Տառապանքներ – հալածանքներ – մահեր տեսանք
պատառ մը հացի սիրոյն
պուտ մը երջանկութեան համար պայքարեցանք
կարօտներ – առանձնութիւններ
սէրեր – անքուն գիշերներ
յուսախաբութիւններ տեսանք
դարերու հոսանքն ի վեր
դարերու հոսանքն ի վար նաւարկեցինք
փոթորիկները մեզ ճզմեցին ու անցան
պատերազմներ
նահատակներ
մարտիրոսներ տեսանք
ցուրտ հողը մեր տաք արցունքով թրջեցինք
արհաւիրք
կեղեքում
հեծկլտուք – թախիծ տեսանք
սեպ լեռներն ի վեր մագլցեցանք
մեր ապաւինած ժայռերը փուլ եկան
արիւնլուայ գլորեցանք
քաջասիրտ ռազմիկը – նազելաշուք Թամարը տեսանք
թմբուկին ձայնով գինովցանք
սրինգին շունչով վերացանք
խոցեր – կոծեր – բոցեր տեսանք
այրեցանք – փիւնիկ եղանք – վերակենդանացանք
արեւ եղանք –
մայրամուտին կարծեցին թէ մեռանք
արշալոյսով դարձեալ ծագեցանք
հնամենի վանք մը եղանք
ձիւնին տակ կորսուեցանք
ձիւնհալին դարձեալ ցոլացինք
անմահ երգ մը եղանք
կռունկի նման
ճախրեցինք հորիզոնէ հորիզոն
մշտադալար ծառ մը եղանք
սրտին մէջ երկրագունտին
մեր արմատները մխրճեցինք
եւ աշխարհի չորս ծագերուն
ծիածանի եօթը գոյներով
ծաղկեցանք երակ – երակ
մենք յաւերժութեան ծառը եղանք
29.8.1979
2015
«Մոռցէ՛ք» ըսին
Չմոռցանք
Չէինք կրնար մոռնալ
Թէեւ չմոռցանք
Բայց պահ մը թերեւս
«Մոռցած» երեւցանք
«Մոռցէ՛ք» ըսին
Բայց ինչո՞ւ
Բայց ինչպէ՞ս մոռնայինք
Մինչդեռ անոնք
Մոռցան
Թէ մենք չէինք կրնար մոռնալ
«Մոռցէ՛ք» ըսին – չմոռցանք
Եւ անոնք որ մոռցան
Մոռցուեցան
Հիմա դուն
Մի՛ մոռնար որ չմոռնանք
Մի՛ մոռնար որ չմոռնան
Հիմա դուն
Մի՛ մոռնար որ չմոռցնես
Մի՛ մոռնար որ չմոռցուիս
Եւ մի՛ մոռնար որ
Մոռցուողները
Երբեք չեն մոռնար զիրենք մոռցողները
23.12.2014
