչուելով կը քաջալերուի դժուարութեանց յաղթելու, նաև անարգելու համար քննադատութիւն մ’ որ ստէպ անիրաւ է և որ ամեն նոր բանի դէմ կատաղաբար կը մաքառի։ Ուսկէ՞ կը քաղէ իր արիութիւնը և յարատևութիւնը։ Ոչ ապաքէն իր պարտաւորութիւնը զգալուն և իր դերը խղճովին գիտնալուն շնորհիւ կը գտնէ այս արիութիւնը և յարատևութիւնը, դե՛ր զոր զոհողութեանց շնորհիվ կը կատարէ, զոհողութիւններ, որոնց մեջ միայն կը գտնէ իր վարձքը։
Պատմեցի իրողութիւններ որք ինք ըստ ինքեան շատ նշանաւոր չեն, բայց որքան ալ տկար ըլլայ յառաջդիմութեան գաղափար մը, զայն երևան հանող իրողութիւնը նկատողութեան առնուելու արժանի է վասն զի այն գաղափարն արևին ծագումն աւետող արշալոյսն է։ Եւ Հայ կնոջ այսպէս ընդհանուր յառաջդիմութեան գործին փանաքի կերպով մասնակցիլն իր կարևորութիւնը ունի` եթէ մտածենք թէ տակաւին քանի տարի յառաջ նա և ոչ իսկ գաղափար մը ունէր այն շարժման վրայ, որուն այսօր ինքն ալ կը նպաստէ և ան ատեն կարծեմ դիւրաւ կը նշմարէք թէ Արմենուհին որքան առաջ գացած է նուաստութեան վիճակէ մ’ելնելու և հաւասարելու համար բարոյական մակարդակի մ’որ համեմատաբար բարձր է։
Կաղաչեմ հաճեցէք այս ընդհանուր շարժման կցելու Պատրիարքի մ’անունը, որ իր լուսաւորութեամբն երևելի և նշանաւոր հանդիսացած է և որ մտաւորական աշխարհին մէջ միշտ խրախուսեց յառաջդիմութիւնը։ Կը խոստովանիմ թէ այս յառաջդիմական շարժման մէջ մեծ մաս մ’ունին նաև այն հասուն և ուշիմ միտքերն որք իրենց հմտութեան և փորձառութեան զորութեամբն այս յառաջադեմ ապագան պատրաստեցին խելացի և գործունեայ մ’առաջնորդներն եղան և անոր ազնիւ եռանդը մեղմեցին երբ աւիւնէն մղուելով կենթարկուէր վտանգներու զոր միշտ չէր ընդնշմարեր այն։ Երիտասարդութիւնն ալ իր կողմէն ծայրայեղ խոհեմութենէ մ’արտադրուած յամբերութէան մը գրգիռ և աշխոյժ կտար, և կռթնելով հասուն և ներհուն մտաց վրայ իր գործողութեամբը կամբողջացնէր։
Հիմակ ամեն բան, դարուս ոգին, մեր գործն և ձեր գեղեցիկ օրինակը մեզ կը հրավիրեն յառաջելու, այո՛, ձեր գեղեցիկ օրինակն ևս հրաւէր կը կարդայ ձեզ։ Հելլենացի՛ք որ ձեր եռանդովն, հոգնութեամբն ու զոհողութիւներով կը սաստկացնէք մտաւոր շարժումը ձեր ազգին մէջ։ Յանուն յառաջդիմութեան շահու կը մոռնաք ձեր սեպհական շահերը, ձեր անհամաձայնութիւնները, և ամենքդ իրարու հետ իբր ի մի փունջ միանալով միայն կենդանի մարմին կը կազմէք՝ միակ գաղափարի մ’այսինքն ձեր ազգին յառաջդիմութեան համար: Թույլ տուեք ուրեմն ինձ որ յայտնեմ ձեզ ջերմագին շնորհաւորութիւներս և այն սաստիկ զարմացման զգացումները զոր ինձ կը ներշնչէ ձեր այդ ամենագեղեցիկ ընթացքը։ <…> Կէս դարէ ի վեր Հայոց մէջ կատարուած յառաջդիմութեան գլխաւոր գործերը ահա համառօտապէս պատմեցի ձեզ։ <…> Եթէ կարողութիւն և պերճախօսութիւն չունենալուս համար չը կրցայ բաւական շարժել ձեր հետաքրքրութիւնը ազգիս նկատմամբ, ներողամիտ եղի՛ք ի նկատի առնելով յոժարակամութիւնս և այն եռանդը, որով՝ իբր ճշմարիտ Հելլենացի յառաջդիմութեան բարեկամն հանդիսացող ձեր նախագահ վսեմափայլ Մաւրօեէնի էֆենտիին հրաւէրը ընդունեցայ։ Խօսքիս վերջ տալու ժամանակ խորին երախտագիտութիւնս վէրստին կը յայտնեմ հոս գումարուող պատուարժան Յունաց ժողովին մը՝ իր բանախօսութէան յատկացեալ այս սրահին մէջ խօսելու արտոնութիւն տուաւ ինձ։ Անխտիր կերպով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաև բոլոր ունկնդիր հանդիսականաց որք ինձ ուշադրութիւն մատուցանելու պատիւը ըրին։ Վերջապէս կը մաղթեմ, որ Յոյն և Հայ ազգաց մէջ հաստատուած համակրութիւնը միշտ մնայուն ըլլայ յառաջդիմութէան պաշտպանութեան ներքև։
Գրեց՝ Սրբուհի Տիւսաբ
Ֆրանսերենից թարգմանեց՝ Գր. Չիլինկիրեան
Բերա, 1882 մարտ 24,
[1] Սրբուհի Տյուսաբի «Հայերուն մտական յառաջադիմութեան վրայ քանի մը խօսք» բանախոսությունը տպագրվել է ՀՀ Բարձրագույն Կրթության և գիտության կոմիտեի աջակցությամբ՝ 23PTS-6B005 գիտական նախագծի շրջանակներում։ Տպագրվում է մասնակի կրճատումներով։ Աղբյուր՝ «Թէրճէմանը Էֆքեար», 1882, Կ․ Պոլիս, 24 մարտի, էջ 2, 4։
