Հանդիպած էի գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանին հարազատներուն: Առաջին անգամ ըլլալով հոն էի, երբ գեղանկարիչը բացակայ էր իր տունէն: Ողջագուրում Յակոբին տիկնոջ Մարիին ու դստեր՝ Նորային հէտ: Նպատակս Յակոբեանի մասին յօդուած մը գրել էր. խօսիլ տալով Մարին ու Նորան: Դժուար չեղաւ համաձայնիլ նիւթին շուրջ: Խօսակցութիւնը երբ տևեց շուրջ 45 վայրկեան, շարք մտան նաև շուրջ մը մտաւորականներ, որոնք կը բնակէին նոյն շենքին մէջ:
Նիւթը կեդրոնացաւ դոկտոր պրոֆեսոր Կիմ Աղաբեկեանի անուան ու գործին շուրջ: Չէի յիշեր այս անձնաւորութիւնը տեսած ըլլալ, երբ հիւրընկալներս գովեստի խօսքեր ըսին ենթակային շուրջ: Տպաւորուեցայ ճիշտը և խնդրեցի, որ տունէն հեռաձայնովը կապուիմ պրոֆեսորին: Տունէն բացակայ էին: Որոշեցի յաջորդ օրուան թողուլ հարցը:
Այդ օրը քանի մը մտաւորականներու հանդիպելով և՛ Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին և՛ Գրողներու տան մէջ, վեցեակ մը ներկաներէ իմացայ, որ տարիներէ ի վեր Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներէն մէկը եղած է ան: Ներկաներէն երեք հոգի ըսին, թէ պրոֆեսոր Կիմ Աղաբեկեանը եղած է իրենց դասախօսը ու խնդրեցին, որ երբ հանդիպելու ըլլամ իրենց սիրելի դասախօսին, բարի ըլլամ իրենց ջերմ ողջոյնները յաղորդել անոր:
Ժամանակ կորսնցնելու չէի, տուն երթալով զանգահարեցի իրեն: Ընկալուչը վերցնողը տիկինն էր: Յայտնեցի խնդրանքս: Բարեբախտաբար դասախօսը ներկայ էր: Յայտնեցի անոր տեսակցելու փափաքս, աւելացնելով թէ Հալէպէն ժամանած եմ և զինք տեսնել կը փափաքիմ: Ան, ընդառաջելով փափաքիս, յայտնեց թէ այդ ժամանակ ինք համալսարան պիտի մեկնէր դասախոսելու համար: Ժամադրուեցանք նոյն օրուան յետմիջօրէի ժամը չորսին: Ճիշտ ժամուն երբ տուի դոկտորին տան զանգը, դուռը բացողը ինք եղաւ:
– Զանգելու միջոցիդ անունդ չբաշխեցիր,- հաստատեց ինք: Ներկայացայ.
– Անծանօթի պէս կը խօսիս տղայ, չես յիշեր որ Պէյրութի մէջ ծանօթացանք իրարու և դուն խօսեցար Յակոբ Օշականի թաղումին մասին 1948 թուականին ու լայնօրէն բացատրեցար, թէ որքան հետևողներ եղան Յակոբ Օշականի դագաղին: Լաւ կը յիշեմ եռամեծար կոչեցիր Օշականը. թէ՛ որպես գրագէտ, թէ՛ որպէս ներհուն քննադատ. ներհունը քու բառդ էր:
Կտեսնիք, որ մենք վաղեմի ծանօթներ որպէս՝ եզակիի անցանք, մինչ տան տիրուհին անցած էր գործի սեղան զարդարելու ճիգով մը:
– Խնդրեմ, տիկի՛ն, ես ճաշելու չեմ եկած:
– Բարեկամ պարո՛ն, Հայաստան գտնուած եք, ըսիք և հոս ուսանած, չէ՞ք գիտեր գոնե մեր սովորույթները:
Մերժումս ընդունելի չեղաւ այն պատճառաբանութեամբ, որ ժամը չորսը անցնիլ սկսած էր: Միւս կողմէն չէի նկատած, որ դոքտորը կոնեակի շիշը բերած ու երկու բաժակ լեցուցած էր արդէն ըսելով.-
– Խմենք, որ ախորժակդ բացուի:
– Խմելու մէջ չեմ եղած նշանաւոր, բայց երկու բաժակ պարտադրաբար խմելու խել մը նիւթերու շուրջ զրուցելէ ետք թուղթերս գրքի մը մեջէն հանելով յայտարարեցի.
