
Ժիրայր Դանիէլեան
Ժիրայր Դանիէլեան (1941-2022) արմատներով Հաճընէն, Արեւմտահայաստան: Սփիւռքահայ ակնառու մտաւորականը, բանասէրն ու վերջին մոհիկաններէն մէկը Սփիւռքահայ ազնուական ու պատուական սերունդի մը շիցեցաւ Ամերիկայի մէջ, թողելով անդառնալի բաց մը: Դանիէլեանը թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ՛ իբրեւ ուսուցիչ-տնօրէն, խմբագիր եւ գրող Լիբանանահայ իմացական, մտաւոր ու գրական-մշակութային կեանքի սիւներէն մէկը կրնայ համարուիլ եւ կէս դարի հասնող արգասիքութեան մը գիծը բանալով, ան կրցաւ միաժամանակ յարգանքն ու համագործակցութիւնը վայելել հայրենիքի եւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն: Անոր յօրինած բանասիրական հատորները (հրատարակուած Երեւանի եւ Պէյրութի մէջ) հարստացուցին Հայ գրականութեան բանասիրական, գրականագիտական եւ իմացական աշխարհը: Ըլլալով խմբագիր զանազան գրական հանդէսներու եւ հիմնելով իր անձնական նախաձեռնութեամբ «Կամար»ը՝ Դանիէլեան մշտապէս բարձրացուց Հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ Սփիւռքահայ վերապրած սերունդին սկսած արդար ու պայծառ առաքելութիւնը արժանօրէն […]