Ներսս խլրտացող ծննդավայրիս յիշատակները, անորոշ պատերազմի ճանկերուն մէջ լքուած կիսափլատակ «քաղցրիկ» մեր տունը, հարազատներս՝ բարեկամներս, որոնք տակաւին Հալէպի արհաւիրքը դիմակալելով կը տառապին, բոլորը, բոլորը ետիս թողած կայք հաստատեցի հայրենիքի մէջ
«Հայաստան երկիր դրախտավայր»…
Ինչպէս անուրջներէն դէպի իրական, շօշափելի աշխարհ երկարող կամուրջը ճօճուելով կը ցնցէ շրջապատը դիտող, վերացած մարդը, ես եւս ոտք դնելով հայրենիք ըմբռնեցի, որ «Երկիր դրախտավայր» որակումը, սփիւռքահայի երազն է, սփիւռքի առօրեան քաղցրացնող, հայրենասիրութիւնը հրահրող կարգախօս: Ու հասկցայ, որ կեանքը ապրիլը այլ է, երազելը այլ… «դրախտավայր»ը փակեցի հոգւոյս խորը, կանգուն ու անսասան պահելով «Հայաստան իմ երկիր» կարգախօսը:
«Բախտաւոր էք դուք հայերդ, հայրենիք ունիք» ըսած էր հալէպցի արաբ դրացուհիս, երբ իմացած էր, որ կը պատրաստուէինք Հայաստան տեղափոխուիլ: Այնքան հպարտ զգացի… այո՛, դարաւոր թշնամու կողմէ հոշոտուած, շրջափակուած, վերնախաւի հարստահարութենէն պարտասած, խոշտանգուած, փոքրիկ հողակտոր, բայց Ազատ-Անկախ ՀԱՅՐԵՆԻՔս…
– Բայց կ’ըսեն հոն ապրիլը դիւրին չէ.- մտքերս կ’որսայ թէ՞ Հայաստանի մասին շրջող տարաձայնութիւնները կը յուշէ դրացուհիս:
– Ամէն տեղ ալ դժուարութիւններ կան.. շատ գեղեցիկ երկիր է.- կ’եզրափակեմ հպարտութիւնս խծբծող հետքերը ջանալով վերացնել, մտովի կ’այպանեմ տարաձայնութեանց հեղինակները, իրականութիւնը դառն է, բայց օտարներուն դէմ տան աղտոտ լաթերը փռելը կ’արատաւորէ մեր ազգային պատկանելիութիւնը:
***
Խուճապի, սարսափի ահաւոր օրերը ետին թողած էինք: Աշնանային առաջին ապահով առաւօտը կը բացուէր հայրենիքի մէջ: Քալեցի ինքնավստահ ու երջանիկ, տաքուկ արեւի շողերը ու քնքուշ զեփիւռը կ’ամրապնդէին քայլերս: Խորունկ ներծծեցի թթուածինը, Երեւանի փողոցներուն մէջ կեանքը կը խայտար: Ես արդէն այս երկրի բնակիչն էի, նաեւ քաղաքացին, թէեւ առաջին արտաբերածս բառին հետ կը յայտնագործէին «դրսեցի» ըլլալս.