– Թղթակցութիւն գրելու համար եկած եմ: -Ու առիթէն օգտուելով մատուցի պրոֆեսորին իր սաներուն ողջոյնները:
Մեր զրոյցը թևեր առնելով տևեց երեք ժամ. եթե գրի վերածեմ այդ ժամերը, գրելիքս վիպակի կրնայ վերածուիլ:
Հայաստան գալ, վերջնական մնալու որոշումով և առաջին օրերուն իսկ արժանանալ եղբայրական ընդունելութեան, միայն հոս կրնայ պատահիլ:
Երբ յայտնի դարձաւ նաև, որ հիւրընկալէս տաս տարիով մեծ եմ, աւելի ջերմացաւ մեր տեսակցութիւնը: Ի վերջոյ ծայր առաւ հարցազրոյցը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ տան տիրուհին՝ Ծաղկավարդը. անունին վերջաւորութեան վարդ մը կար, չեմ մոռցած:
Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ 21 դեկտեմբերի 2015-ին: Ընթերցող բարեկամներ, եթէ ձեզի համար կարևոր չէ այս թուականը, ինծի համար կարևոր է, քանի կրնամ յայտնել ձեզի բանաստեղծին մեկ խօսքը – ես այնպէս եմ ելնում իմ տնից, կարծես թէ մտնում եմ իմ տունս:
Նման բաներ Հայաստանի մէջ կրնան պատահիլ: Համաձայն չեղողներէն գոնէ մէկը տեսակետիս դէմ գրիչ շարժէ:
Այսօր հասկցայ, որ պրոֆեսորը ծնած է Գորիսի շրջանի Հարժիս գիւղին մէջ, որ ունեցած է 170 տուն բնակիչ միջնակարգ դպրոցով մը և երկու գրադարանով, որոնց ընթերցումով այդ օրերուն սովահար մնացած է Կիմ որդի Բագրատի Աղաբեկեանը 1938 թուականի ծնունդ:
Հարժիս գիւղի դպրոցը սկիզբը եղած է եօթնամեայ, ապա միջոց մը ետք՝ տասնամեայ: Դպրոցը ունեցած է զոյգ դասարաններ: Ունեցած է կրթեալ և նոյնիսկ համալսարանաւարտ ուսուցիչներ: Երէկի աշակերտ, այսօր դոկտ. պրոֆ. դասախօսը երբեք չէ մոռցած իր հայ գրականութեան գիւղի ուսուցիչ՝ Գրիշա Մանուչարեանը, որ լրջագոյն մարդ էր ու համալսարանական ուսումի տիրացած 1950-ականներուն: Կիմ որդի Բագրատի Աղաբեկեանը խորապէս տպավորուած ըլլալը յայտնեց այդ ուսուցիչէն:
Յայտնի դարձաւ նաև, որ պրոֆեսորին հայագիտութեան մղողը միայն յիշեալ ուսուցիչը չէ, որ եղած է: Այդ դերը կատարած է նաև դոկտորին հայրը, որ Րաֆիին վէպերը անձամբ կարդալէ ետք կը մղէր նաև իր որդին, որ Րաֆֆիի բոլոր գործերը կարդա, Լէոյի պատմագրութեան հատորները:
Որպիսի՜ ոգի պիտի ունենային կանուխէն Րաֆֆիի և Լէոյի գործերը կարդացողները: Այս հարցումին պատասխանը յաջորդ օրերուն ունեցայ պրոֆեսորին ուսանողներէն՝ բոցեղէն հայրենասէր մը:
Չկարծեք, որ դոկտոր Աղաբեկեանը գիւղին դպրոցը աւարտելէ ետք անմիջապէս մուտք գործած է համալսարան: Այդ դպրոցը 1957 թ. աւարտելէ ետք երեք տարի ծառայած է Կարմիր բանակին: Վերադարձ գիւղ, ապա որպէս բանւոր աշխատած է Լենինի անուան ռելէի գործարանին մէջ: Մինչև որ 1961 թ.-ին ընդունուած է որպէս ուսանող Երևանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետին մէջ: Պրոֆեսորը այսօր նոյն համալսարանի դասախօսներէն մէկն է տարիներէ ի վեր:
Քիչ մըն ալ խօսինք դոկտորին հեղինակած երկասիրութիւններուն մասին:
1975-ին մենագրութիւն Գուրգէն Մահարիին մասին, մեծապէս գնահատելով թէ՛ բանաստեղծը, թէ՛ արձակագիրը, յատկապէս Մահարիի «Այրուող այգեստաններ» բացառիկ վէպը: Դոկտոր Աղաբեկեանը 1983-ին լոյսին բերած է «Երեք դիմանկար» հատորը, հոն ընդգրկելով գործերը Մկրտիչ Սարգսեանի, Բաղիշ Յովսէփեանի և Զօրայր Խալափեանի: Քիչ էր այսքանը, պրոֆեսորը 1988-ին երկասիրած է գիրք մը մեր օրերու լաւագոյն արձակագիր Հրանտ Մաթեւոսեանի մասին՝ մենագրութիւն «Ծմակուտի վիպասքը»: Իր խօսքը ունինք նաև «Արդի հայ արձակի զարգացման միտումները 60-ականներին» նիւթէն:
Չմոռնանք, որ դոկտոր Աղաբեկեանը 2010 թ. իր ծանրակշիռ խօսքը ծաւալուն գրքով մը տուած է Յակոբ Օշականի մասին, որմէ օրինակ մը ունենալով, իմ վաղեմի կարծիքը հաստատեցի տրուած նիւթին շուրջ, որուն հաւանաբար կանդրադառնամ դարձեալ:
Չէր բաւէր Կիմ Աղաբեկեանի ծառայութիւնը Երևանի պետական համալսարանին, ու ահա զինք կը տեսնինք երեք յաջորդական տարիներ Պէյրութի մէջ հրավերովը Համազգային կազմակերպութեան՝ որպէս հայագիտութեան դասախօս միութեան բարձրագոյն դպրոցին մէջ- Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր դասախօսներ եղած են Լևոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը:
Սփիւռք -Հայրենիք գործակցութեան մասին կը խօսինք: Այսպէ՛ս կըլլայ գործակցութիւնը. աւելի օգտաշատը՝ երկկողմանի փոխադարձ այցելութիւններով:
Պրոֆեսորը թոյլ չտուաւ իր յարգելի տիկնոջ, որ ան խօսի իր ամուսնոյն պարգևատրութիւններուն մասին, այլ եղածը միակ տողով յայտնուի. պարգևատրուած է բազում մեդալներով: Բայց մէկ հատը շեշտուեցաւ.- Ակսել Բակունցի անուան մետալ Գորիսի մարզպետարանին կողմէ: Համեստափայլ տիկինը կրցաւ աւելցնել ամուսնոյն ծննդեան 75 ամեակին առթիւ Մովսէս Խորենացիի անուան մէտալ, Համալսարանէն ոսկէ մետալ, նոյնը Հայաստանի գրողներու միութենէն:
Դոկտոր Կիմ որդի Բագրատի Աղաբեկեանը բարձր կը գնահատէ Յակոբ Մնձուրիի գործերը: Պրոֆեսորը այս օրերուն աշխատած է Մնձուրիի ստեղծագործութեան շուրջ:
Այս տարի իր նիւթերուն մաս կը կազմեն Վահան Թէքէեան, Շահան Շահնուրը, Յակոբ Օշականը և արևմտահայ գրականութեան այլ դեմքեր:
Մեծ է ծառայութիւնը հայ մշակոյթին Բագրատի և Փառանձեմի որդի Կիմ Աղաբեկեանին, որ իր գործով կը պատկանի հայ մեծերուն շարքին:
Հայաստանը այսօր այլ մեծեր ևս ունի. ողջ ու առողջ գործող մեծեր:
Մի՛ ըսէք Հայաստանի մեծերը գացին, մեծերը գացին, մեծերը չմնացին, մեծեր կա՛ն այսօր ալ: Անոնց մասին խոսողներ չկա՛ն: Ահա թէ ի՛նչ: Այս երկիրը այսօր ու միշտ մեծեր պիտի ունենայ:
Մեր զրոյցը իր աւարտին հասաւ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»-ով, որուն շուրջ պրոֆեսորին կարծիքը աննման է. մեծարել գիտնանք մեծերը զորս ունեցած ենք միշտ և միշտ ալ պիտի ունենանք: