ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ / ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց որ գերեզման չունեցան –

Անդորրութի՜ւն խոպաններուն, ճահիճներուն ու գետերու ջուրերուն

Ճամբաներուն անվերադարձ որ ոչ մէկ տեղ կը տանին

Ու կը խրին փոշիներու լռութեան մէջ անպատում…

 

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց որ պարապ տեղ զոհուեցան

Խաղաղութի՜ւն խռովքներուն, ափսոսանքին, զղջումներուն, զայրոյթին

Սա՛ստ սա բախտին որ մեզ լեզու դեռ կը հանէ ծեր հտպիտի մը նման

Դուլ ու դադա՜ր ճակատագրի կոյր գլանին որ կը ճնշէ ու կը ճզմէ անդադրում…

 

Հոգեհանգիստ բոլոր անոնց որ դուռն ինկան շատերուն –

Ապաշխարանք ու քաւութիւն՝ անհամեմատ մեզմէ հզօր, մեզմէ հարուստ

այլ պարտական վատերուն

Աղօթք արցո՜ւնք աշխարհով մէկ ցրուած լքուած անթիւ լացի պատերուն

Ներում շնո՜րհ տգիտութեան, անփորձութեան, սխալներուն անհատնում…

 

Հոգեհանգիստ երազներուն որ վաղորդայն չունեցան

Հանգի՜ստ բոլոր աքլորներուն որ երգեցին շատ կանուխէն եւ այգաբաց չտեսան Խաչ ու խորա՛ն այն հաւատքին որ աւերակ հին տաճար մ՚է դեռ կանգուն Խաչահանգի՜ստ այս ցաւերու ծովուն վրայ` ուր մեր նաւն է կտաւ պարզեր

անտրտում …

10.4.1972

ԱՆՁՐԵՒ

 

Այն փոշին որ մաշած լեռներէն ու տաշուող ժայռերէն կուգայ

Բռնի փչող ու աչքերու փոշի ցանող հովերով

Եւ կը ծածկէ արեւ ծծող ծառ ու ծաղիկ ու ծղօտ

Քարացումի վտանգով

Ու մոխրագոյն պատանքով

Այն թիթեռը որուն թեւերը ծանրացած են ոսկեփոշիով

Պատահական հովուն բերած

Բոլոր փոշիներուն պէս ցեխի վերածուող – ուղխին մէջ

Կը քշուի հիմա

 

Այն ոստն ազազուն ու ազնիւ որ տնկուեցաւ

Ձեռքէ ձեռք ու սրտէ սիրտ եւ դարէ դար

Մասունքի պէս սրբութեան պէս յոյսի պէս

Փոխանցուած մեզի հասած մեր սիրած

Այն դաշտին մէջ այն դաշտին հետ

Ճեղք ճեղք ճաթած վէրք վէրք վառող ծարաւի –

Կ՚ոռոգուի հիմա

 

Այն սալայատակները որոնք արիւնեցան

Կամքէն կայքէն կոխէն հաստատ ու հզօր

Պահանջկոտ եւ աննահանջ ոտքերու

Այն արիւնը որ սեւցաւ կպրուղիին վրայ կուպրի պէս

Կը լուացուի հիմա: