
Յիշելով՝ Վահէ Օշականը / Գէորգ Պետիկեան
Այս տարի լրացաւ Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակը: Այս առթիւ հայ մամուլը արդէն անդրադարձաւ 20-րդ դարու իւրայատուկ այս մտաւորական-գրող-գրաքննադատ-խմբագիր եւ դասախօսին մասին: Իմ կարգիս, թէեւ ակամայ քիչ մը ուշ, սակայն իբրեւ հայ գիրի եւ գրականութեան կամաւոր զինուորագրեալ, այս տողերովս պիտի փորձեմ միտքս եւ յուշերս ժողվել ու մտածումներս ամփոփել եւ յիշել ու իմ ակնոցովս հայ ընթերցողին հրամցնել այս մեծ […]