Ճնճղուկները / Պերճուհի ԱՎԵՏԵԱՆ

Ճնճղուկները կ’ոստոստեն մայթին վրայ, աջ ու ձախ փշրանքներ կ’որոնեն ու անվախ, անցորդներու ներկայութեան անտարբեր կը շարունակեն ամէնօրեայ իրենց փնտռտուքը…
Միթէ՞ ասոնք նոյն այդ ճնճղուկներն են, որոնց ամէն առաւօտ մայրս հացի կտորտանքներ կը նետէր, անոնց թիւը զարմանալի արագութեամբ կը ստուարանար… ու պահ մը կը թուէր թէ Սալիպէ թաղամասի մեր տան դիմացի այս կտուրին վրայ բացօթեայ ճաշկերոյթ կայ:
Տան խոհանոցի պատուհանէն ես կը դիտէի ոստոստող ճնճղուկները, յետոյ հայեացքս կը յառէր Ս. Քառասուն Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ գմբէթին, խաչին ու շրթունքներս կը մրմնջէին «Տէ՛ր… Անսասան Պահեայ Եկեղեցիս»:
Կուշտ ու երջանիկ ճնճղուկները խրախճանքի սեղանէն հեռանալով կ’օրօրուէին ելեկտրական լարերուն վրայ: Կը թուէր, որ եկեղեցւոյ գմբէթն ու խաչը կը հսկեն, ոչ միայն այս անմեղ թռչուններուն, այլ եկեղեցիներով կանգուն ամբողջ տարածքին:
Բայց… եկաւ փոթորիկը: Ցնցեց երկիրը, տիրեց ահաւոր խառնակչութիւն, երկրաշարժ չէր, այլ մարդոց ձեռքով սարքուած քանդում, մարդոց սրտերուն մէջ բոյն դրուած ատելութիւն: Ու եղբայր-եղբօր դէմ ելաւ, հնչեցին կրակոցներ, որոտացին ռումբեր, կազի տակառներ տեղացին քաղաքի անմեղ բնակչութեան վրայ:
«Արաբական գարուն» որակուեցաւ այս խառն վիճակը, գարո՜ւն որ ծայր առաւ ու երկարեցաւ… եղանակները յաջորդեցին իրարու, եկաւ տօթակէզ, կեանքեր խլող ամառը, տերեւաթափին հետ երկրի կառոյցները փլատակներու վերածող աշունը ու սառնափուքախառն բայց հրդեհներ արձակող ձմեռը:
Վայրագութիւններն ու բորբոքած կիրքերը հանդարտելու փոխարէն կը սաստկանային, կը հրահրուէին, խուճապի մատնելով ու դժբախտացնելով երկրի խեղճ բնակչութիւնը, որ չէր հասկնար զո՞վ մեղադրէր, իսկ աշխարհի մեծերը ունէին ծրագրեր, վաճառքի զենքեր, հարուստ արեւելքը ասպատակելու ախորժակ ու հոն տեղաւորուած աշխարհի ընտրեալները պահպանելու պարտաւորութիւնը:

***
Անակնկալ ցնցումներէ կը դղրդար եւ մեր տունը: Կողքի, ճնճղուկներու հաւաքավայր տանիքին վրայ հրասանդի հարուածէն քարակոյտեր երեւացին, անբաժին չձգելով նաեւ մեր տունը… ծուխ, փոշի, մթութիւն ու սարսափ:
Ճնճղուկները անյայտացան… քարակոյտերու վրայ խնճոյք սարքելը կարելի չէր, բայց մենք անդրդուելի կերպով չէինք պատկերացներ լքել եկեղեցիներով սրբացած տարածքը, թաղը, մեր ՏՈՒՆը:
Խոհանոցի պատուհանէն վախորած նայուածքս կը կառչէր եկեղեցւոյ գմբէթին, տեղ-տեղ նկատուող սեւ հետքերը ախտալի փշտիկներու նման կը գուժէին արձակուած դաւադիր փամփուշտները:
Ու դիմացանք երկա՜ր-երկա՜ր ամիսներ վախ, սարսափ, ցնցումներ, աջ ու ձախ տեղացող ռումբերու տարափ.
«Աստուած պիտի պահէ մեզ»:
Մօրս այս խօսքը կը հնչէր իւրաքանչիւր ցնցումէ ետք: Այո՛, Աստուած պահեց մեզ, փրկեց զինք դիպուկահարի փամփուշտէն, որ սակայն մարմնին մէջ տեղ գրաւեց… Տակաւին կը մնայինք անդրդուելիօրէն փարած մեր հօրենական տան:
«Տուն, քաղցրիկ տուն» արտայայտութիւնը, կամ ընդհանրապէս բոլոր առակներն ու ասացուածնքները մարդ արարածը աւելի լաւ կ’ըմբռնէ երբ նոյնանման վիճակը կ’ապրի: Թէեւ կացութեան ծանրակշռութիւնը կը հասկնայինք եւ իւրաքանչիւրս ունէր անհրաժեշտ իրերու իր պայուսակը: Եկաւ անխուսափելի պահը.. քանիցս անել կացութիւններու հանդիման փախուստ տուած ու վերադարձած էինք տուն, սակայն վերջին հրասանդը, որ մխրճուեցաւ առաստաղին ցնցեց ոչ միայն մեզ, այլ այդ օր մեզ այցելած քրոջս ընտանիքը, փոքրիկները… իրաւ որ «Աստուած փրկեց», վերջապէս մենք հասկցանք թէ կիսաքանդ տան մէջ, վտանգին հանդիման ապրիլը խաղ չէր, թէ «Աստուած մարդ արարածին խելք ալ տուած էր»:
Պատերազմը կը շարունակուէր, օրսըստօրէ կը բազմանային քանդուող տուները, անտունիները, թռչող տակառները կ’աւերէին, կը խլէին կեանքեր, զոհեր:
Հեռացանք շալկած մեր պայուսակները… յետոյ… յետոյ ես ու քոյրս կ’այցելէինք մեր կիսաւեր տունը ու անհրաժեշտ իրեր դուրս կը հանէինք մինչեւ… զրկուեցանք պատմական այդ թաղի բնակիչը կոչուելէ:
Թաղը դարձաւ զինուորական, արգիլեալ գօտի: Մենք այլ բնակարանէ-բնակարան շրջող անտուններ:

***
Ճնճղուկները անվախ ու համարձակ կ’ոստոստեն պողոտայի սալայատակին վրայ, մարդիկ, նոյնիսկ փոքրիկները չեն խանգարեր անոնց ուրախ ցատքերը, հոս ո՛չ պայթող տակառներ կան, ո՛չ զինեալ ահաբեկիչներ..
– Բարե՛ւ, ե՞րբ եկաք.- կը հնչէ մտերմիկ ձայնը:
Ծանօթ մըն է, կ’ողջագուրուինք հարազատներու պէս:
– Պիտի մնա՞ք հոս, մենք գալ շաբաթ պիտի անցնինք Պէյրութ Գանատա դիմելու.. երկու տարի է, ալ դիմանալիք չէ:
Ան կը պատմէ մէկ շունչով, զինքը մտիկ ընող գտածի գոհունակութեամբ, թէ աշխատանք չկայ, վարձքերը թանկ են, տուրքերը անտանելի, օժանդակութիւնները անբաւարար.. եւայլն, եւայլն, ու մայթին վրայ, քանի մը վայրկեանուան ընթացքին կը ծանօթանամ ժամանակաւոր հայրենիք կայք հաստատած Հալէպահայերու առօրեային:
– Հայրենիք-մայրենիք փոր չի կշտացներ… ապագադ պիտի մտածես.- կ’եզրակացնէ ան զիս շշմած ձգած ու կը հեռանայ:
Արդէն գաղտնիք ալ չէ, դիմատետրը ողողուած է Գանատա ժամանող սուրիահայերու լուսանկարներով, Գանատական դրօշակը ձեռքերնին ու լայն ժպիտներ շրթունքներուն վրայ ծաղկուն ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐ, տակաւին գովեստներ շռայլողներով սառուցեալ երկիրը աշխատող ձեռքերով լեցնող «մարդասէր ու բարեսիրտ» կառավարութեան հասցէին:
Քանի մը օր ետք ձեռնարկի մը ընթացքին ամերիկայի դեսպանը խօսք առնելով, Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերը պիտի անուանէր «գաղթականներ», մինչ ներկաները հիացմունքով կը ծափահարէին, անոր ներկայութիւնն ու արտասանած խօսքը մեծ պատիւ համարելով…
Հարցումը կը կախուի անպատասխան.
– Մտածեցի՞նք պահ մը փորէն վեր, դէպի ուղեղ բարձրանալ.. տաէշը երկինքէն իջա՞ւ, ո՞վ դաւեց, ո՞վ քանդեց ու հիմա մարդասիրութիւն կը խաղայ: Միթէ՞ հայրենի կառավարութիւնը եւ սփիւռքի պատասխանատուները ձեռք-ձեռքի տալով, կեցութեան ու աշխատանքի հնարաւորութիւնները դիւրացնելով, չէին կրնար «գաղթական» սուրիահայերը Հայաստան պահել, թէ ձեւականութենները բաւարար են… ցուցահանդէսներ, լուսանկարներ, շինծու ժպիտներ ու բազում ելոյթներ:
Անկասկած կան բարեսիրական նախաձեռնութիւններ, փոխարէնը՝ գաղթական ընդունելու հատուցում ու մանաւանդ, օր մը պատմութեան եւ հայու խղճի հանդիման կանգնելու պատասխանատուութիւնը:

***
Կը դիտեմ հայրենաբնակ ճնճղուկները ու կը մտաբերեմ պատմական «Սալիպէ»ն, Քառասուն Մանկանց Մայր տաճառը, մեր բնակարանը, ելեկտրական հոսանքէ զրկուած, ծարաւ ու կաթիլ-կաթիլ արիւնահոսող ՀԱԼԷՊը, հոն դիմացող հարազատներս:
Համոզուած եմ, թէ ամէն սկիզբ կ’ունենայ վերջ, այն ատեն մարդիկ մասամբ կը վերագտնեն իրենց անդորրը, կը կերտեն իրենց ապագան, կ’իրականացնեն երազները..
Մինչ այս ճնճղուկները կը մնան ու կ’ոստոստեն մայթերուն վրայ անվախ, փշրանքներով գոհանալով:

Գրեք մեկնաբանություն

Ձեր էլ․փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են * -ով։