– Ախր սա երկիր չէ, Սիրիայից ես, կարաս գաղթականի հանգամանքով Եւրոպա գնալ, Քանատա.. որ երկիրն ուզում ես.- յորդոր է, որ թաքսիի վարորդը շպրտեց… ուրեմն գաղթականի կարգավիճակս նախանձելի կրնար ըլլալ:
Այո’, այս կարգավիճակէն օգտուելով հարիւր հազարաւոր սուրիահայեր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացան, եկան հայրենիք, ապա կամուրջէն հապճեպ անցնող ճամբորդի անտարբերութեամբ չուեցին… երեւակայական գումարներով վիզաներ ձեռք ձգելով, տակաւին հայկական անձագիրները վերացուցին, պահեցին, ոչնչացուցին.. հասան Եւրոպական ափեր, նուիրաբերեցին իրենց զաւակները օտար ազգերու խառնարանին, փոխան նիւթական օժանդակութեան, ամսեվճարի, ապահով ու փայլուն ապագայի երազային հեռանկարը իրականութիւն դարձնելով:
– Սա մեր երկիրն է, բոլորս միասին պիտի փոխենք այն ինչ վատ է.. Կ’ընդդիմախօսեմ, երկիրը լքելու բոլոր պատճառաբանութիւնները զիս չեն համոզեր:
Յաջորդող օրերուն «Երկիրը երկիր չէ» արտայայտութիւնը կը հնչէր ամենուրեք, սա երկրի կարգախօ՞սն է, մինչ սրտիս խորը թաքնուած «դրախտավայր»ը գլուխ կը ցցէր.. «ամուր պահէ զիս»:
Առաջին տարին գլորեցաւ:
Ոսկեգոյն աշնան խշխշացող տերեւներուն վրայ կոխկռտելով, սառն ձմերուան փափուկ սպիտակ ծածկին վրայէն զգոյշ յառաջանալով, նորափթիթ գարնանային ծաղիկները ըմբոշխնելով, ամառուայ արեւին տոթակէզ շողերը դիմաւորելով յառաջացայ մերթ շփոթած, մերթ ինքնավստահ, քաջ հաւատալով որ սա իմ երկիրս է ու «երկիրը, երկիր է»:
Աստիճանաբար ընտելացած էի մթնոլորտին, սկզբնական օրերու զիս շփոթեցնող պատկերները, արդէն սովորական կը դառնային… տարեց մուրացիկներ, աղբաթիթեղներուն մէջէն թափթփուքներ որոնող մարդիկ, սալահատակները աւլող կիներ, անորոշ հայեացքով, ծխախոտը բերնին ծայրը, թաղին անկիւնը կանգնած, անգործ տղամարդիկ, երթեւեկութեան նեղլիկ երթուղայիններուն մէջ կուչ եկած մարդիկ: Այս բոլորը այլեւս «անտարբեր» կը դիտէի, կողք-կողքի, սեղմ կը նստէի երթուղայիններու մէջ, խճողման պահին երկրի քաղաքացիի վայել՝ կորաքամակ կուչ գալով:
Ու «Երկիրը, երկիր» կ’ըլլար, երբ դիտէիր բաժակի լեցուն մասը.. շողշղուն ժպիտներով, նորաձեւ հագուստներ կրող գեղեցիկ աղջիկները, առողջ կանչերով բլբլացող փոքրիկները, պայծառ դէմքերով պատանիները, խճողուած երթուղիին մէջ մեծահասակներուն տեղ զիչող երիտասարդները ու մանաւանդ աշխարհի տարածքին ոչ մէկ երկրի մէջ գտնուող այս գուրգուրանքը, խնամքը, թոռներուն ծայրահեղ հոգատարութեամբ պարուրող տատիկ, պապիկներուն:
«Երկիրը երկիր չէ» կարգախօսը կը հնչէր ամենուրեք, երկիրը լքողները արդարացնելով, իսկ ո՞րու պիտի մնար երկիրը, թոշակառու տարեցներո՞ւն, Հիւսիսային պողոտայի վրայ շքեղ յարկաբաժին կահաւորած ու ամառները քանի մը շաբթուան համար օդափոխութեան եկող սփիւռքաբնակ հայերուն, նորագոյն ինքնաշարժներով «ֆռռացող» անգործ երիտասարդներուն, թէ՞ օտար երկրի մէջ հաստատուելու երազանքով տառապող նոր սերունդին:
Արդարացո՞ւմը…
Նիւթական գնահատականները անբաւարար էին, որ նիւթականով շնչող այս դարուն ապրելու համար պատկանելիութեան, հայրենասիրութեան ջերմ զգացումները ծալլուէին ու նետուէին ամենահեռաւոր խորշը:
Սակայն՝ Ապրիլեան պատերազմը կու գար շրջել ու կառուցել այլ մօտեցումներ… Վտանգին ի տես, կը պատահէր անսպասելին, հայութիւնը կը միաւորուէր, ազերիներու վայրագ յարձակումը պիտի բերէ՞ր անմիաբան հայը համատեղելու բարիքը…
«Երկիրը երկիր չէր», բայց վտանգուած էր: Ու կամաւորներ երիտասարդ, տարեց, նախկին ու նոր ազատամարտիկներ կը փութային ճակատ, պատրաստակամ ԵՐԿԻՐը պաշտպանելու.. Շշմած էի, նոյնիսկ կ’ամչնայի, որ գաղտագողի համարձակութիւնը ունեցած էի մտածելու, թէ այս երկրին մէջ հայրենասիրութիւնը, արտագաղթի անբուժելի ախտով վարակուած՝ մահուան եզրին է: Արդէն կը հասկնայի, թէ խրախճանքի սեղաններու շուրջ բաժակ բարձրացնելով «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգելը հայրենասիրութիւն չէ, թէ երբ հողը ոտքերուդ տակ է հայրենասիրութիւն աղաղակելը անիմաստ է, թէ հայրենասիրութիւնը երկիրը վտանգուելու պարագային կը ժայթքի, կը ճչայ: Ահաւոր օրեր էին, նահատակներ, նահատակներ, սեւ լուրեր, արցունքներ, յետոյ մեղադրանքներ, ընդվզումներ:
Պատերազմը քառօրեայ իր սաստկութեամբ ցնցեց երկիրը, ամենուրեք մարդիկ միայն պատերազմի ու կամաւորագրութեան մասին կը խօսէին: Ապա զինադադար, սակայն խախտումները կը շարունակուէին անընդհատ:
Ինչպէ՞ս կոչել անաւարտ պատերազմը, երբ արիւնարբու թշնամին փափկանկատութեամբ հակառակորդ կ’անուանուի:
Անուանումի մեղմացմամբ նաեւ մենք՝ սուրիահայերս կոչուեցանք գաղթականներ… գաղթականներ հայրենի հողին վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը կրելու պատուին արժանանալով հանդերձ… Երբ մետալներով զարդարուեցան քաղաքացիներուն կուրծքերը եւ «Պատուաւոր քաղաքացի»ի կոչումներ շռայլուեցան. Հեռատեսիլին դիմաց պարգեւատրւումները դիտելով միտքս պայծառացաւ, ուրեմն կան նուազ պատուաւորներ.. կան նաեւ գաղթական քաղաքացիներ, որոնց անուանումը ի՜նչ եւ ի՜նչ քաղաքական հանգամանքներու բերմամբ կ’արժանանայ նման կոչումի: Գաղթականի անուանումը օգտագործել իմանալը հնարամտութիւն է: Ընդվզիլը կամ վիրաւորուիլը անտեղի է, երբ հայրենիքդ ողբերգութեանդ, տանդ փլուզման ի հաշիւ, փշրանք մը կը ստանայ քեզ գաղթական դասելով:
Դէպի քաղաքական ոլորտներ սլացող մտքերս պահ մը զիս շփոթութեան մատնեցին, նախընտրեցի չխորանալ եւ պարզապէս ըմբոշխնել ալիքներով սենեակս հասնող պատուական երաժշտական հանդիսութիւնը, հաւատալ որ «Երկիրը, երկիր» է, իր պատուաւոր ու տակաւին այդ կոչումին չարժանացած միլիոնաւոր բնակիչներով, անհամար դրամատուներով, շքեղ ինքնաշարժներով ու «ռեստորան»ներով:
«Սասնայ Ծռեր»ուն պոռթկումը այլ դրուաք մըն էր: Դաշտենցի հիանալի գրականութեան ընդմէջէն «Ծռերու» հանդէպ ունեցած համակրանքս ու հաւատքս այլ մօտեցումով պիտի դրսեւորուէր… տակաւին «դրսեցի» էի, հաւանաբար դրսեցիի մտայնութեամբ: Շրջապատէս շատ-շատեր համակիր էին նմանատիպ պայքարի, մինչ ես անսասան ու անփոփոխելի սկզբունքիս կառչած, երբեւէ չէի կրնար ընդունիլ, որ հայը հայուն արիւնը թափէ: Կը հաւատայի, որ ան պարտաւոր է քաղաքագէտ հնարամտութեամբ լուծել իր ներքին հարցերը ու զէնքը ուղղել միմիայն դէպի իր թշնամիները: Թերեւս տակաւին յիշողութեանս պաստառին վրայ դաջուած սուրիական արհաւիրքի պատկերներն էին: Կապանքներէ ձերբազատուելու պոռթկումով սկսած քաղաքացիական պատերազմ անուանուած «պայքար»ը, ազատ խօսքի եւ իրաւունքի ձգտող մարդիկը, նետեց թակարդը՝ քանդիչ պատերազմը առաջ մղող պետութիւններուն: Երկիւղալի նմանատիպ պարագայէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը կը թելադրէր ծայրահեղ զգուշաւորութիւն: Բարեբախտաբար գեղեցիկ առաւօտ մը անսպասելիօրէն սկսուած այս ապստամբութիւնը, խաղաղ ու լռելեան, անսպասելիօրէն երեւութապէս կ’աւարտէր:
«Երկիր»ը երկիր ըլլալէ չէր դադրեր, բայց երկիրը Հայաստան էր ու հոն պէտք է հնչեր Մեսրոպեան «բան»ը.. անխուսափելի է, որ ընթացիկ խօսակցական հայերէնը պիտի կրէր իննիսուն տարուայ գերիշխող հրետանիին դրոշմը, վկայ Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» անմահ գործը: Արդարացուցիչ չէ սակայն մամուլի, հեռուստակայաններու խօսնակներուն, քաղաքական գործիչներուն, նոյնիսկ գրողներուն բերնին մէջ հնչող օտար, ականջ ծակող լատինարմատ կամ օտար բառերը… Բառամթերքով հարուստ, բարդակազմութեամբ, նոր ու գեղեցիկ բառեր ստեղծելու հնարաւորութիւնը ունեցող մեր ոսկեղենիկը ինչու չօգտագործել, այնպէս ինչպէս չեն օգտագործուիր, կամ հաւանաբար որոշ նկատառումներով կ’անտեսուին երկրի բնական հարստութիւնները.. «րէսուրս»ները պէտք է ըսէի, որ հասկնալի դառնայի: Ինչպէս նաեւ վերջերս յաճախ հնչող «օլիգարխ» բառը եւս…սա վերացնելը հայերէն լեզուի նորամուտ բառամթերքէն, մանաւանդ՝ այս անուանումը կրողները արտաքսելը երկրի սահմաններէն առայժմ անհնարին էր.. հաւատալով հանդերձ անհնարին բան չկայ աշխարհի վրայ, երբ միաւորուին կամքն ու միասնութիւնը:
Մտածումներս, տպաւորութիւններս արձանագրեցի անվերապահօրէն, հաւատալով, որ յաջորդող տարիներուն կարմիր գիծերով պիտի ընդգծեմ անոնցմէ գոնէ մաս մը, սահմանադրական նոր մօտեցումով, որպէս բարեփոխութեան ենթարկուած նիւթեր…
Իրողութիւնը այն է, որ Երկիրը, ԵՐԿԻՐ է մեծատառով.. ու ես ծննդավայրիս մէջ հօրենական բնակարան կորսնցնելով այստեղ՝ հայրենի հողին վրայ ունեցայ «Իմ բնակարանս»:
Մեծայա՛րգ խմբագրութիւն
«Գրական թերթ»-ի
Քիչ մը թերահաւատութեամբ, բայց նաեւ վիրաւորանքով կարդացի Պերճուհի Աւետեանի այնքան հետաքրքրական «Երկիր» յօդուածին մէջ (5-4-2017) սպրդած ուղղագրական անթոյլտրելի սխալները, որոնք հետեւանք են դասակաան կամ, ինչպէս դուք կը սիրէք ըսել, աւանդական ուղղագրութեան չիմացութեան: Ճիշդ չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր պահուած է այս անսովոր սխալներու ծագումը. կարծես յատուկ ճիգ մը թափուած է աղաւաղելու հայերէնը: Մէկ կողմէ չեմ ուզեր հաւատալ, թէ Աւետեանը ի՛նք գործած ըլլայ զանոնք, սակայն միւս կողմէ չեմ ուզեր նաեւ հաւատալ, թէ խմբագրութեանդ մէջ չգտնուէր մէկը, որ աւանդական ուղղագրութեան նուազագոյն իմացութիւնը չունենար, քանի գործուող սխալները այնքան ալ խրթին երեւոյթներու հետեւանք չեն, այլ կը գտնուին տարրական հայերէնի իմացութեան ծիրէն ներս:
Կը գոհանամ թուելով զանոնք՝ ակնկալելով, որ հետագային չկրկնուին:
– հոշոտուած … յօշոտուած
– ամսեվճար … ամսավճար
– ամենուրեք … ամէնուրեք
– ձմերուան … ձմեռուան
– ծալլուէին … ծալուէին
– լռելեան … լռելեայն
– պէտք է հնչեր … պէտք է հնչէր
– իննիսուն … ինիսուն կամ իննսուն
– ոսկեղենիկը … ոսկեղէնիկը
– րէսուրսները … ռեսուրսները, նախընտրաբար հայեցի՝ աղբիւրները
– Բախտաւոր էք դուք հայերդ…Բախտաւոր էք դուք՝ հայերդ:
– Պատկերները, արդէն սովորական կը դառնային …
Պատկերները արդէն սովորական կը դառնային:
Հարգարժան պարոն Արմենակ Եղիայեան.
Քանի որ Սփյուռքի ամեն մի համայնք, ամեն մի երկրում ունի ի՛ր ուղղագրության կանոնները, մենք ստիպված ապավինում ենք հեղինակի բնագրին: Հենց այս դեպքում տկն. ԱՒԵՏԵԱՆԸ իր պատասխանատվությամբ է մեզ տրամադրել հոդվածը՝ հավաստումով, որ իր կողմից պահպանված է պատշաճ գրագիտությունը:
Հարգանքով՝ Կարիեն Խոդիկյան:
Տիկի՛ն Խոդիկեան,
Ձեր բանաձեւումին մէջ որոշ չափազանցութիւն կայ: Սփիւռքի մէջ, ճիշդ է, ուղղագրական որոշ անմիօրինակութիւններ կան, բայց այս չի նշանակեր, թէ ամէն համայնք իր կանոնները ունի: Իմ նշած վրէպներս եւ անոնց սրբագրուած տարբերակները ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկուն կողմէ առարկելի չեն. չկայ այդպիսի անհատ կամ համայնք: Կան անշուշտ հայերէնի իմացութեան այլազան ասիճաններ, բայց սա ուրիշ բան է:
Ձեր շարադրանքէն այն կը հետեւցնեմ, թէ Աւետեանը ինք շատ թերի կը ճանչնայ հայերէնը, քանի բերուած յօդուածի գրագիտութիւնը կը գոհացնէ զինք: Կը ցաւիմ:
Անշուշտ ես չեմ ճանչնար զինք: