ՊԱՏԿԵՐ
Լուսադողդոջ բարբառով՝ մեր անսասան գոյութեան
Գոհութի՜ւն մատուցանեմ։ Երկի՛ր, կորիզը խօսքիս
Կտրէ, յղէ արգանդիդ, որ ընդերքներդ դարձեալ
Խելապալար չօրօրեն արհաւիրքի նիզակներ,
ահեղ պատրոյգը մահուան։
Թող խօսքիս խազը բեկբեկի, տարուբերի սրտիդ մէջ
Մինչեւ նորէն խարսխէ տապանակը մեր երդման.
Ողջակիզման այս փոշին, ուրկէ գլուխս շուար
Պէտք է անցնի՝ թող փոշին լոյսի սիւնի վերածէ
Կամ բազմախորշ որջի մէջ գալարող մռնչիւնի
Որ իր ձայնի աղեղով սուգի ստուերը կը սպաննէ։
Ի՛նչ հալածելու համար է որ թաքնապիրկ լեզուս
Ահա յանկարծ կը լափլիզէ հրդեհները այսօրուան.
Ո՛չ հեքիաթ կայ ո՛չ կատակ, այլ՝ սրիկայ քրքիջ
Ամրակուռ հեծած ռազմիկ ձիուս բաշին։
Կաքաւները կը ոստնուն լեռնաքարէ լեռնաքար
Աղբիւրներու անքուն սուգին երգի պատառ մը տալու։
Արեւաթոր թոնիրները հեքիա՞թ էին որ չկան,
Ո՞ւր է համբոյրը հայուն, որ գիշերները դարձած հուր՝
Իր շառագոյն երկինքի ծաւի շրթները փակէր։
Հիմա մինակ մնացի հազարամեայ Ծառիս քով,
Եթէ երթամ՝ կը մեռնիմ, Ծառս կը կտրե՛ն,
Կը վերցնեն աշխարհէն, կարծես չկայ, եղած չէր,
Պատկե՛րը լոկ կը մնայ, անլեզու եւ կենդանի։
Ճմռթկուած, գզգզուած, որ յայտնի է՝ օր մը լոյս
Հաւատացեալ մարդիկ սեւեռաբիբ խօսքով
Զայն հանգանակ ըրին կենսաստուած կոչեցեալ,
Եւ զոհուեցան կողին՝ անոր կեանքի դողով։
Ճշմարտութեան ոգիի պէս եւ երազի մարմնի
Հաւատացեալ մարդիկ քրտինք արիւն հագան,
Եւ ցանեցին ցորեն, եւ ցանեցին սերունդ.
Հաւատացեալ կիներ այնտեղ բուռ բուռ բացին
Տագնապի տաք թոնիր եւ գոյութեան մակարդ։
Բազմաթրթիռ սէրեր՝ սիրոյ վաղորդայնին
Ժայռերու նայուածքին տակ ապառաժներ դարձան,
Եւ փամփշտակալը ֆետայիի վագրե՛ց
Մինչեւ Ծառին հագցուց բիւր ծաղիկներ կենաց։
Ծառը ծնծղայ էր մերթ, երբեմն լացի սրինգ,
Մերթ կովկիթի առտու, մերթ աստղերու գաղտնիք.
Յեցակէտի մատեան, մեկնակէտի փամփուշտ,
Մերթ մամրապատ պատեան, մերթ կրակէ կորիզ,
Մոխիրներու ամանակ եւ նուռերու խմբերգ,
Երգի ողկոյզներու ամառնահամ աւիշ,
Ուր կը ծորէր իր աներեր եղելութեամբ՝
Եղեամ եղեամ ծիսահիւթը խորհրդանիշ։
Ահա նկարը ձեռքերուդ մէջ է, ճզմուած, խոնաւ,
Բազում ոստերը մեր թաց արեամբ կենսաբարձ.
Առաջ գլուխդ անո՛ր կը քսէիր մկրտուելու համար,
Առաջ հոն կը նստէիր թոռներուդ խօսելու համար,
Հիւծածորուն նոր արցունքներ խեժացեր են կոճղին։
Նկարը ետ տուր, ըսէ՝ յայտնուէ՛ Ծառ,
Յատնուէ՜ Ծառ, ըսէ.
Ամբողջ շունչովդ, ամբողջ շունչովդ զայն համբուրէ,
Եւ որոտման նման պիտի աղմուկ լսես
Վահագնը կը ծնի, իսկ Աստղիկը հրկէզ
Կը պարուրուի Ծառին, թարմ ու հրաթաթախ։
Պիտի հսկե՛ս Ծառին, որ Վահագնը մեծնայ,
Որ Աստղիկը մեծնայ կենսաթաթաւ ու վէս.
Տարին տասներկու ամիս եւ աւելեաց օրեր
Իր հեռաւոր ոսոխին շունչն իսկ պիտի հսկես։
Թէ ոչ՝ Ծառը նորէ՜ն պատկեր կը դառնայ,
Պատկերը՝ աւերակի նման կը զգետնէ քեզ.
Հսկէ՜ դէցի նման ճակատագրիդ հատու,
Մօտիկ ոսոխին իսկ շունչը պիտի կտրես։
Օրօրուե՜ր եմ նորէն երազներու ճօճքէն,
Ի՞նչ ընեմ երգի գետինը լպրծուն
Որ կ՚անցնիմ կը դառնամ քանի մը ոստումով
Մայրակորոյս զամբիկի պէս՝ առանց գիտակցելու
Թէ առջեւս բացուած անդունդներ կան անդորր…
ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ
Այս այն Երկիրն է, որուն լազուարթ մանրանկարներէն
օրերուս լեռնաշղթան կը գծուէր,
Որ լուսարձակ նշաններով կը խօսէր հետս
մանկութենէս ի վեր
Աւերակներու սեւով եւ Նայիրիի ոսկեգոյնով։
Այն Երկիրն է, ուրկէ ամպերը ալոցագոյն
շարականներու թեւերով կը հասնէին տեսիլներուս։
Գունագեղ քաղաքներու կռթնած
կը քալէի եօթ բերդերու ուղղութեամբ
գաղտնաբար ծամելով անցեալը.
Անտես, որոտամարմին անտառներէ
զգալով ծառերուն շուքերը միայն,
Արտաւազդային արձագանգները։
Օ՜ այդ ջղային անջրպետը
որ կ՚երիզէր երազներուս կութքը.
Լեռնագեղ աշխարհն էր ան
Ուրկէ կանաչ բառեր՝ կը բերէին
հեքիաթունակ անանուխներու ոգին։
Մահասպիտակ մրմուռներով ամբարուեցաւ
վիպաշէն Երկիրս,
Լեռները որ ցաւի տակ կը տնքային
կանգնեցան ֆետայիներու նման.
Սարերը դարձան ուխտ ու տապանակ
ձնծաղիկները՝ շիրմական արցունք։
Ննջեցէ՜ք դուք անդորր
Ցաւի անհոգոց հանգոյցներուն ինկած
զօրեղագոյն սիրոյ դալկացած դէմքեր.
Ո՛չ արիւնոտ պսակ, ո՛չ հերոսի դափնի
Միայն՝ ընդերքներուն փարած կեանքի սերմեր։
Մեր շղթայուած անտառները քակող գգուող
հայու սեւածուխ կեանքի հրափայլ աչքեր,
Ննջեցէ՜ք դուք անդորր
Հեռուներէն հասած այս մեղմապարոյր օրօրով։
Հաջոնց կալը բոլորպար
Խումար մէջը կը խաղար
Ծամեր թալուկ իւր էտեւ
Կը թըռվըռէր շատ թեթեւ
Դաշտեր հովեր մեռեր են
Հաւքեր մտան իրենց բուն
Եւ լուսաստղը քարացաւ
Եւ ամպերը ժաժք ելան
Հրէ միլիոն կայծակներ
Եաթաղանի պէս ինկան…
Ո՞ւր մնացին հայոց աշխարհի մայրամուտներու
դէպի տուն ուղղուող ոտնաձայնները,
Քարը բերք դարձնող
Եւ դողը խաչքար
Եւ Աստուած մասունք,
Մասունքը հայրենի՛ք դարձնող շունչը.
Դժուար շինեցինք, դժուար ապրեցանք,
Ինչո՞ւ դժուար չեղաւ մեր մահուա՛ն հունձքը։
Հայոց աշխարհի մանկական լո՜յսը,
Ծերունիներու յուշն ու Նարեկը,
Դռներու ծափը, փեղկերու կանչը,
Բանալիներու մտերմութիւնը,
Եւ տանիքներու շոգին ու ձիւնը,
Մօր թխած հացը, հօր հին թերթերը
Եւ փոքրիկներու պաղպաջուն խաղը։
Հիմա՝ բակերուն սառած անուրջը,
Վիրաւորներու անձայն տնքոցը,
Խումբ խումբ գլխատուած ծառերու տեսքը,
Անօթիներու աղու նայուածքը,
Հայոց աշխարհի ծերունի ո՜ղբը։
Եղերամայր չեմ որ երգեր հիւսեմ,
Կը քանդուի՛ն բառերս ձայնիս մրմուռէն։
Ես բարեբեկ՝ այս ինքնասոյզ խաւարէն
տառապանքիդ գոնէ գոլը շոգիացնեմ։
Քանի՞, քանի՛ անգամ դեռ մենք
Լոյսի երկինք պիտի հիւսենք
ձայնի կարկտաններով։
ԹՈՅՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ
Ես ուղեւոր չեմ։ Եկեր եմ այստեղ՝ ապրելո՛ւ,
Եկեր եմ ներսը շնչելու
Եկեր եմ թաղելու մահերս, մահերս, մահերս.
Ձեռքդ մեղմելու եթէ բարեկամ ես,
Եկեր եմ օրերդ արիւնելու՝ եթէ անտարբեր ես
տխրութեան հալածանքին։
Ինչու ե՛ս պիտի հալածուիմ դարերու կրակէն,
Ինչո՞ւ ամէն կողմ տանիմ ծուխի երամներս։
Հիմա եկեր եմ զօրաւոր,
Աղօթքներս եւ անէծքներս թաղեր եմ թոներով.
Եկեր եմ մոխրագրելու ցաւդ,
Արեւախունձ բառերով նկարելու կեանքդ,
Եկեր եմ որովհետեւ
Կ՚ապրիմ անմահութեան թոյնով։
Մեր մեծ մեռելները լսած ըլլալուս համար
Ծածուկ տառապանքի դիմաց՝ անծածկելի լեզուով
Եկեր եմ պոռալու՝
ես իմ Երկի՛րս կ՚ուզեմ,
Արեգնաւէտ, ճղակոտոր, արդարութեամբ լոգցած։
Ամէն մարդ բառերով դուռ պատուհան շինեց
ուր կը սնանէին պատրանքի խայթող միջատներ։
Ես Երկիր Երկիր Երկիր շինեցի.
Գերեզմաններէն բուսած գրիչները
առանց դադարի երգեցին
Մինչ մեր նոր ձեռքերը հին դրօշին շուրջ կ՚ապրէին։
Չկուրանալու համար անհաշտ պահելու է մեր աչքերը,
Փակելու է ուղխերը հառաչանքի,
Սառեցնելու է տաքուկ խօսքերու կծիկները։
Ո՞ւր է փրկութիւնը
Գիշերները՝ յուշի եւ յոյսի միջեւ գինովցած երգերէն.
Ինչպէ՛ս ապրեցանք առանց հարց տալու թէ ինչու
միլիոն անգամ մեռնելու
եւ միլիոն անգամ յարութիւն առնելու ենք։
Ո՞ր աջը պահպանեց
մեր հոգեկան գանձերը
մեր նիւթական կորուստներու հեղեղին մէջ։
Դարերով վիշտի ծրարները երկինք ղրկեցինք
-երբ երկինքը յստակ պարապութիւն մըն էր-
Ուրուականչ ծիծառներու եւ կռունկներու հետ խօսեցանք
-զորս կեանքիս մէջ չտեսայ –
Մեր վիրածին ճշմարտութիւնները որբահար մեծցան
քաղաքէ քաղաք, ողական, ուղիղ։
Գոնէ հիմա՛ հայրութիւն ըրէ խօսքիս
Տխրաղի բերկրանքին անոր,
Իր գոյութեան
Քարի նման որ լիճին յատակը կը հասնի
Անոր պորտը ճեղքելով։
Չընես անգամ՝ ես եկեր եմ ապրելո՛ւ,
Ժամանակը լարեր է իր կարթերը,
Խմէ այլեւս, խմէ՜ անմահութեան թոյնը
Որպէսզի դիմանաս տագնապախոց կեանքին,
Որպէսզի տեսնես արեգնաւետ, արդարութեամբ լոգցած
ոսկեհիւս Երկիրը։
Վեհանոյշ Թեքեան
Մեր «բանաստեղծներից» շատերը միայն այսպե՛ս կարող են պաշտպանել իրենց «գոհարները»…
Ենովք Արմէնն ալ նշանաւոր դարձաւ իր թափթփուքներով……
Շնորհակալութի՜ւն։ Ես ալ ունեցայ Ենովք Արմէն մը։
Ծիծաղելի է, որ դուք ձեզ Մ. Մեծարենցի հետ եք համեմատում…
Մեծամտությունը և անլրջությունը լուրջ հիվանդություններ են:
Վերջապէս բան մը ճիշդ ըսիք։ Մեծամտութիւնը եւ անլրջութիւնը անշուշտ լուրջ հիւանդութիւններ են։ Շա՜տ լուրջ։ Փորձեցէք դարմանուիլ։