Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

ԱՂՕԹՔ
Մեր հայրերուն Աստուա՜ծը
Մարդասէր Աստուած,
Մեր մայրերուն Աստուածը
Ամենակարո՛ղ,
Մեր անապաւէն ռազմահողին մէջ
Անճառօրէն իմաստացած հայութեան միաւորը
Ծունկերով խոնարհ եւ գլուխներով խրոխտ
Ապաւինած զէնքի բազմադարեան կեանքին,
Ծունկերով երկաթ եւ լռութեամբ երկաթ
Ելեր է իր կեանքի ժանգը թլփատելու:
Օրհնաբանուած Երկրի ցաւագալար հողը,
Օրհնաբանուած զէնքի հասցէները բազում
Պիտի դադրի՞ն մարտելէ, որ ալ ոչ թէ յոյսը,
այլ՝ լո՜յս դողայ մեր շրթներու շեմին
Եւ լոյս հանգչի շիրիմին օրհնեա՜լ անմահներուն:

Մեր հայրերուն Աստուածը
վրիժառու Աստուած,
Մեր մայրերուն Աստուածը
բարեխնամ Աստուած,
Բարիքի հիւթ բաշխած Երկրիս ընդերքները
թող անսասա՜ն մնան,
Եւ քաղցրահունչ ձայները որ խրտնեցան յանկարծ
Հրեշտակներ դարձած՝ մեր վէրքերը շոյեն:
Արփիափայլ առաւօտը շաղեցուր մեր վրայ
Զի տառապանքը այս՝ մահապարտի խուցին
Ամէն կողմէ յայտնուող ճակատագրի նման
Ահեղ ձայներ ունի, անլռելի եւ որբ:

Ահեղասաստ Աստուած, Դո՛ւն դատաւոր եղիր,
Եւ հրաւէրն այս մի ընդունիր որպէս ճակատամարտ
կամ անզօրութեան նախճիր,
Այլ՝ դարաւոր երդմամբ իրար զօդուած
Հիմա զիրար քակող ծանրակշիռ ատեան:

Ամենաբարի՛,
Ո՞վ պիտի լսէ ճիչը անմեղներու
Որոնք պարան պարան անցան քուրաներէն բոլոր.
Չծնած մանուկներու հրկիզումը ճզիկ,
Մայրեր զգայազիրկ, ու ոճիրի բազէն
Բազուկներու վրայ եւ աչքերու մէջէն
Քաշած հանած կեանքի տարածութիւնը ցնծուն
որ շինուած էր ձեռամբ մաքրամաքուր ազգի:
Մաքրազարդեալ տուներ, դուռեր դարաճռինչ
Բա՜ց մնացին յանկարծ, անտերունչ ու անխօս.
Փախստական մարդիկ՝ աչքերը մնացին ետ
դէպի պատանութեան փողոցները փոշոտ
Որ ապրեցան ձայնով Դաւթածնունդ ազգի:

Ինչո՞ւ պիտի տունս ձգած՝ ապաստանարան որոնէի,
Ինչո՞ւ պիտի բազմաձայն հնձաններս ցամքէին
Ու ողկոյզները ծիծղուն՝ սարսափէին արեւէն.
Գարունը ձմե՜ռ մնար, եւ ծիծեռնակը այլեւս
Տեղ չգտնէր, շիւղ չգտնէր իր նոր բոյնը շինելու:
Ինչո՞ւ պիտի զսպէի բառերուս հոսքը բերրի,
Վայրի բառեր հասնէին, սլքտային Երկրիս մէջ:

Ապաւինած եմ լեռէ լեռ գաղթած երգերուս գոգին,
Երգեր որոնք մայրերուս օրօրի քաղցրը ունին,
Երգեր որոնք հայրերուս փամփուշտի հոտը կը կրեն.
Երգեր առանց մանկութեան, հիմա արդէն վերածուած
Առասպելի, յաղթերգի, գնդացիրի, դիցութեան.
Երգեր որոնք մանկութենէս ձեռքս բռնած քալեցին
Մեծհօր նման որ գիտէ՜ր ճակտիս օրէնքը դաժան:
ԲԱԶՈՒՄ ՀՐԴԵՀՆԵՐ
Տարաժամ լռութիւնը դուռս չթակած
Անկէզ երազներս խանձարուրել
ապահով տեղ մը հանգչեցնել է միտքս:
Մեր սուգերը այնքան անսահման են
որ աւելի եւ աւելի կրնան սեւնալ.
Տասնամեակներէ ի վեր
Բազմափուլ թակարդները
Քանդեր եմ
Քանդեր եմ
Քանդեր եմ:
Հիմա այս խաւարին մէջ վստահ չեմ
Խօ՞սքս է որ կը քալէ, թէ անոր արձագանգը,
Անմական եւ անխարխափ, բայց թակարդուած իյնալու
Լեզուի չգոյութեան մէջ.
Փրկեցի՛նք յուշերը, բայց լքեցի՜նք անոնց լեզուն:

Թունաժետ սարդերու ոստայնին մէջ ինկած
Երկի՜ր ցաւահագագ,
Գրկած անապատներ արհամարհանքի
եւ բազում հրդեհներ մահուան
Լուսահագ աչքերս կը յիշեն ինչպէս
Դարահալած ծոցիդ մէջ ինկած աղբիւրներս
ցնծացին ափերուդ խանդէն:
Թորգոմածիլ ցնցումէն
Լոյսիս ծիրը ծլթելով ծաղկեալ ոստեր ընծայեց քեզ,
Եւ մեր տան մէջ նորածին
Քաղցրահունչ ձայներ թռվռացին ընդմիշտ:

Կը յիշե՞ս ինչպէս հորիզոնիդ դէմ հրաշէկ
երգեց Նարեկացիս,
Լոխումի պէս բառեր բաշխեց Շահնուրս շէկ,
Խորհրդագեղ աչքեր՝ զողորմութիւնդ վերին
Հայցեցին որ ծնիմ լո՜յսն արեգնակէզ:

Եւ հիմա ոչ թէ ողբս է անցամաքելի
Այլ՝զայրոյթիս մշտահոսքը:
Յոգներ եմ մենամարտէ, մեներգներէ խորին,
Յոգներ եմ քաղցրերգութեան սրբատուփէն արբշիռ,
Անօգուտ է մաղտել մարմինը աղաղակի,
Զոհարեան բարձրահասակ ջրվէժներու ընդդէմ
Ձայնիս վերջին վարակն անգամ
Որպէս ցցապատնէշ
Հաներ եմ որ խրե՛մ:

Ճառակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով
Պատմութեանս դարահիւս դիմագիծը կը քերծեն:
Պատմութիւնս փոշի չէ որ հանգուցեալ ննջէ.
Յիշողութի՛ւն է, ճանապա՜րհ:
Օ՜, ճահուկներ ճարահատ, նենգութեան ձեր զրահը
թող ծակծկեմ բարձրագոռ
Որ սեղանս պահպանեմ, պահեմ ճեղանը ծառիս.
Խնկաշունչ չեն աղօթքներս, ոչ ալ խորանս՝ խաղաղ,
Խրտուիլակներ եկեր են, շղթայ նետեր արեւին
Աչքերդ բա՜ց, Արարատ:

Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի,
Այս ցեղերը ձրձիտ՝ ջղջիկներու նման խաւար փչելով
Մթագներ են ներկաս, Տո՛ւնս քանդել կ’ուզեն:
Իսկ ես կանգնած
Ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին,
Ապաւինած՝ զէնքիս բազմակառոյց թեմին,
Ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին
Բարի բառեր մի՜սպասէր ինձմէ, դարձաւ հոգիս
Աղէտակիր, աղէտահար, աղէտատեաց,
Արարա՛տ, աչքերդ բաց:

Անսաստ էի, ահեղասաստ, եօթանասուն տարի
Ծիրանի տեղ՝ Երկրիս մէջ սուտ-սուտ խօսքեր հասունցան.
Կեղեքուած էր խիղճը, եւ թմրութեամբ զարհուրելի
աքսորեալ էր գուպարս,
աքսորեալ էր լեզո՛ւս:
Մանուկներս լռած էին՝ պապանձած էր լեզուս,
Լռեցուած էին մեծերս՝ պապանձած էր լեզուս:
Այդ սպանդին մէջ մոխիր՝ քոյր եղբայրներս հրակ
Արիւնը կարմիր պահեցին, իսկ Եռագոյնը՝ կանաչ,
Աչքերդ բա՜ց, Արարատ:

Իժալեզու մարդիկ ձգռտալով լկտի
Արեանս քամքէն ետք՝ սահմաններուս պլլուած
Կ’ուզեն հաշտութիւն կնքեմ:
Իժալեզու այրերն այդ՝ Երկրէս ներս թէ դուրս
Չեն ուզեր տեսնել թէ իրե՛նց իսկ ստեղծած
Տանջարանին գամուած խաչափայտ եմ արդէն:
Կը խօսին լուծումիս մասին ոսկի պաղպաղակներ ուտելով,
Բառէ պղպջակներով կը ծածկեն օրերուս եռքը:

Գերեզմաններուս լո՛յսը կը խափանեն հիմա
Ժանտասերմերը՝ պերճասոսորդ սողոսկումով.
Յենած ժողովրդավարութեան սրբանկարին
Սուտ առաջնորդներու ուռած ոտքերուն մէջ
Միայն թարախներ կ’եփին:
Փալփլուն սեղաններու շուրջ ծրագրեր են բզկտել
կամքի ցնցուղներս,
Որոտընդոստ ներբաններս այրել:
Ես ո՛ր մէկը մոռնամ ուղարկուած բիւր-բիւր
մարախներէն մաղձի.
Թալան, աւեր, մղձաւանջ, տարտղնում ու ահագաղթ
Ողջ աշխարհս պատե՜ր են,
Աչքերդ բա՛ց, Արարատ:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։