Հերմինէ Նաւասարդեանի գերմաներէն բնագրէ թարգմանած այս գործը 1950-ականներուն Պէյրութի հայ գրական շրջանակներուն մէջ ծանօթ գործ մըն էր: Հայ գրողներ այս Կաֆկա անունը սիրով կը հոլովէին:
Եւ ահա երիտասարդ անուն մը Հերմինէ Նաւասարդեան մեզի կը ներկայացնէ փունջ մը Կաֆկայի առակներէն ու պարադոքսներէն, մղելով ընթերցողները, որ ճանչնան այս հեղինակը, հեղինակ մը, որ իր գործերով մաքնիսացուցած էր բազմաթիւ երիտասարդներ՝ յատկապէս Եւրոպայի մէջ և որուն գործերուն մատչիլ կրցած էին նաև հայ գրողներ:
Մեզի ներկայացուածը քաջալերելի գործ մըն է:
Այս 70 էջերու վրայ տարածուող գիրքին նախաբանին մէջ թարգմանիչ Հերմինէն կը գրէ.- «Կաֆկայի հանճարեղութիւնը նրա պարադոքսալ մտածողութիւնն ու արտասովոր տրամաբանութիւնն է: Նա կարողացել է ներթափանցել մարդկային հոգու այնպիսի խորութիւններ եւ հասնել մարդկային մտքի այնպիսի բարձունքների, որ քչերին է յաջողուել: Իր օրագրային գրառումներից մէկում նա գրում է. «Մարդկանց երրորդ եզերք տրված չէ»: Բայց նա այնքան էր լի երկուսով, որ գոյութեան այլ հնարաւորութիւն չէր մնում»:
Թարգմանիչին այս հաստատումին կը հանդիպինք այս գիրքին էջերուն վրայ:
Ինչպէս Կաֆկան կ’ըսէ թէ մեսիան պիտի գայ երբ ժամանակը անցած է, մեր Մհերը ևս արդեօք որ բանտուած է քարաժայռի մը մէջ, ժամանակը անցնելէ ե՞տք պիտի գայ: Թէ՞ մենք պիտի քանդենք, ճեղքենք սպասումը, դուրս հանենք Մհերը, որ միասին գործենք փոխելու համար վայրենացած այս աշխարհը:
Ամէն տեղ, ամէն գրող ձգտած է, կը ձգտի ու պիտի շարունակէ գործել այնպէս, որ այս աշխարհը վերածուի դրախտի: Դրախտ մը ուրկէ վտարուած էինք և կուզէինք ա՛յս երկիր մոլորակը վերածել դրախտի:
Կաֆկան է ըսողը, որ այլաբանօրէն կը մօտենանք կեանքին, իսկ մենք ևս այլաբանօրէն առած կըլլանք կեանքը:
Մէկը կրնայ չհաւատալ կայսրերու գոյութեան: «Բայց կրկին պիտի ասեմ. չկայ թերևս կայսերը հաւատարիմ մէկ այլ ժողովուրդ ինչպիսին մերն է»:
Պարիսպներ կառուցելը նորութիւն մը չէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ:
Չինական պարիսպէն աւելի հիները կան: Մեր օրերուն Պեռլինը երկուքի բաժնող Պարիսպը և Իսրայէլի կառուցած պարիսպը, որ գոյութիւն չունին արդէն: Բոլոր Կաֆկաները դէմ են պարիսպներու գոյառումին:
«Պարիսպները կայսրերը պահելու համար են»,- գրած է Կաֆկան:
Մարդիկ օր մը Բաբելոնի աշտարակը կառուցել ուզեցին, որ փլաւ: Ի՞նչ էր պատճառը: Ոմանք կարծեցին թէ մարդոց անհամերաշխ ըլլալն էր պատճառը փլուզումին: Կաֆկան կը ճշտէ.- Փլման պատճառը հիմքին խախուտ ըլլալն էր: Ու կ’աւելցնէ.- «Մենք Բաբելոնի փոսն ենք փորում» այսպիսով:
«Մարդիկ պատրանքներու հետևորդ են, այս աշխարհի միապաղաղութիւնը տանել չեն կարողանում: Բայց հիմա, ինչպէս յայտնի է՛ մի բուռ աշխարհ վերցնելով ու մօտիկից նայելով, մի իսկական ողբ է՛ աշխարհի բազմազանութեան հետ բաւականաչափ խոր չխառնուելու մասին»:
Շատեր բարձրացան Արարատի կամ Հիմալայեան լերան գագաթը, բայց կրցա՞ն մնալ բարձր որպէս մարդ, բարձր մնալն էր կարևորը: Բայց բաղեղն ալ կը բարձրանայ ծառն ի վեր, բաղեղ մնալով:
Եկեղեցին: Երբ հոն գազան մը կայ թաքնուած՝ եկեղեցին անկարող կը մնայ կատարել իր սիրոյ պարտականութիւնը. ճառերը ճար գտնել անկարող կ’ըլլան: Այս կուսուցանէ Կաֆկան:
Ո՞վ դատարան կրնայ մտնել երբ դատարանին պահակները միայն դրան առջև նստողները չեն, ներսը ոլորաններու վրայ շա՜տ պահակներ կան, մէկը միւսէն զօրաւոր ու ահարկու. Փորձէ մտնել, կրնա՞ս: Արդարութի՞ւն կը փնտռես, երբ այդ ապրանքէն ոչինչ կայ, ինչպէս գտնես…
Պրոմեթևսը ժայռ դարձաւ ինչպէս հայոց Մհերը: Սպասե՞նք թէ Աստուածները ի՞նչ պատգամ պիտի տան մեզի, երբ պատմութիւնը գիտի կրկնուիլ դար ու դարեր: Կաֆկային պատգամն է ճիշտ:
Պոսէյդոնը ծնած էր աշխատելու համար. ի ծնէ այդ էր իր պաշտօնը: Ամէն մարդ, Պոսէյդոնի պէս պէտք էր կատարէր իր պաշտօնը, այլապէս կը քանդուին աշխարհի հիմքերը:
Սիրէնները լսելի կը դառնան եթէ մարդոց ականջները խցուած չեն ըլլար փամբակով:
Մեծն Աղեքսանդրն անգամ աշխարհակալ, որ ուժ ունէր ու կամք, կանգնած Հելլեսպոնտոսի ափին, մտածեց թէ չէր կրնար փոխել այս անփոփոխելի աշխարհը: Մեծն Աղեքսանդրին կեցուածքը, աւա՜ղ, դաս մը չեղաւ ոչ Նափոլէոնին, ոչ Հիտլէրին և ոչ ալ Ստալինին: Ինչպէ՞ս դաս ըլլար այսօրուան Ամերիկային, որ խորովեց ճաբոնական երկու քաղաք՝ Հիրոշիմա ու Նակազաքի ու մեր օրերուն Արաբական աշխարհը վերածեց դժոխքի:
Ուրուր մը կը կտցէ Կաֆկայի ոտքերը: Անցորդ մը թէ, ինչո՞ւ կը թողուս որ ուրուրը կտցէ ոտքդ: Անուժ եմ,- կըսէ Կաֆկան:Երթամ, զէնքս բերեմ սատկեցնեմ ուրուրը,- կըսէ անցորդը: Մինչև անցորդ Եւրոպան ու Ամերիկան գացին իրենց զէնքերը բերելու, ուրուր թուրքէն ազատեն մեզ, հայութեանը, ուրուր թուրքը պարպած էր մեր երկիրը իր բնիկ տարրէն ու չէր խեղդուած մեր ծով արեան մէջ, քանի Արևմուտքը նիհար թուրքին նոր կեանք պարգևած էր:
Օրէնքներու հարցը Կաֆկայի համար.- «Մեր օրէնքները բոլորին չէ, որ յայտնի են. դրանք գաղտնիք են ազնուական այն փոքր դասի համար, որ իշխում են մեզ…»:
«Սուրհանդակներ»ուն մէջ Կաֆկան կըսէ,- «Մի ընտրութեան հնարաւորութիւն կար. կամ թագաւոր դառնալ, կամ թագաւորի սուրհանդակ: Մանկամտօրէն` բոլորն ուզում էին սուրհանդակներ լինել: Այսպէս, ուրեմն. սուրհանդակներ կան միայն, որ սլանում են աշխարհով մէկ ու կանչում,- ու քանի որ թագաւորներ չկան,- անմիտ լուրեր են միմյանց հաղորդում: Կուզէին վերջ տալ իրենց թշուառ կեանքին, բայց չեն համարձակւում` ծառայութեան երդման պատճառով»:
Այսինքն մարդիկ կը շարունակեն մնալ ստրո՛ւկ:
Ճշմարտութիւնը ըստ Կաֆկայի Սանչօ Պանսայի մասին,- «Սանչօ Պանսան՝ ազատ մի մարդ, սառնասրտօրէն, ու գուցէ նաև պատասխանատուութեան զգացումից, հետևում էր Դոն Կիխոտին իր արշաւանքների ժամանակ` մեծապէս զուարճանալով եւ օգտուելով դրանից մինչև իր օրերի վերջը»:
Կայ տարածուած ուրիշ հարց մը ևս,- ո՛վ որ քննութեան չի կրնար պատասխանել, անցնող գնահատական կը ստանայ: Չէ՞… իր ետէն՝ անշուշտ պատասխան մը կայ:
Բանականութիւնը Ռոպինզոն Կրուզոյին կը փրկէ զինք իր միայնութեան կղզիին վրայ: Ամէն մարդ քիչ մը Ռոպինզօ Կրուզօ է եթէ ունի բանականութիւն: Ահա՛ Կաֆկայի եզրակացությունը:
Տեսնելու համար աղբիւրը, աչք պէտք է ունենաս,- կըսէր մեր ուսուցիչներէն մէկը: Կաֆկան նոյնը կը՛սէ,- Աչքերդ բաց, տես աղբիւրը և խմէ ջուրը կենարար:
Նպատակ ունենալ կը թելադրէ Կաֆկան. ձիդ ո՞ւր կը քշես. միայն հեռանալ այստեղէն, բայց ո՞ւր – միայն հեռանալ…
Շահան Շահնուրն ալ գրած է. – եթէ հեռանալ է նպատակդ, գիտցիր թէ ուղղութիւնդ քեզ կը տանի՞ դէպի նպատակդ…»
Օգտակար խորհուրդներ կուտայ Կաֆկան և ոչ թէ պարադոքսալ ասոյթներ: Կաֆկան լաւ ուսումնասիրած է մարդոց կեանքը. երթալ դէպի ո՞ւր, անյայտը, որ շատ երկար է ու անվէրջ, թէ հասնի՛լ նպատակիդ՝ վերափոխել աշխարհը…
Օգտակար թարգմանութիւն: